Վեց Յունուար

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Մեր օրացոյցին մէջ 6 յունուարը շատ կարեւոր թուական մըն է, որովհետեւ մենք կը տօնենք Ս. Ծնունդը:

Աշխարհին շուրջ քրիստոնեաները նոյն օրը կը տօնեն նաեւ Յիսուսի մկրտութիւնը, մոգերուն ժամանումը…

Հետաքրքրական

Իսկ ժամանակի ընթացքին նաեւ ի՞նչ պատահած է 6 յունուարին:

  • 1494-ին տեղի ունեցած է Նոր Աշխարհին մէջ առաջին պատարագը` Քրիստափոր Քոլոմպոսի ընկերակիցներուն կողմէ, Լա Իզապէլա (Տոմինիքեան Հանրապետութիւն) գիւղին մէջ:
  • 1883-ին ծնած է նշանաւոր գրագէտ եւ գեղանկարիչ Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանը, Պշարրէի մէջ, Լիբանան:
  • 1887-ին ժողովուրդին ներկայացած են նշանաւոր գաղտնի ոստիկանի կերպարը` Շերլոք Հոլմս եւ անոր բարեկամը` տոքթոր Ուաթսըն: Արթըր Քոնան Տոյլի կողմէ գրուած անոր առաջին արկածախնդրութիւնը` «Է սթատի ին սքարլըթ» տպուած է Անգլիոյ մէջ: Հեղինակը իր նախկին ուսուցիչներէն մէկէն ներշնչուած է ստեղծելու համար այս կերպարը: Գաղտնի ոստիկանին արկածախնդրութիւնները պիտի գրաւեն ընթերցողները մինչեւ 1927 թուականը:
  • 1912-ին Նիւ Մեքսիքօ պաշտօնապէս կը դառնայ Միացեալ Նահանգներու 47-րդ նահանգը:
  • 2005-ին Չինաստան պաշտօնապէս կ՛արձանագրէ 1,3 միլիառ բնակիչ: Այս թիւը ամէն տարի կ՛աւելնայ տասը միլիոնով…
  • Այս օրը Մեքսիքա կը տօնէ նաեւ հիւանդապահուհիի օրը:

 

Սառոյցով Ծածկուած
Տարօրինակ
Վայրը

Նոյեմբերի սկիզբէն որմնադիրներ, քանդակագործներ, կահաւորման մասնագէտներ գործի կը լծուին` շինելու եւ կահաւորելու շատ յատուկ պանդոկ մը, Շուէտի հիւսիսը, Լափոնիի մէջ, հիւսիսային բեւեռին մօտ: Ամբողջովին սառոյցէ շինուած այս պանդոկը` «Այսհոթել», կանգուն կը մնայ ամբողջ ձմեռը, մինչեւ որ հալի գարնան:

Քսան տարիներէ ի վեր «Այսհոթել»-ը կը կառուցուի ամէն ձմեռ բեւեռային շրջանին մօտ գտնուող շուէտական փոքրիկ գիւղի մը` Ժուքասժարվիի մէջ: Այս պանդոկը շատ իւրայատուկ է, որովհետեւ անիկա ամբողջովին սառոյցով շինուած է, անոր տանիքը, պատերը եւ նոյնիսկ կարասիները սառոյցէ են: Անիկա ունի 60 սենեակ, որոնցմէ 16-ը սուիթներ են, գրեթէ` փոքր յարկաբաժիններու նման: Պանդոկը օժտուած է նաեւ պարով մը, ցուցասրահով մը եւ նոյնիսկ` պզտիկ մատուռով մը, ուր կարելի է պսակներ կատարել:

«Այսհոթել»-ը եղած է սառոյցէ շինուած առաջին պանդոկը: Անոր յաջորդելով` բազմաթիւ ուրիշ սառոյցէ պանդոկներ կը կառուցուին ամէն ձմեռ Ֆինլանտայի մէջ, Քանատայի մէջ… Սակայն Ժուքասժարվիի պանդոկը ամէնէն մեծ եւ ամէնէն նշանաւորն է:

Ուրկէ՞ Կը Բերուի Սառոյցը

Այս «Այսհոթել»-ը շինելու համար կարիքը կայ մօտաւորապէս 5000 թոն սառոյցի: Այս թիւը հաւասար է 1000 փիղերու ծանրութեան: Այս սառոյցը կը բերուի Թոռն կոչուած մօտակայ գետէն: Անոր ջուրը շատ մաքուր է եւ օժտուած է տարուան երկար ժամանակի ընթացքին սառած մնալու յատկութեամբ:

Մարտին սառոյցի կոյտեր կը հանուին գետէն, ձիւնհալէն անմիջապէս առաջ, եւ անոնք կը պահուին յատուկ սառնարան-մթերանոցներու մէջ մինչեւ աշուն:

Պանդոկին շինութիւնը կը սկսի նոյեմբերի սկիզբը, երբ կը սկսին բեւեռային սաստիկ ցուրտերը: Իրենց հաստ վերարկուներուն մէջ փաթթուած` որմնադիրները սառոյցի կոյտերը կը կազմեն լեկոյի հսկայական խաղի մը նման: Սպասելով, որ իսկական ձիւնը գայ, արուեստական ձիւն կը շինուի: Այս ձիւնին շնորհիւ է, որ սառոյցի կոյտերը իրարու կը փակցուին:

Ինչպէ՞ս Կը Կահաւորուին Սենեակները

Սենեակները կահաւորելու համար ամէն տարի դատական կազմ մը կ՛ընտրէ ամբողջ աշխարհէն արուեստագէտներու եւ քանդակագործներու կողմէ առաջարկուած ծրագիրներէն: Այս ձեւով պանդոկին սենեակները իսկական արուեստի գործեր կը դառնան: Սակայն որպէսզի անակնկալը ամբողջական ըլլայ, ամէն ինչ գաղտնի կը պահուի մինչեւ պանդոկին բացումը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Խաղանք

Ձիւնեմարդ Գծենք

Այս խաղը խաղալու համար անպայման գծագրութեան մեծ ձիրք ունենալը անհրաժեշտ չէ…

Պէտք պիտի ունենաս – 1 զառի, 3 կամ աւելի խաղցողներու, թուղթի եւ մատիտի` իւրաքանչիւր խաղացողի համար:

Ինչպէ՞ս խաղալ

1.- Խաղցողներէն իւրաքանչիւրը իր կարգին զառը կը նետէ:

2.- Խաղցող մը «գծելու» կրնայ սկսիլ, երբ մէկ բերէ: Երբ ան «մէկ» ստանայ, կը գծէ ձիւնեմարդին մարմինը:

3.- Ապա խաղցողները պիտի սպասեն, որ դարձեալ իրենց կարգը գայ եւ փորձեն երկու բերել, որպէսզի կարենան գլուխը գծել: Ձիւնեմարդուն մարմնին տարբեր բաժինները կը գծուին ըստ կարգի` 1, 2, 3, եւ այլն:

4.- Առաջին խաղցողը, որ ճիշդ շարքին հետեւելով` կ՛ամբողջացնէ ձիւնեմարդու իր գծագրութիւնը, կը յաղթէ:

– Մէկ = մարմին, երկու = գլուխ, երեք = գլխարկ, չորս = քիթ, հինգ = աչքեր եւ բերան, վեց = թեւեր:

 

Խոհագիր

Ռուսական Տրանիքի

Ծնունդի սեղանը ճոխացնելու համար դուն ալ կրնաս մասնակցութիւնդ բերել:

Ռուսական ճաշերը ընդհանրապէս բաղկացած են շատ պարզ ուտելիքներէ. ցուրտին պատճառով, հոն մարդիկ չեն կրնար շատ պտուղ եւ բանջարեղէն մշակել: Հետեւաբար գետնախնձորը դարձած է բազմաթիւ ճաշերու գլխաւոր բաղադրութիւնը:

Պէտք ունիս (4 հոգիի համար)

1 մեծ սոխի, 6 գետնախնձորի, 2 ապուրի դգալ ալիւրի, 2 հաւկիթի, թանձր քրեմ ֆրեշի, 2 ապուրի դգալ ձէթի, աղի, պղպեղի:

Պատրաստութիւն

 

1.- Գետնախնձորները կեղուէ եւ լուա՛: Ապա զանոնք տաշէ գործիքին լայն ծակերուն բաժինին վրայ:
2.- Սոխը մանր ջարդէ:

 

 

 

 

 

 

 

5.- Տապակի մը մէջ տաքցուր ձէթը: Ապուրի դգալով մը տապակին մէջ դիր խառնուրդէն պզտիկ գունդեր եւ զանոնք տափակցուր: Տրանիքիները եփէ 5-10 վայրկեան իւրաքանչիւր կողմի վրայ:
6.- Երբ անոնք լաւ կարմրին, պատրաստ կ՛ըլլան: Կրնաս զանոնք հրամցնել քրեմ ֆրեշով:

3.- Խորունկ ամանի մը մէջ խառնէ գետնախնձորը, ալիւրը, մանրուած սոխը եւ հաւկիթները:
4.- Աւելցուր աղը եւ պղպեղը:

 

 

 

 

 

 

 

 

* Կրնաս նաեւ խառնուրդիդ աւելցնել ուրիշ նիւթեր, ինչպէս` խոզապուխտ, ստեպղին կամ տաշուած պանիր:

 

Ժամանց

 

 

Կրնա՞ս օգնել թզուկներուն` գտնելու համար տնակին ճամբան:

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ութ տարբերութիւնները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել վերի իրարու յաջորդող երեք թագերուն շարքը վարի տախտակին մէջ: Կրնաս փնտռել վերէն վար, ձախէն աջ, վարէն վեր:

Կրնա՞ս գտնել իւրաքանչիւր շարքի մէջ միւսներէն քիչ մը տարբեր առարկան:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել ձիւնեմարդուն համապատասխանող շուքը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES