Սկովտիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Սելթիք Ամրապնդեց Պարագլուխի Իր Դիրքը

Սկովտիոյ ֆութպոլի «փրեմիեր լիկ»-ի ախոյեանութեան 22-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Սելթիք 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Մատըրուելը, ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը: Անիկա այժմ 9 կէտի առաւելութիւն մը ունի Ինվըրնըսի եւ Մատըրուելի վրայ, որոնք ունին 34-ական կէտ:

Նշենք, որ Ինվըրնըս 22-րդ հանգրուանին մրցում չկատարեց:

Վերջին դիրքին վրայ կը գտնուի Տանտի, որ ունի 12 կէտ:

Դասաւորման վիճակը այժմ կը ներկայացնէ հետեւեալ պատկերը.

Յ Հ. Պ. ԿԷՏ
1.- Սելթիք 13 4 4 43
2.- Ինվըրնըս 8 10 3 34
3.- Մատըրուել 9 7 6 34
………………………………….
11.- Ռոս Քաունթի 4 9 7 21
12.- Տանտի 3 3 15 12
Share this Article
CATEGORIES