Օպամա Ստորագրեց «Պիւտճէական Վայրէջք»-ը Կանխարգիլելու Օրինագիծը
«Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա ստորագրած է այն օրէնքը, որ պիտի կանխարգիլէ «պիւտճէական վայրէջքը»:
Օպամայի հաստատած օրինագիծը ամերիկացիներուն մեծամասնութիւնը պիտի պաշտպանէ տուրքերու յաւելումէն:
Ըստ որդեգրուած օրինագիծին, որ 1 յունուարին հաստատուած էր Քոնկրեսի երկու պալատներուն կողմէ, պիտի աւելնան տուրքերը այն ամերիկացիներուն, որոնց եկամուտը կը գերազանցէ տարեկան 400 հազար տոլարը, կամ այն ընտանիքներուն համար, որոնց տարեկան եկամուտը 450 հազար տոլարէն աւելի է:
Տուրքերը կ՛աւելնան նաեւ 10 միլիոն տոլարէ աւելի արժէք ունեցող անշարժ գոյքի համար: Այս միջոցառումները ուղղուած են պիւտճէի եկամուտները տասը տարուան ընթացքին 600 միլիառով աւելցնելու:
Միւս կողմէ, «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ «Մուտիզ» վարկանիշային գործակալութիւնը երէկ յայտարարած է, որ հակառակ որդեգրուած օրինագիծին, Միացեալ Նահանգներու տնտեսութեան վարկանիշի անկում կը սպասուի:
«Միացեալ Նահանգները պէտք է աւելի վճռական քայլերու ձեռնարկեն, քան «պիւտճէական վայրէջք»ի յաղթահարումը, որպէսզի ազատին բացասական նախատեսութիւններէն: Պիւտճէի հարցով փոխզիջումային համաձայնութիւն ձեռք բերելը միջին ժամկէտի հեռանկարին մէջ պարտքի սկզբունքային կրճատում չ՛ապահովեր», նշուած է տարածուած հաղորդագրութեան մէջ:
«Մուտիզ» Միացեալ Նահանգներու վարկային վարկանիշի համար բացասական նախատեսութիւն կատարած էր օգոստոս 2011-ին:

