Խմբագիրներու Սենտիքայէն Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Սելիմ Հըսի
Նախկին վարչապետ Սելիմ Հըս երէկ ընդունեց Խմբագիրներու սենտիքայի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ սենտիքայի նախագահ Էլիաս Աունի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանն ու շրջանը յուզող իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Աուն յայտնեց, որ իրենք շնորհաւորած են Հըսը եւ անոր հետ քննարկած լիբանանեան ու արաբական զարգացումները, որոնք նպաստաւոր չեն արաբական աշխարհին համար եւ լաւատեսութեան նշոյլն իսկ չեն ներկայացներ:
Աուն նշեց, որ Լիբանանի մէջ երեսփոխանական ընտրութիւններուն առումով Հըս կը զօրակցի համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած, մեծ ընտրաշրջաններ պարփակող եւ իսլամ ու քրիստոնեայ հաւասարութիւնը պահպանող ընտրական օրէնքին:
CATEGORIES Լիբանանեան


