Զօր. Լահուտ Ընդունեց Սուրիոյ Դեսպանը
Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց Սուրիոյ տագնապին վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումէն ետք Ալի յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ Արաբական Լիկայի եւ ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի եւ բոլոր անոնք, որոնք Սուրիոյ տագնապին մասին յայտարարութիւններ կը կատարեն, կը հիմնուին Ժընեւի հաղորդագրութեան վրայ:
Ժընեւի հաղորդագրութեան մէջ նշուած էր, թէ միջազգային համաձայնութիւն գոյացած է Սուրիոյ բախումները կասեցնելու, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ ահաբեկչական խմբաւորումներուն ֆինանսաւորումն ու զինումը կասեցնելու եւ ի վերջոյ միջսուրիական երկխօսութեան յանգելու առումով:
Ալի յայտնեց, որ Սուրիա եւ անոր նախագահը` Պաշշար Ասատ մնայուն կերպով կոչ ուղղած են երկխօսութեան, «իսկ ահաբեկչութեան դէմ Սուրիոյ դիմադրութիւնը կ՛ապացուցէ վերջինիս զօրութիւնը եւ բանակին հզօր ուժը, ինչպէս նաեւ ժողովուրդին զօրակցութիւնը Սուրիոյ ղեկավարութեան եւ բանակին», ըսաւ ան:
Ալի յայտնեց, որ Սուրիա միշտ զգուշացուցած էր Լիբանանը արաբական, ափրիկեան եւ այլ քաղաքացիութիւններ կրող անհատներուն մուտքէն` նշելով, որ նման նախազգուշութիւններ կը նպաստեն թէ՛ Լիբանանի եւ թէ՛ Սուրիոյ շահերուն:
«Ամէն ինչէ առաջ պէտք է մտածենք ազգային եւ եղբայրական շահերուն մասին, եւ պէտք չէ առիթ տալ, որ ուրիշներ երկրին ապահովական կայունութիւնը թիրախ դարձնեն, ըլլան անոնք գաղթակայաններու թէ այլ մակարդակի ազդակներ: Մենք կը փափաքինք, որ Լիբանան մնայուն կերպով պահէ ապահովական իր կայունութիւնը, որովհետեւ Լիբանանի եւ Սուրիոյ ապահովութիւնն ու կայունութիւնը իրար կ՛ամբողջացնեն եւ երկու երկիրները միասին աւելի զօրաւոր կրնան դիմադրել թշնամի Իսրայէլին», եզրափակեց Ալի:


