Իսրայէլ Քիմիական Յարձակումներէ Պաշտպանութեան Փորձեր Կը Կատարէ

«Ռաշա Թուտէյ»` յղում կատարելով իսրայէլեան  «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթին, կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի բանակի հրամանատարութիւնը կազմակերպած է պաշտպանական փորձեր, որոնց կը մասնակցին փրկարար ջոկատները, բժիշկները, հիւանդանոցային անձնակազմերը եւ զինուորները: Փորձերուն նպատակը անվտանգութեան տարաբնոյթ սպառնալիքներու դիմակայման նախապատրաստուիլն է, ներառեալ` հրթիռներու եւ քիմիական յարձակումներու:

Այս փորձերը կը ներառեն մինչեւ հազար եւ աւելի վիրաւորներ ընդգրկող, մեծաթիւ վիրաւորներու միջադէպերու կառավարման հմտութիւններ հիւանդանոցներու անձնակազմերու համար: Հիւանդանոցներու մէջ աշխատողները կը պատրաստուին, որպէսզի պատրաստ ըլլան միջին հաշուով 200-700 վիրաւորներու անակնկալ եւ ենթադրեալ հոսքը սպասարկելու:

Քիմիական զէնքի հարուածներու պարագային անհրաժեշտ պատրաստուածութիւն ձեռք բերելու համար փորձերուն կը մասնակցին Իսրայէլի բոլոր 27 բժշկական հաստատութիւնները:

Փորձերու մասին լուրերը տարածուեցան այն բանէն ետք, երբ երէկ Սուրիական ազատ բանակը յայտարարեց, որ այժմ քիմիական զէնք օգտագործելու համար անհրաժեշտ բոլոր բաղադրիչները ունի: Սակայն, Իսրայէլի իշխանութիւնները կը հերքեն փորձերուն եւ սուրիական տագնապին միջեւ կապը:

 

Share this Article
CATEGORIES