Սուրբ Ծնունդը Հռիփսիմեանց Սիրասուն Մանուկներուն Հետ
Ինչպէս ամէն տարի, Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի մանկապարտէզի սիրասուն մանուկներուն հետ միասին աւանդութիւն դարձած Սուրբ Ծննդեան ուրախալի հանդիսութիւնը այս տարի եւս տարբեր հմայքով եւ իւրայատուկ ներկայացումով նշուեցաւ:
Վարժարանին հանդիսասրահէն ներս, կիրակի, 23 դեկտեմբեր 2012-ի առաւօտեան ժամը 11:00-ին ծնողներու հոծ բազմութիւն մը ներկայ գտնուեցաւ դիտելու Սուրբ Ծննդեան յատուկ հանդէսը:
Ծննդեան գեղեցկահունչ մեղեդիներով եւ շարականներով մանկապարտէզի Ծաղիկ դասարանի աշակերտները ներկայացուցին Յիսուս Մանուկի ծնունդը պատմող թատերակ մը` Աստուածամօր աւետումէն մինչեւ Քրիստոսի ծնունդը:
Հռիփսիմեանց մանկապարտէզի պատասխանատու մանկապարտիզպանուհին` Ծովիկ Ֆեթուլահեան, իր սրտի խօսքը փոխանցելու համար բեմ հրաւիրեց վարժարանիս տնօրէն քոյր Արմինէ Մակարոսեանը, որ ջերմեռանդ բարեմաղթութիւններ յայտնելէ ետք, գնահատեց ժրաջան ուսուցչուհիներուն անձնուրաց աշխատանքը եւ յատկապէս ծնողները, որոնք վստահելով Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի իննսունամեայ առաքելութեան ու վաստակին` իրենց սրտի հատորները յանձնած են այս պատմական կրթական ամրոցին, հայեցի ու քրիստոսավայել ուսումնական դարբնոց` Հայ քոյրերու Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանին:
Տնօրէնուհիին խօսքէն ետք, կենդանի մսուրին դիմաց Ծաղկոցի, Բողբոջի, Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարաններու աշակերտները գունագեղ տօնական զգեստներով հերթաբար բեմ բարձրանալով պարեցին տարբեր-տարբեր Կաղանդի երգերու եւ մեղեդիներու կշռոյթին տակ` մեծապէս հաճոյք պատճառելով հանդիսականներուն, որոնք ծափերու տարափով զմայլած կակուղ թաթիկներով սիրասուն փոքրիկներուն պարերն ու երգերը քաջալերեցին:
Հանդիսութեան աւարտին բոլորին հաճելի անակնկալն էր Կաղանդ մամային եւ Կաղանդ պապուկին ժամանումը, որ աւելի խանդավառեց եւ ցնծութեան մթնոլորտ ստեղծեց ներկաներուն եւ յատկապէս մանուկներուն մօտ:
Շնորհաւոր Սուրբ Ծնունդ եւ Նոր տարի:
ՍՐԲՈՑ ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ
ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

