50 Տարի Առաջ (5 Յունուար 1963)
Խմբագրական
Որո՞ւ Համար Կը Ղօղանջեն
Զանգերը
Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ զաւակները վաղը ջերմեռանդ հաւատքով եւ վառ յոյսերով պիտի տօնեն դարձեալ Աստուածորդւոյն ծնունդը:
Աշխարհի գլխուն ծանրացող ահաւոր տագնապի այս օրերուն տառապակոծ մարդկութեան յոյսն է դարձեալ, որ մշտանորոգ երազ մը ինչպէս, կը յաճախէ քրիստոնեայ մարդու հոգին:
Ծնունդի տօներու խորհուրդին մէջ, իյնա՞լ յոռետեսութեան գիրկը, թէ՞ բոլոր փորձութիւններէն վեր, հասնիլ երազային բարձունքներու` որոնելու համար մարդ ըլլալու մեծութիւնը:
– Որո՞ւ համար կը ղօղանջեն զանգերը:
Հին ու գեղեցիկ հեքիաթի մը խորագիրն է այս, որ յամառող հարցումի մը հանգոյն, կը յուզէ մարդու հոգին, երբ կը փորձէ իմաստ տալ օրերու երկար շղթային:
Ղօղանջը զանգերուն պիտի լսեն ու անով հրճուին այն մարդիկն ու ժողովուրդները միայն, որոնք Աստուածայայտնութեան խորհուրդին մէջ կը տեսնեն լաւագոյն կեանքի մը կարելիութիւնը եւ քրիստոնէութեան իմաստը կը փնտռեն լաւագոյնին տենչալու եւ այդ տենչանքը գործնական կեանքի հանգանակ դարձնելու ճիգին մէջ ջերմօրէն հաւատալով անոնց:
Հայ ժողովուրդը հազարամեայ իր պատմութեան ընթացքին եղած է մարդկութեան այս ըմբռնումին հարազատ ներկայացուցիչը: Ու եթէ, հակառակ իր գլխէն անցած բոլոր փորձանքներուն, շարունակած է հաւատալ իր փրկութեան, ատիկա կը պարտի հոգեկան արժէքներուն տուած իր նախապատուութեան:
Քրիստոնէութիւնը եւ անոր դաւանած սկզբունքները մեզի համար եղած են հոգեկան կեանքի ապրում եւ ամէնօրեայ ներկայութիւն: Հայութիւնը քրիստոնէութեան մէջ տեսած է իր խոհերուն եւ աշխարհահայեցութեան հարազատ արտայայտութիւնը եւ դարերով եղած այդ կրօնին նուիրեալ զինուորը:
Զանգերը կը ղօղանջեն անոնց համար, որոնք կը հաւատան, զոհերը չեն կրծող տարակոյսին: Պիտի լսեն անոնք, որոնք կը հաւատան արդարութեան վերջնական յաղթանակին եւ այդ յաղթանակով պայմանաւորուած լուսաւոր ապագային:
Զանգերը կը ղօղանջեն: Հայ ժողովուրդի բերնէն բարձրացող աղօթքի մրմունջները կ՛ելլեն դարձեալ, արդարութեան նոյն պաղատանքով: Դարերէն եկած եւ դարերը գացող ժողովուրդ մըն է, որ կը նոյնանայ խորհուրդին հետ Աստուածայայտնութեան, ծնունդովը նոր յոյսերու եւ երազներու:
Ու վստահ կարելի է ըլլալ, թէ արդարութիւնը պիտի չկարենայ իր երեսը յաւիտենապէս ծածկել մեզմէ:
Պիտի փշրուին գերութեան բոլոր շղթաները եւ անմեղներու ճակատները պիտի պայծառանան արդարութեան յաղթանակով:
Ա՛յս է օրուան խորհուրդը, որ կը լեցնէ հոգիներն անոնց, որոնք, հակառակ բոլոր փորձութիւններուն, հաւատքի կայծով կը բոցկլտան:
Սիրոյ եւ հաճութեան պատգամն է, որ կ՛աւետուի Աստուծոյ տաճարէն` հասնելու համար բոլոր տառապողներուն եւ բոլոր զրկեալներուն:
Խաղաղութեան պատգամն է դարձեալ, որ կ՛արձագանգէ ամէնուրեք, բոլոր կուրծքերէն պոռթկացող աղաչանքի մը հանգոյն:
Հայկական Ճարտարապետութիւն
Անիի Մայր Եկեղեցին Եւ
Անոր Ճարտարապետը
Անին Բագրատունիներուն օրով եղած էր արքայանիստ մայրաքաղաք: Հետեւաբար ան ունէր բազմաթիւ ամրաշէն պարիսպներ, կամուրջներ, պալատներ եւ մանաւանդ` եկեղեցիներ:
Կը պատմուի, թէ երբ Ալփասլան պաշարած էր Անին, հոն 1001 եկեղեցիներ պատարագ կը մատուցէին: Անիի մէջ այժմ կան 5-6 եկեղեցիներու մնացորդներ, ինչպէս նաեւ` վանքեր ու մատուռներ:
Ս. Աստուածածին մայր եկեղեցին կը գտնուի Անիի հարաւ-արեւմտեան կողմի քաղաքին ամենաբարձր կէտին վրայ:
Շինուած է 10-րդ դարուն վերջերը, Բագրատունեաց թագաւորութեան ամէնէն փայլուն օրերուն, համբաւաւոր ճարտարապետ Տրդատի կողմէ:
Տաճարին լայնքն է 21,87 մեթր, իսկ երկայնքը` 34,29 մեթր, բարձրութիւնը մինչեւ խաղին ստորոտը` մօտ 35 մեթր:
Եկեղեցին ունէր երեք մուտք, մէկը թագաւորին եւ հետեւորդներուն համար, միւսը ազնուականներուն, իսկ երրորդը` ժողովուրդին:
Ս. Աստուածածինէն մինչեւ այժմ կը մնան եկեղեցւոյ պատերը, իսկ բոլորովին փլած է կաթողիկէն: Անիի այս եկեղեցին կարելի է հայկական ռոման ճարտարապետութեան կարեւոր նմուշ նկատել:
Շէնքը վեհ տեսք մը ունի դուրսէն, իսկ փառաւոր` ներսէն, նեղ ու երկար սիւներով զարդարուած: Շէնքը գունաւոր քարերով հիւսուած է:
Հպարտութիւն է մեզի համար իմանալ օտար մասնագէտներու գովասանքը այս եկեղեցիին մասին: Արդարեւ, Լինչ, երբ կը խօսի Անիի մայր եկեղեցիին մասին, կ՛ըսէ.
«Մեր կրած տպաւորութիւնը այն է, թէ կը գտնուինք առջեւը գեղարուեստական շատ բարձր արժէք ներկայացնող յիշատակարանի մը, որ յայտարար նշանն է մշակոյթի մը անհամեմատօրէն գերադիր, քան արեւմտեանը»:
Անիի մայր եկեղեցիի մասին այս ծանօթութիւնները տալէ յետոյ կ՛արժէ, որ քանի մը խօսք ալ ընենք անոր ճարտարապետին մասին:
Բագրատունիներու Սմբատ թագաւորը երբ գահ բարձրացաւ 977-ին, բազմաթիւ բերդեր, կամուրջներ, ճամբաներ շինեց կարճ ժամանակի մէջ: Աւելի յետոյ ան ուզեց կանգնել նաեւ փառաւոր տաճար մը: Հրաւիրեց իր մօտ անուանի ճարտարապետ Տրդատը եւ անոր յայտնեց իր փափաքը: Տրդատ չափազանց ուրախացաւ այդ պատեհութեան համար եւ իր բոլոր տաղանդը գործածեց երեւան հանելու համար այս հոյակապ տաճարը: Նոր սկսած էր շինութիւնը, երբ Սմբատի անակնկալ մահուամբ կէս մնաց ան: Տրդատ յուսահատած էր, երբ նոյն թուականներուն իմացաւ, որ մեծ երկրաշարժի մը պատճառով փլեր էր Կ. Պոլսոյ Այա Սոֆիա եկեղեցիի գմբէթը եւ շէնքը ճեղքուեր էր մինչեւ վար:
Տրդատ ճամբայ ելաւ դէպի Պոլիս, ուր օրուան թագաւորը Վասիլ ճարտարապետները հաւաքած էր Այա Սոֆիայի նորոգութիւնը կատարելու համար: Այդ ճարտարապետները ոչ մէկ որոշում կրցած էին տալ, երբ Վասիլի ներկայացաւ Տրդատը` ըսելով, որ ինք պիտի կարենար կատարել գմբէթի վերաշինութիւնը:
Տրդատ առանց ժամանակ կորսնցնելու` սկսաւ գործի, որ վերջացաւ մեծ յաջողութեամբ եւ գմբէթը վերականգնեցաւ աւելի հաստատ, աւելի տոկուն եւ աւելի սիրուն:
Այդ գմբէթը մինչեւ այսօր կանգուն կը մնայ եւ կը ծածկէ Այա Սոֆիան:
Տրդատի այս յաջողութեան լուրը հասեր էր Անի: Կատարինէ թագուհին հրաւէր ուղղեց Պոլիս` Տրդատի, որպէսզի գայ եւ աւարտէ Անիի մայր տաճարը, որուն սկսած էր: Տրդատ հակառակ Վասիլ կայսրի առաջարկած փառքին ու պատիւին` վերադարձաւ Անի եւ աւարտեց շինութիւնը մայր տաճարին:

