Միշտ Պիտի Յիշենք Քեզ
Մեր շատ սիրելի ընկեր Յովակ,
Զինուորական ծառայութեանդ շրջանը աւարտած էիր մէկ տարիէ ի վեր: Սակայն արձակումդ կ՛ուշանար երկրին տագնապին պատճառով: Եւ դուն կը շարունակէիր բանակին մէջ առաջին սպայի քու ծառայութիւնդ, ոչ թէ վասն պատերազմի, այլ` յանուն խաղաղութեան, երբ միացար Սուրիոյ ազգային բանակի նահատակներու փաղանգին, հա՛յ նահատակ:
Արեւ կեանքդ խաւարեցաւ: Սակայն մի՞թէ անհրաժեշտ էր այս արիւնոտ վկայութիւնդ` փաստելու համար, որ Քեսապը անբաժան մասն է Սուրիոյ, որ քեսապցին իր Քեսապին ընդմէջէն կը սիրէ Սուրիան:
Քեսապը շատ փորձութիւններէ անցած է: Տեսած է 1909-ի աղէտ, տեսած է Մեծ եղեռն: Հաւատացած ենք, որ ան պիտի կարենայ յաղթահարել այս դժուարին հանգրուանն ալ:
Թուրքը այսօր ալ Քեսապի դրանն է, Քեսապի քթին տակն է: Եւ ան նոյն ոճրագործն է, անպատիժ մնացած, էութեամբ օսմանցի, որ հին օրերու մոլեգնութեամբ կ՛աւարէ, կ՛աւերէ, կը քանդէ գեղեցիկ Սուրիան:
Չորս ամիսներ առաջ քեզմէ լուրերը դադրեցան: Բայց մենք կը սպասէինք քեզ, բնաւ բացակայ չդրինք քեզի: Մենք կը շարունակէինք հաւատալ քու վերադարձիդ: Վերադարձար, բայց, ինչպէ՜ս, ոչ թէ վահանով, այլ` վահանի վրայ: Շա՜տ ափսոս: Մեզի համար շատ ծանր է այս դաժան հարուածը:
Ամբողջ Քեսապը կու լայ քեզի համար: Աստուած ի՛նք շաբաթէ մը ի վեր կու լար քեզի համար, տեղատարափ անձրեւի տեսքով: Քեսապը այսօր կու լայ լուռ ու իր սրտէն վիրաւոր: Քեզի ներելի չէ ասիկա, սիրելի՛ Յովակ: Գիտե՞ս` ինչո՛ւ: Չէ՞ որ ամէնէն աւելի դուն էիր, որ ակումբը խինդ ու ծիծաղով կը լեցնէիր, շուրջդ ուրախութիւն կը սփռէիր: Դո՛ւն, որ այնքա՜ն քնքուշ ու նրբանկատ տղայ էիր, այնքա՜ն ժպտուն, այնքա՜ն կենսախինդ, ուրախութեան, երգ ու մեղեդիի սիրահար, ինչպէ՞ս դուն քեզի արտօնեցիր այսքան վիշտ պատճառել ընտանիքիդ, հարազատներուդ, ընկերներուդ, ամբողջ Քեսապին:
Կիթառդ որբ է, Յովա՛կ: Քու առիթով է, որ ցմրուր ըմբռնեցինք այն երգը, որ կ՛երգէինք` «Ա՜խ, ծանր է, շա՛տ ծանր է, ընկեր կորսնցնելը»: Ի՜նչ լաւ է, որ դուն այդ մէկը չտեսար:
Քու կորուստիդ մեծ խորհուրդին առջեւ գլխահակ, մեր ցաւին մէջ` քարացած, մեր ընդվզումին մէջ` իրաւացի, մեր բռունցքները ամուր սեղմած, արար աշխարհին կոչ կ՛ուղղենք. այլեւս բա՛ւ է, վե՛րջ տուէք մեր երկրին մարդկային ամէնօրեայ ծով տառապանքին, թափուող արեան, կանաչ կեանքեր խլող խօլ ու անիմաստ այս անհեթեթ պատերազմին: Մե՛ղք են մայրերը:
Մոռցա՞ր, Յովակ, որ ընկերներով տակաւին երկար ճամբայ պիտի անցնէինք հայրենակերտումի ճամբայ: Ո՞ւր կ՛երթաս այսպէս` մեզ առանձին թողած: Ո՞ւր կը ձգես սէրերդ ու երազներդ: Մեզ զինելու քու այս դառն կատակդ, որ ափսոս` անդառնալի իրականութիւն է, դժուար պիտի կարենանք տանիլ: Բայց կը վստահեցնենք քեզ, որ ասկէ ետք, ամէն անգամ որ տկարանաք մեր հաւատքին մէջ, տատանինք ու ընկրկինք մեր խոստումին մէջ, կամ պարտուողական տրամադրութիւն մեզ պաշարէ, քու յիշատակովդ պիտի վերազինուինք:
Բայց ատկէ առաջ, եւ դուն գիտէիր արդէն, որ կը սպասէինք քեզ, որպէսզի միասին սրբազան ուխտ կատարենք, թէ պիտի շարունակենք այն ճամբան, որ մեզ հասցնելու է Մուշ ու Սասուն, Վան ու Արտահան: Ահա քեզի հետ միասին, բոլորին առջեւ կը յայտարարենք մեր այդ ուխտը, եւ այդպէս, եւ միայն այդպիսով, քեզ ճամբու կը դնենք դէպի յաւերժութիւն: Երթաս բարո՛վ, մեր անգի՜ն ընկեր:
Քու ընկեր-ընկերուհիներդ
23 դեկտեմբեր, 2012

