Ատնան Մանսուր Իր Մօտ Կանչեց Սուրիոյ Դեսպանը
Հիմնուելով նախանցեալ օրուան կառավարութեան նիստէն բխած որոշումին վրայ` արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր երէկ իր մօտ կանչեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն Սուրիա վերադարձը դիւրացնելու միջոցները, ինչպէս նաեւ այդ նպատակով լիբանանեան-սուրիական միացեալ յանձնախումբ մը կազմելու կարելիութիւնները, որպէսզի կարելի ըլլայ այդ թղթածրարին լուծումը ապահովել երկու երկիրներուն մէջ:
Մանսուր նշեց, որ ինք Արաբական լիկայէն պիտի պահանջէ, որ լիկային անդամ արաբական երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու նիստ մը գումարուի եւ կարելի ըլլայ քննարկել սուրիացի գաղթականներուն հարցով Լիբանանի օժանդակութեան միջոցները:
Մանսուր դիտել տուաւ, որ այդ առումով ինք նամակ մը պիտի յղէ նաեւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապիի:
Իր կարգին, դեսպան Ալի յայտնեց, որ Լիբանան հաստատուած սուրիացի գաղթականները արդէն իսկ սկսած են վերադառնալ իրենց քաղաքներն ու գիւղաքաղաքները` սուրիական վարչակարգին կողմէ այդ շրջաններուն վրայ բանեցուած հակակշիռէն ետք:
Միւս կողմէ, Մանսուր Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելը եւ ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատին, որոնց հետ քննարկեց Լիբանանի եւ վերոնշեալ երեք նախարարութիւններուն հետ կապ ունեցող միջազգային կազմակերպութեան մը միջեւ գործակցութեան համաձայնագիր մը:


