Շաւարշ Քոչարեան Կ՛արձագանգէ Իլհամ Ալիեւի Ամանորեան Յայտարարութիւններուն

Շաւարշ Քոչարեան

Մեկնաբանելով Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի` Ամանորի գիշերուան իր խօսքին մէջ Հայաստանի տարածքներուն նկատմամբ հնչեցուցած նկրտումները, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Շաւարշ Քոչարեան «Արմենփրես» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Ազրպէյճանի պետութեան տարիքը նոյնիսկ երկու անգամ չի գերազանցեր այդ երկրի նախագահին տարիքը: Շաւարշ Քոչարեան յայտարարեց, որ ատիկա սակայն արգելք չի հանդիսանար  Ազրպէյճանի նախագահին փորձել գոնէ ինքզինք համոզել, որ հազարամեակներու պատմութիւն ունեցող Հայաստանը եւ Արցախը տեղակայուած են ազրպէյճանական պատմական հողերուն վրայ:

Անդրադառնալով Ազրպէյճանի նախագահին խոստումին` այդ երկրին դրօշը ծածանեցնելու Շուշիի եւ Ստեփանակերտի վրայ, արտաքին գործոց նախարարի տեղակալը նշեց, որ միայն ինքնորոշուող Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ հրահրուած յարձակումի տապալման գիտակցման ու Հայտար Ալիեւի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի ղեկավարութեան հետ հաշտութեան բանակցութիւններու նախաձեռնումին շնորհիւ Արցախի դրօշը չի ծածանիր Պաքուի եւ Ազրպէյճանի այլ բնակավայրերուն վրայ:

«Ազրպէյճանի ներկայ նախագահը կ՛ափսոսայ անոր համար եւ կը հրահրէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան բանակը ուղղելու, ինչպէս ան կը կարծէ, այն սխալը, որ իրեն իբրեւ ժառանգութիւն փոխանցուած է նախորդէն», ըսաւ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարարը:

 

Share this Article
CATEGORIES