Մեծերու Դպրոցը, Երիտասարդութիւնը Եւ Մենք
Երբ հայրերը կը վարժուին թոյլ տալու, որ իրենց զաւակները ընեն` ինչ որ կը ցանկան, երբ զաւակները կը դադրին նկատի առնելէ իրենց խօսքը, երբ ուսուցիչները կը դողան իրենց աշակերտներուն առջեւ եւ կը նախընտրեն զանոնք շողոքորթել, եւ վերջապէս, երբ երիտասարդները կ՛արհամարհեն օրէնքները, քանի որ իրենցմէ վեր չեն ճանչնար ոչ մէկ բանի եւ ոչ ոքի հեղինակութիւն, այնուհետեւ հոն կը գտնուի, ամենայն գեղեցկութեամբ եւ ամենայն երիտասարդութեամբ, բռնատիրութեան սկիզբը:
«Հանրապետութիւնը»,
ՊՂԱՏՈՆ (Ն.Ք. 429-437)*
Բարեկամ մը, յիշելով եւ յիշեցնելու համար, քսան հինգ դարերու մոռացման փոշիներու տակէն հանած է Պղատոնի խօսքը եւ` համացանցի ալիքով ղրկած:
Իմաստութիւնը միշտ յաւերժութեան կնիք ունեցած է եւ զայն լսելու համար պէտք է յաղթահարել արգելքները, որոնք մեզ կը բանտարկեն մեզմէ դուրս` զանազան արժէք-հակարժէքներու հպատակելով:
Այդ արգելքները մեզմէ դուրս են, նաեւ` մեր մէջ: Քաղաքակրթութիւնը նոր նուաճումներ կ՛արձանագրէ, որոնք իսկական բարիք կ՛ըլլան, երբ զանոնք կը հակակշռենք, զանոնք կ՛ենթարկենք ընկերային եւ բարոյական արժէքներու: Այլապէս անոնք մեզ կը բանտարկեն մեզմէ դուրս, մեզ կը դարձնեն իրենց գերին, եւ իրենք կը դառնան մեր տէրը: Անհրաժեշտը կը փոխարինուի ոչ միայն ոչ անհրաժեշտով եւ ցուցադրականով, այլ` վնասակարով: Մտածեցէ՛ք ինքնաշարժի մակնիշներու մրցակցութեան, բջիջային հեռաձայնի տիրապետութեան եւ… գեղագիտական գործողութիւններու մասին:
Ժամանակ պիտի գտնե՞նք, պահ մը կանգ առնելով, խորհրդածելու Պղատոնի այնքա՜ն այժմէական խօսքին մասին` սեւեռելով մեր կեանքը, ընկերութիւնը, սերունդները:
Բայց համրանքին բաղդատած` զանգուածի ո՞ր տոկոսը կարդացած է կամ պիտի կարդայ վերեւ արձանագրուած տողերը: Առանց վարանելու պէտք է ըսել` չնչին տոկոսը: Հետեւաբար ճնշող տոկոսը բանտարկուած պիտի մնայ ինքնիրմէ դուրս, եւ պէտք չէ զարմանալ, ոչ ոք կը զարմանայ, որ ընկերութիւնները կ՛ապրին ապակայունացման շրջան մը, հասարակական կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ: Նոյն նաւուն վրայ ենք:
Հետեւանքները ժամանակաւո՞ր պիտի ըլլան, թէ՞ պիտի ծնի նոր հասարակութիւն մը, որ կրնայ ցարդ եղածին հակառակը ըլլալ: Ամէնէն յատկանշականը, ապագայի տեսանկիւնէ, սերունդի դաստիարակութիւնն է, որ բացասական ընթացքի մէջ է, եւ զայն որպէս ամբողջական խնդիր` ոչ ոք կը քննէ, կ՛ուզէ քննել, քանի որ երէցները կը շարունակեն ենթարկուիլ սպառողական ընկերութեան հրամայականներուն (տիքթաթ)` վասն ձեւական եւ թիւրըմբռնուած արդիականութեան, գործնականութեան, որոնք կը վերածուին հրաժարումներու:
Այնպէս է կացութիւնը, որ մեր կարծեցեալ ազատութիւնը սոսկ պղպջակային է: Բազմազգ ընկերութիւնները կ՛որոշեն մեր պահանջները եւ անոնց բաւարարման միջոցները: Այսինքն ազատութիւնները կը նուազին: Այդ նուազումը անխուսափելիօրէն կ՛առաջնորդէ բռնատիրութեան, զինուորական կամ այլ, եւ կը դառնանք երջանիկ ստրուկներ:
«Երբ հայրերը կը վարժուին թոյլ տալու, որ իրենց զաւակները ընեն` ինչ որ կը ցանկան», կ՛ըսէ Պղատոն: Ոչ միայն անոնց ցանկութիւններուն առջեւ թումբ չեն կանգնիր, այլ բաւարարութիւն տալու համար իրենց իսկ հոգեկան բարդոյթներուն եւ սնափառութիւններուն` զանոնք կը ներքաշեն, որ հետզհետէ աւելի եւ աւելի ցանկան ոչ անհրաժեշտը: Եւ երբ անոնց ցանկութիւնները կը բաւարարուին առանց ճիգի, ծնողը կը վերածուի խաղատուներու մեքենաներուն, որոնց կոճակը պէտք է սեղմել, որպէսզի դրամ թափի (մաշին ա սու կամ սլոթ մաշին): Եւ բնական է, որ` «զաւակները կը դադրին նկատի առնելէ իրենց խօսքը», նոյն գիծին վրայ նաեւ ծնողի լիազօրութեամբ գործող ուսուցիչին խօսքը:
Բոլոր մարզերու մէջ, բայց մանաւանդ` կրթութեան, ամէն օր քիչ մը աւելի աճող թողտուական մթնոլորտը հակասութիւնն իսկ է ուսուցիչի դերին: Երբ բջիջային հեռաձայնները կամ զանազան տեսակի արդիական համակարգիչները, գրպանի կամ այլ, «կը դիւրացնեն» գիտնալու կարելիութիւնները, ուսուցիչները կը փորձեն քայլ պահել: Բայց այդ չի նշանակեր շողոքորթել` առանց սեփական իւրացման ճիգի պարտականութիւններ կատարողները, որոնք մինչեւ այսօր կը կոչուէին «բանագողութիւն»: «Թապլեթ»-ներու գործածութիւնը ուսուցման նպաստ կրնայ բերել, եթէ անոնց դերը ճշդուի, դասագիրքը կը զետեղուի անոնց մէջ, բայց անոնք չեն փոխարիներ «սորվելու ընթացքը», որ կ՛ենթադրէ ճիգ եւ յիշողութիւն:
Պէտք չէ անգիտանալ ընկերութեան մէջ զարգացող բացասականութիւններու ազդեցութիւնը: Օրինակ, երբ բնական կը համարուի «միասեռական ընտանիքը», կ՛արտօնուի, որ անոնք զաւակներ որդեգրեն, որոնք պիտի ունենան անբնական կերպով երկու հայր կամ երկու մայր, ինչպիսի՞ սերունդ պիտի հասնի: Նախատեսական ուսումնասիրութիւն չէ եղած: Երբ դպրոցներու մէջ հիւանդապահուհին ամէն առաւօտ աշակերտուհիներ կ՛ընդունի, անոնց կու տայ յատուկ դեղահատ, որպէսզի նախորդ գիշերուան իրենց սեռային յարաբերութիւններուն պատճառով յղի չմնան, բարոյականութեան տախտակները կը քանդուին: Այսօր հանդիսատես ենք ընկերային առաջին բջիջի` ընտանիքի աւերման:
Կրթութիւնը օրէնքի, իրաւունքի գիտութեան, հաւաքական կեանքի եւ հասարակաց արժէքներու դաշտն է: «Վերջապէս, երբ երիտասարդները կ՛արհամարհեն օրէնքները, քանի որ իրենցմէ վեր չեն ճանչնար ոչ մէկ բանի եւ ոչ ոքի հեղինակութիւն, այնուհետեւ հոն կը գտնուի, ամենայն գեղեցկութեամբ եւ ամենայն երիտասարդութեամբ, բռնատիրութեան սկիզբը»: Ինչ որ Պղատոն չ՛ըսեր, այն է, որ բնազդներով առաջնորդուող ընկերութիւն մը կը ծնի, ինչպէս որ է կենդանական աշխարհը ընդհանրապէս, կը հաստատուի այդ բոլորը հակակշռող համակարգ, որ Ճորճ Օրուէլի աշխարհն է, ուր մարդիկ կը դադրին անձ ըլլալէ, կը ճանչցուին թիւերով եւ կը բազմապատկուին ըստ սահմանուած կարիքի:
Կրնա՞նք ընել այնպէս, որ Պղատոնի հին, բայց միշտ նոր մտածումը մեկնակէտ ըլլայ գլխիվայր շրջուած կրթութիւնը (եւ ընդհանրապէս ընկերութիւնը) կանգնեցնելու իր ոտքերուն վրայ:
Այդ ընելու համար հեռանկար պէտք է ունենալ, հոսանքին հետեւիլ եւ կապկել յառաջդիմութիւն չհամարել եւ մերժել քաղաքակրթական բացասականութիւնները եւ արհեստագիտութեան նուաճումներուն հանդէպ որդեգրուող անմիտ ենթակայութիւնը:
Մարդկութիւնը դեռ ամբողջովին չէ ձերբազատած բռնատիրութիւններէ: Անոնց յաղթահարման զուգահեռ, թոյլ պիտի տա՞նք, որ ստեղծուի գիտութեան եւ արհեստագիտութեան նոր բռնատիրութիւնը` մարդուն մէջ մեռցնելով մարդը:
Սխալ չհասկնալ: Հակակշռել գիտութիւնը եւ արհեստագիտութիւնը, զանոնք վերածել բարիքի: Գիտութիւնը եւ արհեստագիտութիւնը ինքնըստինքեան վատ չեն: Մարդն է, որ իշխանատենչութեամբ կամ սնափառութեամբ, զանոնք կը դարձնէ վատ կամ լաւ:
Այս ընտրանքը պարտականութիւն է, ոչ միայն դրացիին համար:
Թող ներուի ըսել, հայուն համար, որուն լեզուն եւ ինքնութիւնը վտանգուած են, եթէ հաւկուրութենէ չի տառապիր:
Կլենտորա, 9 Նոյեմբեր 2012
——————–
*… Lorsque les pères s’habituent à laisser faire les enfants, lorsque les fils ne tiennent plus compte de leurs paroles, lorsque les maîtres tremblent devant leurs élèves et préfèrent les flatter, lorsque finalement les jeunes méprisent les lois parce qu’ils ne reconnaissent plus au dessus d’eux l’autorité de rien ni de personne, alors c’est là en toute beauté et en toute jeunesse, le début de la tyrannie…
Extrait de la République, Platon 429-437 av.JC

