Ամանոր

ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ

Երկու հազար տասներեք`
Տարին ըլլայ բարեբեր:
Խաղաղութեան զանգակներ
Թող ալ հնչեն ու երգեն
Սիրոյ երգեր բոլորին
Սրտերուն մէջ ցնծագին:
Երկու հազար տասներեք
Տարին չըլլայ անտարբեր
Սփիւռքի մէջ հայերուն
Ցաւերուն հետ աննկուն:
Երեք գիշեր պայթեցան
Պայթուցիկներ խօլական:
Երկնքին մէջ մեր խաւար
Յոյսի լոյսեր վառեցան:
Ճամբաները թաղին մեր
Կոտրուեցան պնակներ
Նաեւ սրտեր, երազներ
Մեկնող տարուան սուտին հետ:

1-1-2013
Լիբանան

Share this Article
CATEGORIES