Չիլիցի Էնրիքեզ Մանչեսթըր Եունայթըտէն Փոխ Տրուեցաւ Ուիկընի

Ուիկըն Աթլեթիքի մարզիչ Ռոպերթօ Մարթինեզ յայտարարեց, որ չիլիցի յառաջապահ Անճելօ Էնրիքեզ Մանչեսթըր Եունայթըտէն փոխ տրուեցաւ իրենց կազմին, մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը:

18 տարեկան չիլիցին այս տարեշրջանին սկիզբը մարզիչ Ալեքս Ֆերկըսընի կազմին միացած էր Եիւնիվերսիտատ տը Չիլիէն:

Նշենք, որ Էնրիքեզ նախորդ ամիս Սերպիոյ դէմ տեղի ունեցած ֆութպոլի բարեկամական մրցումին ընթացքին նշանակեց միջազգային իր առաջին կոլը:

Share this Article
CATEGORIES