«Ընտրական Խորհրդարանական Յանձնախումբը Ոչ Մէկ Օրինագիծ Վեթոյի Պիտի Ենթարկէ» Կ՛ըսէ Ռոպեր Ղանեմ
Վարչական եւ արդարութեան հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ռոպեր Ղանեմ յայտնեց, որ ընտրական խորհրդարանական սեղմ յանձնախումբը իր նիստերուն ընթացքին ոչ մէկ ընտրական օրինագիծ վեթոյի պիտի ենթարկէ: Ան նկատել տուաւ, որ կարելի է քննարկել նաեւ կառավարութեան ներկայացուցած օրինագիծերէն բացի այլ օրինագիծեր:
«Մեր հիմնական նպատակը հասարակ յայտարարներ գտնել եւ անոնց շուրջ համախոհութիւն գոյացնել է: Իսկ եթէ ընտրական օրէնքին շուրջ համաձայնութիւն չգոյացնենք, ի՞նչ բանի շուրջ պիտի համաձայնինք», հարց տուաւ Ղանեմ:
Ան հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ փոխադարձ գործակցութեան ձեռք պէտք է երկարել, եւ այդ իմաստով Հըզպալլա պէտք է որոշ քայլերու նախաձեռնէ:
CATEGORIES Լիբանանեան

