Տաւութօղլու Աւելի Ազդու Արտաքին Քաղաքականութիւն Մը Կ՛ուզէ
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու երէկ Անգարայի մէջ թուրք դեսպաններու 5-րդ խորհրդաժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ «Թուրքիա այսուհետեւ պատմութեան զարգացման մէջ աւելի ազդու կերպով ներկայ պիտի ըլլայ:
Տաւութօղլու ըսաւ, որ պիտի փորձեն 2012-ը պատմական հոլովոյթին մէջ տեղ մը զետեղել, ապա որդեգրել քաղաքականութիւններ, որոնք պիտի ճշդեն ոչ միայն 2013-ը, այլ նաեւ յառաջիկայ տասնամեակները:
Տաւութօղլու յայտնեց, որ «մենք ժամանակաւոր պատկերներով միտք մը չունինք: Թէեւ հաստատական կրնայ թուիլ, բայց եւ այնպէս, կը հաւատանք, որ հմտութիւն մը ունինք, որ ոչ թէ տարիներէ կը բխի, ոչ թէ տասնամեակներէ, այլ դարերէ»:
Թուրքիոյ դիւանագիտութեան պետը յիշեցնելով, որ խորհրդաժողովը իւրաքանչիւր տարի տարբեր նիւթի մը վրայ կը ծանրանայ, յայտնեց, որ այս տարուան խորհրդաժողովին խորագիրն է «Մարդասիրական դիւանագիտութիւն»-ը:

