Վարդերես Սամուրղաշեւ Հայաստանեան Քաղաքացիութիւն Ստացաւ
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրով, ռուս հանրածանօթ մարզիկ, յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Վարդերես Սամուրղաշեւ Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստացաւ:
«Թէեւ ծնած եւ մեծցած եմ Տոնի Ռոսթովի մէջ, սակայն ես հայ եմ եւ հպարտ եմ հայ ըլլալուս», ըսած է Սամուրղաշեւ` իր անձնագիրը ստանալէն ետք:
«Ա1+» կ՛եզրափակէ իր հաղորդած լուրը նշելով, որ Սամուրղաշեւ 2000-ի ողիմպիականին հանդիսացած էր ախոյեան:
CATEGORIES Մարզական

