ՖԻՏԷ-ի Նոր Դասաւորման Մէջ Արոնեան Նահանջեց 3-րդ Դիրք
Երեքշաբթի, 1 յունուար 2013-ին, ՖԻՏԷ-ն հրապարակեց աշխարհի նոր ընդհանուր դասաւորումը, անհատական թէ ազգային խումբերուն պարագային:
Հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան 2-րդ դիրքէն նահանջեց 3-րդ դիրք` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 2802 կէտ:
Առաջին դիրքին վրայ կը շարունակէ մնալ նորվեկիացի Մակնիւս Քարլսըն, մինչ երկրորդ դիրքին վրայ է ռուս Վլատիմիր Քրամնիք:
Լաւագոյն հարիւրին մէջ են նաեւ` Վլատիմիր Յակոբեան (42-րդ), Սերկէյ Մովսիսեան (62-րդ), Գաբրիէլ Սարգսեան (79-րդ) եւ Հրանդ Մելքումեան (87-րդ):
Արոնեանի նման նահանջեցին նաեւ Էլինա Դանիէլեան եւ Լիլիթ Մկրտչեան: Առաջինը 5 դիրք նահանջելով այժմ կը գրաւէ 29-րդ դիրքը, մինչ երկրորդը մէկ դիրք նահանջելէ ետք այժմ կը գտնուի 35-րդ դիրքին վրայ:
Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի տղոց հաւաքականին, անիկա այժմ 2658 կէտով կը գտնուի 5-րդ դիրքին վրայ:
Առաջին դիրքը կը գրաւէ Ռուսիա, որուն կը յաջորդեն Ուքրանիա, Չինաստան եւ Ֆրանսա:
Նշենք, որ այս դասաւորումը տեղի կ՛ունենայ` նկատի ունենալով իւրաքանչիւր երկրի առաջին տասը դիրքերը գրաւողներուն դասաւորումը:
Իսկ աղջկանց հաւաքականը կը գրաւէ դասաւորման 17-րդ դիրքը:
Մինչ Արոնեան, Դանիէլեան եւ Մկրտչեան նահանջեցին, անդին Հայաստանի երիտասարդները յառաջխաղացք արձանագրեցին:
Սամուէլ Տէր Սահակեան 8 դիրք յառաջանալով այժմ կը գրաւէ 16-րդ դիրքը: Յովհաննէս Կապուզեան իր կարգին յառաջդիմելով 40-րդ դիրքէն բարձրացաւ 26-րդ դիրք:
14 դիրքի ոստում արձանագրելով Կարէն Գրիգորեան այժմ կը գրաւէ 32-րդ դիրքը:
Առաջին անգամ ըլլալով առաջին հարիւրին մէջ է Ռոպերթ Աղասարեան (84-րդ):
Նշենք, որ ներկայիս Հայաստան 94 միջազգային կոչումով ճատրակ խաղացողներ ունի: Անոնցմէ 34-ը կրանտմասթըրներ են:
Ստորեւ կու տանք Հայաստանի տղոց առաջին 10-ին գրաւած դիրքերը` իրենց ունեցած կէտերով եւ ծննդեան թուականներով.
ԿԷՏ ԾՆՆԴԵԱՆ ԹՈՒԱԿԱՆ
1.- Լեւոն Արոնեան 2802 1982
2.- Վլատիմիր Յակոբեան 2704 1971
3.- Սերկէյ Մովսիսեան 2688 1978
4.- Գաբրիէլ Սարգսեան 2666 1983
5.- Հրանդ Մելքումեան 2656 1989
6.- Տիգրան Պետրոսեան 2648 1984
7.- Ռոպերթ Յովհաննիսեան 2615 1991
8.- Արման Փաշիկեան 2607 1987
9.- Աւետիք Գրիգորեան 2599 1989
10.- Զաւէն Անդրէասեան 2598 1989