Նախորդ Տարուան Ընթացքին Ազրպէյճան 14 Հազար Անգամ Խախտեց Զինադադարի Դրութիւնը
Ըստ բանակի տուեալներու ամփոփագիրին, 2012 թուականի ընթացքին ղարաբաղեան-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ հակառակորդին կողմէ զինադադարի պահպանման դրութիւնը խախտուեցաւ շուրջ 14,000 անգամ. այդ խախտումներուն ընթացքին տարբեր տեսակի հրաձգային զինատեսակներէ հայ դիրքապահներուն ուղղութեամբ արձակուեցաւ աւելի քան 68,700 կրակոց:
Հակառակորդին կողմէ զինադադարի պահպանման դրութեան խախտման աշխուժութիւն յատկապէս նկատուեցաւ պետական նշանակութեան ձեռնարկներու եւ տօնական օրերու ժամանակ ու անոնց նախորդած շրջանին:
Հակառակ հակառակորդին դրսեւորած այսօրինակ աշխուժութեան, բանակի յառաջապահ զօրամասերը ամբողջ տարուան ընթացքին հաւատարիմ մնացին զինադադարի պահպանման դրութեան եւ լիովին վերահսկեցին իրավիճակը հակառակորդին հետ շփման գիծին վրայ` անհրաժեշտութեան պարագային ձեռնարկելով նաեւ կանխարգելիչ գործողութիւններ եւ ստիպելով վերջինիս հրաժարիլ իր նկրտումներէն: