Պքերքէի Մէջ. «Լեռնալիբանանի Հաշտութիւնը Պիտի Ամբողջացնենք Պրիհի Վէրքը Բուժելով» Ըսաւ Ժոմպլաթ

Ժոմպլաթ եւ կարտինալ Ռայի

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Կէս ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Ժոմպլաթ յայտնեց, որ ինք կարտինալ Ռայիի փոխանցած է Պրիհի մէջ հաշտութիւն մը գոյացնելու աւետիսը` նշելով, որ Պրիհի մէջ քրիստոնեայ համայնքին պատկանող կալուածներուն դէմ ոտնձգութիւններուն վերջ պիտի դրուի եւ այս խոր վէրքը պիտի բուժուի:

Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքը Շուֆ կատարած իր հովուապետական այցելութեան ընթացքին իրենցմէ խոստում ստացած է Լեռնալիբանանի հաշտութիւնը ամբողջացնել եւ պատերազմի պատճառած վիշտերուն վերջ մը դնել:

«Պրիհի մէջ գործուած ոտնձգութեան վերջ տալով մենք կը փակենք Լեռնալիբանանի պատերազմին պատճառած բոլոր ցաւերուն էջը եւ կը մաղթենք պաշտօնական հաշտութիւն կնքել Ռայի պատրիարքին եւ հանրապետութեան նախագահին ներկայութեամբ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը պէտք է իմանան, որ փոխադարձ գործակցութեան միակ միջոցը երկխօսութիւնն է:

Նշենք, որ Ժոմպլաթ դարձաւ Պքերքէի ճաշի հիւրը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )