Ազգային Պայքարի Ճակատ Պլոքի Նախարարները Կ՛այցելեն Արսլանի

Ազգային պայքարի ճակատ երեսփոխանական պլոքի նախարարներ` հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտի, գաղթականներու հարցերու նախարար Ալաէտտին Թըրրօ եւ ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր` ընկերակցութեամբ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Զաֆեր Նասերի` երէկ այցելեցին Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանի, որուն հետ քննարկեցին լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ անոր ներկայացուցին Ժոմպլաթի նախաձեռնութիւնը:

Հանդիպումէն ետք Արիտի յայտնեց, որ Արսլանի հետ յարաբերութիւնները ամուր հիմերու վրայ կը մնան` աւելցնելով, որ անոնք Ժոմպլաթի նախաձեռնութեան վրայ չեն հիմնուած:

Արիտի շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ բոլոր հարցերն ու տագնապները լուծելու միակ միջոցը երկխօսութիւնն է:

«Ուալիտ Ժոմպլաթի պատրաստած նախաձեռնութեան հիմնական նպատակը լիբանանցիներուն միջեւ երկխօսութեան սկզբունքին ամրապնդումն է», ընդգծեց Արիտի:

Ան աւելցուց, որ իրենք քննարկած են նաեւ Սուրիոյ զարգացումներուն վերաբերող հարցերը, ինչպէս նաեւ միջլիբանանեան քաղաքական կացութիւնն ու պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը:

Իր կարգին, Արսլան հաստատեց, որ իրենք կը զօրակցին Ժոմպլաթի նախաձեռնութեան` աւելցնելով, որ երկխօսութիւնն է միջլիբանանեան հարցերն ու քաղաքական լարուածութիւնները լուծելու միակ միջոցը:

Արսլան բարձր գնահատեց Ժոմպլաթի նախաձեռնութիւնը, որ կը միտի լիբանանեան քաղաքական տարբեր ուժերուն միջեւ ձիւնհալ իրականացնել:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )