Ս. Ծնունդի Խորհուրդը` Ճանապարհ Փրկութեան

«Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի, որ յայսմ աւուր յայտնեցաւ»:

( Ծննդեան Շարական)

Դարերու խորքէն եւ մեր հայրերու սրտի, մտքի եւ հոգիի զուլալ ակունքներէն բխած սրբազան շարականագիրի այս բառերը կ՛օրհներգեն աստուածայայտնութեան խորհուրդը:

Ս. Ծննդեան խորհուրդը երկնային նախաձեռնութիւն է գերազանցապէս:

Ս. Ծննդեան դէպքը պատահեցաւ երկրի վրայ, բայց անոր սկզբնաւորութիւնը մեզ կը տանի մինչեւ երկինք: Եւ բնական էր, որ  այդպէս ըլլար, որովհետեւ Փրկիչին գալուստը Աստուծոյ կողմէ մարդուն տրուած խոստում էր: Աստուածաշունչը Աստուծոյ այդ խոստումին վկան է: Պօղոս առաքեալ իր կուռ ոճով կ՛ամփոփէ Աստուծոյ խոստումին իրագործումը` ըսելով. «Արդարեւ, Քրիստոս Աստուծոյ բոլոր խոստումներուն «Այո»-ն է» (Բ. Կորնթացւոց 1:20):

Ս. Ծնունդը`  պարզ եւ անշուք մսուրի մը  համեստ պայմաններուն մէջ տեղի ունեցած,  մարդկութեան վախճանաբանական ճակատագիրը որոշող փրկութեան իրականանալուն դէպքն է, որուն տեղի ունեցած պահուն թէեւ երկրի վրայ ոչ ոքի ուշադրութիւնը գրաւած էր, սակայն անոր մէջ կար երկնքի ամբողջ փառքն ու վեհութիւնը: Իսկ ծնեալ Փրկիչին  այցելութեան եկող երկրաւոր միակ այցելուներն ալ` մոգերը եւ հովիւները, երկնային թելադրութեամբ առաջնորդուած էին դէպի Ս. մսուր: Ս. Ծննդեան ատեն աշխարհի վրայ մարդիկ չանդրադարձան, բայց երկինքի մէջ մեծ ուրախութիւն կար: Հասկնալի էր, որ ակնկալելի պիտի չըլլար` ըստ մարդկային կեանքի մեր փորձառութեան,  որ պարզ քաղաքի մը աննշան մէկ վայրին մէջ ծնած մանուկի մը  համար երկրին արքայական պալատի պաշտօնատարները թագաւորութեան տարածքին փողերով յայտարարեն անոր ծնունդը, մինչդեռ երկինքի հրեշտակներու խումբերը աշխարհին կը յայտնէին Փրկիչին յայտնութեան մեծ ուրախութեան լուրը:

Ս. Ծնունդը`  աստուածաշնչական պրիսմակէն դիտած, անկեալ մարդուն փրկութեան հասնելուն աւետիսն է, Փրկիչի յայտնութիւնը` մեր միջեւ: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս պաշարուած բերդի մը մէջ փրկութեան յոյսը կորսնցուցած բնակիչներուն համար կը յայտնուի փրկարար մը, որ պիտի քակէ բերդին պաշարումը եւ խնայէ բերդին բնակիչներուն կեանքը: Այդպէս ալ Փրկիչը` Յիսուս Քրիստոս, Ս. Ծննդեան պահուն կը յայտնուի աշխարհին` բերելով մեղքի աշխարհին մէջ պաշարուած մարդուն կորուստէ ազատագրուելուն բարի լուրը:

Ս. Ծննդեան խորհուրդին Աւետարանի լոյսին տակ բացայայտումը մեզ կ՛առաջնորդէ հետեւեալ իրականութիւններուն.

ա. Ս. Ծնունդի դէպքով Աստուած է, որ մարդը փնտռեց, Աստուած է, որ  հետաքրքրուեցաւ մարդով, եւ Ան է, որ անհասանելի մեծութենէն իջնելով մօտեցաւ մարդուն, որուն մասին Յովհաննէս առաքեալ կ՛ըսէ. «Ոչ թէ մենք սիրեցինք զԱստուած, այլ Աստուած ինք սիրեց մեզ» ( Ա. Յովհաննու 4:10):  Փրկիչը` իբրեւ Աստուծոյ խոստումին իրագործում, եկաւ փրկելու մարդկութիւնը, վերադարձնելու զայն Աստուծոյ ներկայութեան: Ս. Ծննդեան գիշերին, Աստուած վերացուց  Իր եւ մեղաւոր մարդուն միջեւ բարձրացած պատնէշը: Աստուած ինք նախաձեռնեց, որովհետեւ մարդը անկարող էր մեղքին պատճառով իր իսկ բարձրացուցած այդ պատնէշը վար առնելու:

բ. Երկինքէն հրեշտակները աշխարհին աւետեցին, որ «Ձեզի Փրկիչ մը ծնաւ»:  Բայց ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ մարդիկ չանդրադարձան, չիմացան Փրկիչին գալուստին մասին: Արդեօ՞ք իրենց ակնկալած փրկիչը չէր: Ս. մսուրին մէջ մարդեղացեալ Աստուածորդին եկաւ փրկելու մարդուն հոգին եւ ոչ մարմինը: Եկաւ փրկելու այն, ինչ որ Աստուծոյ կը պատկանի: Անոր համար ալ, Ս. Ծննդեան պարզ ու անշուք արտաքին երեւոյթը ցուցանիշ էր, որ Փրկիչին փնտռածը խորքն էր եւ ոչ թէ երեւոյթը եւ արտաքինը: Եւ այս  ճշմարտութեան վկայողը կը հանդիսանայ Պօղոս առաքեալ, երբ Կորնթացիներուն երկրորդ նամակին մէջ կ՛ըսէ. «Մենք մեր ուշադրութիւնը չենք կեդրոնացներ նիւթական իրականութեանց վրայ, հոգեւոր իրականութեան վրայ. որովհետեւ նիւթական իրականութիւնները ժամանակաւոր են, մինչ հոգեւոր իրականութիւնները` յաւիտենական» (Բ. Կորնթացիս 4:18):

գ. Ս. Ծնունդը սկիզբն է մարդուն կեանքի ընթացքը սրբագրելու եւ դէպի յաւիտենական կեանք առաջնորդող կենարար ճամբու մէջ մտնելու` հասնելու համար արարչագործութեան թագը հանդիսացած առաջին մարդուն` Ադամին դրախտային երանական կեանքին: Ս. Ծննդեան աւետիսը ինքնին  հոգեւոր փրկութիւնն է:  Ճշմարիտ եւ յաւիտենական արժէքներու վերականգնումն է: Մարդը մարդուն եսասիրութեան գերութենէն ազատագրումն է: Մարդուն հոգիին վայելչօրէն զարդարուիլն է, որպէսզի կարենայ ներկայանալ Արարիչին: Ինչպէս որ պատշաճ չէ ցնցոտիներով ներկայանալ երկրաւոր թագաւորի առջեւ, նոյնպէս ալ խեղճ եւ տգեղ հոգիով կարելի չէ Երկնաւոր թագաւորին ներկայանալ:

Ս. Ծննդեամբ Փրկիչին գալստեան աւետիսը հրաւէր մըն է մեզի մեր կեանքերը ճշմարտութեանց, արժէքներու վրայ հաստատելու, քան թէ` նիւթական եւ արտաքին ճոխութեանց եւ հարստութեանց: Փրկութիւնը` արժէքներու եւ յաւիտենական ճշմարտութեանց մէջ կը կայանայ:

Ազգեր կը գոյատեւեն սրբութիւններու, բարոյական արժէքներու պահպանութեամբ:  Ս. Ծննդեան առիթով, մարդացեալ Փրկիչին նուէրը մարդուն Աւետարանն է` աստուածային յաւիտենական ճշմարտութեանց գանձարանը, որ նիւթապաշտութեան եւ անձնապաշտութեան այս ժամանակներուն, լուսաւոր եւ պայծառ  կը պահէ մեր միտքն ու հոգին`  ճանչնալու զԱստուած:

Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ
Մեծ աւետիս:

ԳԵՂԱՄ  ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ

5 յունուար, 2013

 

Share this Article
CATEGORIES