Իրան Կը Յայտարարէ, Որ Ամերիկեան Արտադրութեամբ Անօդաչու Երկու Սարքեր Գրաւած Է

Իրանեան ծովուժի համակարգումի հարցերու պատասխանատու ծովակալ Ամիր Ռասթիկարի երէկ յայտարարեց, որ իրանեան ծովուժը սեպտեմբեր 2011-էն ի վեր ամերիկեան «Առ. Քիու-11» տիպի առանց օդաչուի թռչող երկու սարքեր գրաւած է:

Ան իրանեան պետական պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, որ «իրանեան բանակը առաջինը գրաւած է Շահրիոր ամսուան ընթացքին (23 օգոստոս-22 սեպտեմբեր 2011), իսկ երկրորդը Ապան ամսուան ընթացքին (22 սեպտեմբեր-20 հոկտեմբեր 2012)»` աւելցնելով, որ «այդ երկու օդանաւերը բանակի հետազօտութեան կեդրոնի խմբակին ձեռքն են, եւ անոնց պարունակած տեղեկութիւններէն բազմաթիւ տեղեկութիւն կարելի եղաւ ձեռք ձգել»:

 

Share this Article
CATEGORIES