Լիբանանի Ֆութպոլի Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ 3-0 Արդիւնքով Պարտութիւն Մը Կրեց Իր Հիւրէն` Թատամոն Պէյրութէն
Երէկ` ուրբաթ 4 յունուարին, Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանի բացման մրցումներուն ծիրին մէջ տեղի ունեցան երկու հանդիպումներ:
Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը, որ մաս կը կազմէ Ա. խմբակին, հիւրընկալեց Թատամոն Պէյրութը: Հիւր կազմը ապահովեց մրցումին երեք կէտերը` 3-0 արդիւնքով (կիսախաղ` 0-0) պարտութեան մատնելով ՀՄԸՄ-ը:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն Յակոբ Տօնապետեան մրցումը չկրցաւ շարունակել` նկատի ունենալով, որ ան Ա. կիսախաղին աւարտին վիրաւորուեցաւ:
Երկու խումբերը թէեւ Ա. կիսախաղին փորձեցին կոլ նշնակել, սակայն` ապարդիւն:
Յիշատակելի էր Ա. կիսախաղէն կարճ ատեն մը առաջ ՀՄԸՄ-ի կոլ նշանակելու ստոյգ առիթը, որ սակայն զսպուեցաւ Թատամոնի բերդին սիւնին կողմէ: ՀՄԸՄ Բ. կիսախաղին սկիզբը դարձեալ գտնուեցաւ անբախտ, երբ այս անգամ Ճոնի Քոնճեանի գլխու հարուածը դարձեալ զսպուեցաւ Թատամոնի բերդին սիւնին կողմէ:
60-րդ վայրկեանին Վարդան Պոյաճեանի մէկ սխալին պատճառով մրցակից կազմը 1-0 արդիւնքով յառաջացաւ: Այդ կոլէն ետք Թատամոն նշանակեց երկու այլ կոլեր եւս` 65-րդ եւ 67-րդ վայրկեաններուն եւ տարաւ վերջնական յաղթանակը` 3-0 արդիւնքով:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն Անթոնի Զէյտան իր կոշտ խաղարկութեան պատճառով կարմիր քարտ մը ստացաւ (85-րդ):
ՀՄԸՄ-ի կազմէն դաշտ ներկայացած երիտասարդ մարզիկները (ի մասնաւորի` Ճոնի Քոնճեան) շատ աւելի պայքարի ոգիով եւ մարտնչելու կամքով իրենց մրցումը կը կատարէին, քան անոնցմէ քիչ մը աւելի երէց մարզիկները, որոնք աւելի «ծանր» կը շարժէին դաշտին մէջ:
Այսպիսով, ՀՄԸՄ-ի 2013 տարին սկսաւ պարտութեամբ, հակառակ անոր որ ներկայացուցչական խումբին համակիրները` շուրջ հարիւր անձեր, եկած էին քաջալերելու իրենց կազմը:
Իր կրած այս պարտութենէն ետք ՀՄԸՄ մնաց 11 կէտով, մինչ Ա. խմբակին պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Թատամոն ամրապնդեց իր դիրքը` ունենալով 18 կէտ:


