Վերահաստատելէ Ետք, Որ Ասատ Չի Կրնար Քաղաքական Փոխանցման Հանգրուանին Մասնակցիլ. «Ռուսիա, Միացեալ Նահանգներ Եւ Իպրահիմի Սուրիոյ Հարցը Պիտի Քննարկեն Յունուարի Կէսերուն» Կ՛ըսէ Նուլընտ

Վիքթորիա Նուլընտ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նուլընտ երէկ յայտնեց, որ Սուրիոյ հարցին շուրջ Միացեալ Նահանգներ – Ռուսիա – Իպրահիմի ձեւաչափով բանակցութիւնները կրնան տեղի ունենալ յունուարի կէսերուն:

«Մենք կ՛ակնկալենք, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի առաջին տեղակալ Ուիլիըմ Պըրնզի, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանովի եւ ՄԱԿ-ի ու Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի միջեւ բանակցութիւնները տեղի ունենան յունուարի կէսերուն», նշեց Նուլընտ:

Պատասխանելով աւելի ճշգրիտ ժամկէտերու մասին հարցումին` ան յիշեցուց Ռուսիոյ մէջ շարունակուող տօնական շրջանը` ուղղափառ եկեղեցւոյ Ս. Ծննդեան տօնէն ետք:

Ըստ Նուլընտի, Ուաշինկթըն առաջուան նման կ՛ակնկալէ, որ Ռուսիա իր ազդեցութիւնը օգտագործէ, որպէսզի Ասատը համոզէ քաղաքականութենէն հեռանալու:

Արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը հաստատեց Միացեալ Նահանգներու տեսակէտը, ըստ որուն, Ասատ չի կրնար քաղաքական փոխանցման հանգրուանին մասնակցիլ: «Մենք մէկ տարիէ աւելի կը խօսինք այդ մասին եւ ոչինչ փոխուած է: Ասատ պէտք է հեռանայ», ըսաւ Նուլընտ: Ան յիշեցուց, որ ՄԱԿ յայտարարեց, որ 2011-էն ի վեր Սուրիոյ մէջ 60 հազար զոհ արձանագրուած է:

Պըրնզի, Պոկտանովի եւ Իպրահիմիի Սուրիոյ հարցով առաջին հանդիպումը տեղի ունեցած էր դեկտեմբեր 2012-ին` Ժընեւի մէջ:

Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ ամերիկեան «Ֆորէյն Փոլիսի» պարբերաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Ռուսիա պէտք է Սուրիոյ մէջ փոխանցման հանգրուանին դերակատարութիւն ունենայ եւ անոր դիտողութիւնները պէտք է նկատի առնուին:

Ան նշեց, որ Թուրքիա սուրիացի ժողովուրդին պահանջներուն կը զօրակցի, սակայն սկիզբէն ի վեր այն կարծիքը ունէր, որ յաւելեալ արիւնահեղութիւնը կանխարգիլելու համար Սուրիոյ մէջ փոխանցման հանգրուանին Ռուսիոյ եւ Իրանի մասնակցութիւնը կարեւոր է:

Կիւլ պնդեց, որ Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ հարցեր չկան, իսկ հարցը այն է, որ սուրիացի ժողովուրդը մարդկային իրաւանց ոտնահարումներու կ՛ենթարկուի:

Միւս կողմէ, ռուսական քաղաքական աղբիւրներ լիբանանեան «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ Իպրահիմի «կրնայ իսկապէս ունենալ անել կացութենէն դուրս գալու պատկերացում մը, որ դուրս չի գար Ժընեւի համաձայնութենէն, որ Մոսկուայի կարծիքով կը շարունակէ լուծման հիմք ըլլալ»:

Աղբիւրները նշեցին, որ Իպրահիմիի ծրագիրը կը բաղկանայ շարք մը կէտերէ` նախ եւ առաջ բախումներու դադրեցում, միջազգային հովանաւորութեամբ զինադադարի հաստատում, որուն զուգահեռ շարք մը միջազգային դէտերու այցելութիւն, ապա կազմութիւնը «փրկութեան փոխանցման կառավարութեան մը», որուն մաս կը կազմեն ներքին եւ արտասահման գտնուող ընդդիմութեան բոլոր հատուածները, ինչպէս նաեւ Պաաս կուսակցութեան քաղաքական ղեկավարներ, կառավարութիւնը կը ստանձնէ կատարել միջազգային հսկողութեամբ ժողովրդավարական ընտրութիւններ` ոչ աւելի ուշ քան վեց ամիս ետք, որմէ ետք իշխանութեան խաղաղ փոխանցում տեղի կ՛ունենայ»:

Ռուսական աղբիւրները կը նշեն, որ Իպրահիմի յաջողած է ներքին ընդդիմութենէն կարգ մը կողմեր համոզելու եւ Մոսկուա իր վերջին այցելութեան ընթացքին փորձած է այս ծրագիրը ներկայացնել իբրեւ Ժընեւի համաձայնութեան չհակասող ծրագիր մը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )