Սթարիճ Չելսիէն Միացաւ Լիվըրփուլի
Անգլիացի յառաջապահ Տանիել Սթարիճ Եւրոպայի ախոյեան Չելսին լքելով միացաւ Լիվըրփուլի, կը յայտնէ «ՌՈՅԹԸՐԶ» լրատու գործակալութիւնը:
Անոր փոխանցման գումարին մասին ոչինչ յայտարարուեցաւ, ո՛չ ալ ըսուեցաւ, թէ անոր ստորագրած պայմանագրութիւնը քանի տարուան վրայ երկարեցաւ:
Սակայն 23 տարեկան Սթարիճ ըսաւ, որ գոհ է Լիվըրփուլ իր այս փոխանցումով:
CATEGORIES Մարզական