Մանչինի Եւ Պալոթելլի Փորձերու Ընթացքին Կռիւ Ունեցան Իրարու Հետ

Համացանցի կարգ մը կայքէջեր հրապարակեցին Մանչեսթըր Սիթիի վերջին փորձերէն լուսանկարներ, ուր կը տեսնուի, թէ ակումբի մարզիչ Ռոպերթօ Մանչինի եւ յառաջապահ Մարիօ Պալոթելլի կռիւ կ՛ունենան իրարու հետ:

Ըստ շրջան ընող տարաձայնութիւններուն եւ անգլիական մամուլին, վկաներ յայտնած են, որ վիճաբանութեան պատճառը եղած է Պալոթելլիի ոչ մարզավայել կեցուածքը իր խմբակիցներէն մէկուն նկատմամբ. Մանչինի այդ կեցուածքին շատ բուռն արձագանգած է, յարձակած Պալոթելլիի վրայ եւ փորձած զգետնել իտալացի իր ազգակիցը:

Սակայն նկատի ունենալով, որ Պալոթելլի շատ աւելի ուժեղ էր Մանչինիէն, փորձերուն ներկայ գտնուողները իրարմէ բաժնած են երկուքը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )