Նախագահ Սարգսեան Նոր Տարուան Առիթով Այցելեց Պաշտպանական Դիրքեր

Հայաստանի նախագահ, Հայաստանի զինեալ ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Սերժ Սարգսեան Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով 31 դեկտեմբերին այցելեց Հայաստանի պաշտպանական դիրքեր:

Նախագահին ուղեկցեցան Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ. կաթողիկոս եւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան: Նախագահը հետեւեցաւ պաշտպանական սահմաններուն վրայ մարտական հերթապահութեան կազմակերպման եւ զրուցեց զինուորներուն հետ` զանոնք հետաքրքրող հարցերուն շուրջ:

Սերժ Սարգսեան շնորհաւորեց հայոց բանակի զինուորները տօներուն առիթով, յղեց բարեմաղթանքներ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անձնուէր ծառայութեան համար: «Հայ զինուորը կոչում է: Պարտադիր չէ, որ ան ըլլայ խրամատի մէջ կամ գնդացիրը ձեռքին: Կարեւորը այն է, որ մարդը ինքզինք զգայ հայրենիքի զինուոր: Ես կը կարծեմ, որ աւելի բարձր կոչում եւ աւելի մեծ երջանկութիւն չկայ, քան ըլլալ հայրենիքի զինուոր: Ես շատ բան տեսած եմ, հակառակ որ տարիքով այնքան ալ մեծ չեմ. Տեսած եմ մեր ժողովուրդի դժուարութիւնները, տեսած եմ բազմաթիւ ընկերներու կորուստներ, տեսած եմ, թէ ինչպէս բնակավայրեր կը քանդուին: Ամէն ինչ տեսած եմ: Տեսած եմ ընկերներու նուիրուածութիւն, տեսած եմ ընկերներու դաւաճանութիւն: Ամէն ինչ: Բայց, իրապէս, աւելի մեծ բան, քան հայրենիքին ծառայելը չկայ», ըսաւ նախագահ Սարգսեան:

Ծառայութեան ընթացքին իրենց անձնուիրութեամբ եւ խիզախութեամբ յատկանշուած խումբ մը զինուորներ նախագահին կողմէ ստացան նուէրներ:

Նախագահը նաեւ հանդիպում ունեցաւ Արենի գիւղի բնակիչներուն հետ, շնորհաւորեց զանոնք տօներուն առիթով, զրուցեց բնակիչները յուզող եւ հետաքրքրող հարցերուն շուրջ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )