Սուրիոյ Ընդդիմութիւնը Քիմիական Զէնքի Ստեղծման Համար Անհրաժեշտ Բոլոր Բաղադրիչները Ունենալը Կը Յայտարարէ. «Թուրքիա Սուրիական Տագնապին Նկատմամբ Մարդասիրական Դիւանագիտութիւն Կը Կիրարկէ» Կ՛ըսէ Տաւութօղլու

«Վեսթի»` վկայակոչելով թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը, կը հաղորդէ, որ Սուրիական ազատ բանակի ներկայացուցիչը յայտնած է, որ ընդդիմութիւնը քիմիական զէնքի ստեղծման համար անհրաժեշտ բոլոր բաղադրիչները ունի:

Ըստ անոր, զինեալ ընդդիմադիրները նշեալ զէնքի ստեղծման համար անհրաժեշտ բոլոր բաղադրիչները ստացած են իրենց կողմը անցած զինուորականներուն շնորհիւ:

Ընդդիմադիրները խոստացած են քիմիական զէնքը օգտագործել միայն այն պարագային, եթէ իրենց հակառակորդները առաջինը զայն օգտագործեն:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու Անգարայի մէջ թուրք դեսպաններու 5-րդ խորհրդաժողովի բացման ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ մարդասիրական կացութեան վատթարացումը Թուրքիան ստիպած է Սուրիոյ հետ իր սահմանները չփակելու եւ սուրիացի տասնեակ հազարաւոր գաղթականներ հիւրընկալելու` աւելցնելով, որ «Թուրքիա սուրիական տագնապին նկատմամբ մարդասիրական դիւանագիտութիւն կը կիրարկէ»:

«Թուրքիա իր դրացիին հետ դռները պիտի չփակէ եւ պիտի շարունակէ այդ երկրին մէջ տեղի ունեցող բռնարարքներէն փախուստ տուող յաւելեալ սուրիացիներ պատսպարել», նշեց ան:

«Այս դիւանագիտութիւնը եռաթեւ է, անոր մէջ ներառուած է` ՄԱԿ-ի հետ աշխատանք տանիլ այդ գաղթականներուն մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրելու եւ 21 ամիսէ ի վեր Սուրիոյ մէջ շարունակուող տագնապին լուծումի մը հասնիլ», ըսաւ ան` ՄԱԿ-ը պատասխանատու նկատելով սուրիական տագնապին շարունակման, որովհետեւ «անկարող է Ապահովութեան խորհուրդին մէջ համաձայնութիւն գոյացնելու որոշումի մը շուրջ, որ վերջ կու տայ Դամասկոսի վարչակարգին իր ժողովուրդին դէմ գործած բռնարարքներուն»:

Ան վստահեցուց, որ Թուրքիա 2013-ին պիտի շարունակէ սուրիական տագնապի լուծման համար իր ջանքերը` 2012-ի կշռոյթով:

Տաւութօղլու յոյս յայտնեց, որ «այս տարուան ընթացքին Սուրիոյ մէջ տեղի ունենան դրական զարգացումներ, որոնք վերջ կու տան այդտեղ շարունակուող ողբերգութեան»:

Միւս կողմէ, Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ռամին Մեհմանփարասթ յայտնեց, որ «մարդկային իրաւունքներու ջատագովները փաստեցին, որ կը մերժեն սուրիական տագնապի ժողովրդավարական միջոցներով եւ ընտրութեան ճամբով լուծումը, որովհետեւ (սուրիացի) ժողովուրդի զաւակներուն կեանքերը իրենց հոգը չեն առած եւ իրենք շրջանին մէջ կայունութեան հաստատման ուղղութեամբ չեն աշխատիր»:

«Այն ինչ որ Արեւմուտքը իր ծրագիրներուն միջոցով կը հետապնդէ նախ եւ առաջ դիմադրութեան օղակը փշրելն է», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «սուրիական վարչակարգի տապալումը այդ ուղղութեամբ մեծ ազդեցութիւն պիտի ունենայ, ուստի կը նկատենք, որ Արեւմուտքը Սուրիա մուտք գործեց իր մեծագոյն կարելիութիւններով, որպէսզի յանուն մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան տարբեր ոճիրներ գործէ»:

Share this Article
CATEGORIES