Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտնեց, որ Լիբանանի աղջկանց ազգային խումբը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 5-9 յունիսին Ամմանի մէջ (Յորդանան) տեղի ունենալիք Ասիոյ բաժակի մրցաշարքի զտումի մրցումներուն:

Լիբանան, որ մաս կը կազմէ Ա. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Ուզպեքիստանը, Յորդանանը եւ Քուէյթը:

Ֆետերասիոնը իր հաւանութիւնը տուաւ, որ Լիբանան իր մասնակցութիւնը բերէ յառաջիկայ մարտին Իրանի մէջ տեղի ունենալիք Արեւմտեան Ասիոյ Պիչ-ֆութպոլի մրցաշարքին, որ տեղի պիտի ունենայ առաջին անգամ ըլլալով:

Բնականաբար վաւերացուեցան նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած ախոյեանութեան մրցումներուն արդիւնքները:

Իր անկարգապահ համակիրներուն պատճառով Ախա Ահլի Ալէյ հինգ հարիւր հազար լիբանանեան ոսկի տուգանքի ենթարկուեցաւ:

Գ. դասակարգին մաս կազմող Ամալ Մաարաքէի մարզիկներէն Մոհամետ Նապուլսի մէկ տարիով կախակայուեցաւ` իրաւարարին զարկած ըլլալուն համար:

Ինչ կը վերաբերի այս շաբաթավերջին ախոյեանութեան գծով տեղի ունենալիք մրցումներուն, անոնք պիտի կատարուին հետեւեալ յայտագիրին հիմամբ.

 

Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳ
4-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻ ՅԵՏԱՁԳՈՒԱԾ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐ
ԱՅՍՕՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Ախա Ահլի Ալէյ – Թատամոն Սուր 2:15 Պհամտուն
Շապապ Ղազիէ – Շապապ Սահել 2:15 Քֆարժոզ
Թրիփոլի – Ահտ 2:15 Ֆուատ Շեհապ
Սաֆա – Անսար 3:30 Սայտա
 

ՎԱՂԸ

Սալամ Սուր – Ռասինկ 2:15 Սուր
Նըժմէ – Իժթիմահի 3:30 Սայտա
 

Բ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ
9-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐ

ԱՅՍՕՐ ԺԱՄ   ԴԱՇՏ
ՀՄՄ – Նահտա Պար Էլիաս 2:15 Սաֆա
Մաուատտէ Թրիփոլի – Ահլի Սայտա 2:15 Թրիփոլի
 

ՎԱՂԸ

Սալամ Զղարթա – Շապապ Թրիփոլի 2:15 Զղարթա
Նեպի Շիթ – Ռիատա Ուալ Ատապ 2:15 Նեպի Շիթ
Սաժես – Իսլահ Պըրժ Շիմալի 2:15 Նըժմէ
Մապարրա – Հարաքեթ Շապապ 2:15 Սաֆա
Ֆաժըր Արապսալիմ – Ահլի Նապաթիէ 2:15 Արապսալիմ
Share this Article
CATEGORIES