Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԸՍՏ «Հայաթ» օրաթերթին, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման առաջարկ մը ստացած է երկխօսութեան նիստերուն փոխարէն հաղորդակցութիւններ ունենալու քաղաքական տարբեր կողմերուն հետ` քննարկելու համար կառավարութեան փոփոխութեան կարելիութիւնները:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի Եարզէի մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու սպայակոյտի պետ զօր. Հիուկ Լավալը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի գործակցութեան մանրամասնութիւնները:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ Քլեմանսոյի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլիի հետ: Քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որուն հետ քննարկեց ներքին լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ սուրիական զարգացումները եւ Լիբանանի վրայ անոնց հետեւանքներուն հաւանականութիւնը:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Տորի Շամուն երէկ յայտնեց, որ ինք յաջորդ երեսփոխանական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը պիտի առաջադրէ Շուֆի շրջանէն: Շամուն կոչ ուղղեց կազմելու չէզոք կառավարութիւն մը, որ երկրին կարիքները կը հոգայ:

ՍԱՅՏԱՅԻ ոստիկանութիւնը երէկ յայտնեց, որ Սայտայի մէջ ներքին ապահովութեան ուժերուն հակակշիռէն դուրս եկած է արգելափակեալ մը, որ կը փոխադրուէր դատարան` ներկայ գտնուելու իր դատավարութեան:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատուներէն, նախկին երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ իրենք կը պնդեն, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշգրիտ թուականին կատարուին, նոյնիսկ եթէ ընտրական օրէնքի մը մասին համաձայնութիւն կարելի չըլլայ գոյացնել:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ յայտնեց, որ նախկին նախարար  Ֆուատ Պութրոսի մշակած ընտրական օրինագիծը որոշ բարեփոխումներու կը կարօտի, որպէսզի արդար ընտրական օրէնք մը դառնայ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ յայտնեց, որ կառավարութիւնը ջայլամի քաղաքականութիւն կը վարէ եւ անոր նախարարները ցեղապաշտական վարուելակերպ կը ցուցաբերեն:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Քամել Ռիֆայի շեշտեց, որ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարը ոմանց կողմէ կ՛օգտագործուի անոնց անձնական շահերուն համար:

 

 

Share this Article
CATEGORIES