Ճատրակ. Զաւէն Անդրէասեան Տիրացաւ Կրոնինկընի Մրցաշարքի Տիտղոսին

Armsport.am հայկական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ հայրենի կրանտմասթըր Զաւէն Անդրէասեան տիրացաւ Կրոնինկընի ճատրակի միջազգային մրցաշարքի տիտղոսին` ապահովելէ ետք 7 կէտ:

Անդրէասեանէն բացի մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ հայրենի այլ վարպետներ: Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին ընդամէնը 91 ճատրակ խաղացողներ:

6 կէտ ապահովելով 9-րդ դիրքը գրաւեց Մհեր Յովհաննիսեան, իսկ 5 կէտ ապահովելով 31-րդ դիրքին վրայ տեսնուեցաւ Վահէ Պաղտասարեան:

Նշենք, որ Անդրէասեանի նման 7-ական կէտ ապահովեցին նաեւ Ալեքսանտր Քովչան եւ Սիփքէ Էռնեսթ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )