Ֆայեզ Ղոսըն. «Սուրիացի Գաղթականներուն Թիւին Բարձրացումով Տագնապին Բռնկումը Դարձած Է Մօտալուտ»

Ֆայեզ Ղոսըն

Պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն երէկ յայտնեց, որ լիբանանեան պետութիւնը դէմ յանդիման կը գտնուի լուրջ հարցի մը, որ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն հարցն է: Ան շեշտեց, որ այդ թղթածրարը շատ զգայուն է` նկատի ունենալով ներքին առումով Լիբանանի վրայ անոր ունենալիք հետեւանքները:

Ղոսըն ըսաւ, որ այս թղթածրարին հետ վարուելակերպը կ՛ըլլայ մարդկային եւ ընկերային սկզբունքներու հիման վրայ, «սակայն անիկա ունի նաեւ ապահովական բաժին մը, որ շատ աւելի վտանգաւոր է, եւ այդ պատճառով ալ տարբեր նախարարութիւններ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն լուծումներ գտնելու գաղթականներու թղթածրարին», ըսաւ ան:

Ղոսըն շեշտեց, որ Լիբանան հասած սուրիացի եւ պաղեստինցի գաղթականներու թիւին բարձրացումով տագնապին բռնկումը դարձած է մօտալուտ:

«Մտահոգութիւնը կը կայանայ այն իրողութեան մէջ, որ այդ գաղթականներուն շարքերուն մէջ Լիբանան կրնան մուտք գործած ըլլալ զինեալներ եւ ահաբեկիչներ, որոնք կրնան խախտել երկրին ապահովական կայունութիւնը», նշեց Ղոսըն:

Ան ընդգծեց, որ ներքին լիբանանեան ապահովական կայունութիւնը պահպանելու առումով Լիբանան ոչ մէկ կերպով պիտի զլանայ:

 

Share this Article
CATEGORIES