Անգլիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Եունայթըտի Եւ Սիթիի Միջեւ Կէտերու Տարբերութիւնը Մնաց Անփոփոխ
Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 21-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, իրենց արձանագրած յաղթանակներուն շնորհիւ Մանչեսթըր Եունայթըտ եւ Մանչեսթըր Սիթի յաջորդաբար մնացին առաջին եւ երկրորդ դիրքերուն վրայ, ինչ որ բնականաբար պատճառ դարձաւ, որ անոնց միջեւ կէտերու տարբերութիւնը մնայ անփոփոխ` եօթը, բնականաբար ի նպաստ առաջինին:
Եունայթըտ 4-0 արդիւնքով յաղթեց Ուիկընի, մինչ Սիթի` Սթոք Սիթիի (3-0):
Խաւիէ Ֆեռնանտեզ (35-րդ եւ 63-րդ) եւ Ռոպին Վան Փերսի (43-րդ եւ 88-րդ) նշանակեցին Եունայթըտի չորս կոլերը: Մինչ Սիթիի կոլերը նշանակեցին Զապալեթա (43-րդ), Ծեքօ (56-րդ) եւ Ակուերօ (74-րդ` փենալթիով):
Արսենալ իր դաշտէն դուրս 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Սաութհեմփթընի հետ: Ռամիրեզ նշանակեց Սաութհեմփթընի կոլը (34-րդ), իսկ Փրատօ` Արսենալի կոլը (41-րդ` սխալմամբ իր բերդին մէջ):


