Անդրադարձ. Շնորհակալութիւն` Մեր Բարերարներուն Եւ Նուիրատուներուն

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

2012 տարին ճամբեցինք համեմատաբար հոգեկան խաղաղութեամբ` մեր գաղութին մէջ հայկական եւ ազգային իմաստով:

Կաղանդը, Նոր տարին ընդհանրապէս յատուկ խորհուրդ մը կ՛ունենայ: Իւրաքանչիւր անձ ակնկալութիւն կ՛ունենայ բարին դիմաւորելու, լաւագոյնը գտնելու: Այսուհանդերձ, կեանքը կ՛ընթանայ իր ուզած ձեւով, իր «քմայքով»:

Այս քանի մը տողերով կ՛ուզենք անդրադառնալ լիբանանահայ մեր կեանքին` անցնող տօնական օրերուն առնչուած:

Գիտենք բոլորս` գեղեցիկ չեն քաղաքական մեր օրերը, տնտեսական եւ ընկերային իմաստով, այսուհանդերձ, յուսալքումի չմատնուեցանք. Նոր տարին կը պահանջէ յարգանք եւ բարեգործութիւն, չմոռնալ անտէր ու լքեալ խաւը մեր ժողովուրդին: Միութենական, եկեղեցական, բարեսիրական մեր կազմակերպութիւնները, մեր բարերարները եղան վեհանձն, բարեսէր, առատաձեռն եւ մեծահոգի: Վկաները եղանք ինքնաբուխ նուիրատուներու վերաբերումին, ոչ մէկ չքաւոր, լքեալ ծերունի, ոչ մէկ որբուկ անտեսուեցաւ:

Եկեղեցիներու թաղական խորհուրդներ, վարժարաններու պատասխանատուներ, բարեսիրական միութիւններ, որոնք արդէն ծանօթ են մեր ժողովուրդին, անհատ բարերարներ, որոնք չարտայայտեցին իրենց ինքնութիւնը, ըստ Աւետարանի պատգամին. «Աջին տուածը ձախը չիմանայ»:

ԼՕԽ-ը իր մասնաճիւղերով բարիք բաշխեց, որքան որ կրնար:

Մանուկները, ծերերը եղան գուրգուրանքի արժանի: Հիւանդներ ունեցան այցելուներ` բարի մաղթանքներ փոխանցող:

Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը խաղալիքներ բաժնեց մեր մանկապարտէզներուն, նոյնպէս շրջուն կաղանդ պապաներով շրջեցաւ Պուրճ Համուտի շուկաներուն մէջ` ճամբեզրի մանուկներուն նուէրներ բաժնելով:

Մեր տարեցներուն համար քաղաքապետութիւնը սարքեց ճաշասեղան՝ «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, գեղարուեստական յայտագիրով, ապա իւրաքանչիւրին բաժնեց նուէրներ եւ ուտեստեղէն: 500 ընտանիքներ ստացան յատուկ կաղանդչէքեր:

Ուրախ էինք, բայց մտահան չէինք ըրած սուրիահայ մեր ազգակիցները` մաղթելով խաղաղութիւն մեր հայրենակիցներուն  եւ համայն Սուրիոյ ժողովուրդին:

Մեր եկեղեցիներուն մէջ մատուցուեցան սուրբ պատարագներ եւ քարոզներ` մաղթելով բարի եւ խաղաղ օրեր մեր հայրենիքին, Ղարաբաղին, համայն սփիւռքի մեր ժողովուրդին:

Շնորհակալութիւն` ծանօթ եւ անծանօթ բարերարներուն, ամէնուն:

Շնորհաւոր Նոր տարի եւ Սուրբ Ծնունդ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )