Քոնելլի. «Կ՛ողջունենք Սուրիոյ Հետ Սահմանները Բաց Պահելու Լիբանանի Կառավարութեան Որոշումը»

Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլի հանդիպում մը ունենալէ ետք ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլի հետ, բարձր գնահատեց նախարարութեան ի գործ դրած ջանքերը` ուժանիւթի եւ ջուրի մարզերուն բարգաւաճման ի խնդիր:

Քոնելլի ողջունեց Սուրիոյ հետ սահմանները բաց պահելու առումով Լիբանանի կառավարութեան տուած որոշումը, ինչպէս նաեւ գնահատեց լիբանանեան իշխանութիւններուն կողմէ սուրիացի գաղթականներուն պէտքերը հոգալու առումով ի գործ դրուած ջանքերը:

Քոնելլի շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն ներկայացնել իրենց մարդասիրական օժանդակութիւնները:

Ան վերահաստատեց, որ Ուաշինկթըն յանձնառու է ազատ, անկախ եւ գերիշխան Լիբանանի մը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )