Դիտարկում. «Մենք Շանաձուկն Ենք, Դուք` Սարտինը», Կ՛ըսէ Թուրքը

ՊԱՐՈՅՐ ԱՂՊԱՇԵԱՆ

Սուրիական յամեցող տագնապին մէջ ամէնէն վատահամբաւ դերակատարութեան մէջ կը գտնուի Թուրքիան, աւելի ճիշդ` ամէնէն տխրահռչակ դերը վստահուած է Էրտողանի նման ճիւաղի մը, որ կը փորձէ ամէն գնով Սուրիան բաժնել ու ճզմել:

Անգարայի նորօրեայ վարիչները երկու հիմնական նպատակ կը հետապնդեն` Սուրիոյ դէմ յարատեւօրէն սուր ճօճելու ու ոտնձգութիւններ կատարելու իրենց արկածախնդրական դիտաւորութիւններով.

1.- Վերականգնել  Օսմանեան կայսրութեան բռնակալական-տիրական հեղինակութիւնը` մերթ կրօնական, մերթ ժողովրդավարական (՞) պիտակներու տակ, սակայն երկուքն ալ` փուճ ու սին մարտափորձերով:

2.- Ծառայել ամերիկեան վարչակազմին ու սիրաշահիլ արաբական կարգ մը երկիրներու զօրակցութիւնը` առաջինէն ապահովելով արդիական (յաւելեալ) ռազմամթերք, երկրորդէն ալ` նիւթական (մեծկակ) նպաստներ:

Նախքան սուրիական տագնապը, Էրտողանը չէ՞ր, որ գովքը կը հիւսէր «եղբայրական» Սուրիոյ, անոր ժողովուրդին ու նախագահին, ոչ միայն պետական-կառավարական, այլեւ` բարեկամական-ընտանեկան կապերով:

Մէկ օրէն միւսը, սակայն, բնազդային-ծագումնային-սերմային դաւաճանութիւններով եւ ապերախտութիւններով համակուած թուրքը` ներկայացուած էրտողաններով եւ տաւութօղլուներով, կռնակէն կը դաշունահարէր երէկուան իր «դաշնակից»-ները:

Նորութի՞ւն էր ալաթրքական այս վերակրկնուող վերաբերմունքը, ի հարկէ` ո՛չ, մանաւանդ անոնց համար, որոնք ճանչցած են թուրքը, ապրած` անոր հետ, բայց մանաւանդ` «ճաշակած» անոր «եղբայրական» սատանայութիւնները, «բարեկամական» նենգութիւնները:

Պաղեստինցիներուն նկատմամբ (կեղծ) սէր ու գորով ցուցաբերելու, իսկ իսրայէլացիներու նկատմամբ (նոյնպէս կեղծ)` խստութիւն ու պահանջատիրութիւն, էրտողաններ կը կարծեն աշխարհին «կլլեցնել» իրենց մարդասիրական դերասանավարի կեցուածքներով, իրենց դատապաշտպանական փխրուն կարգախօսներով:

Դժբախտաբար արաբական աշխարհին մէջ գտնուեցան «զաւալը»-ներ, որոնք հաւատացին թրքաբարոյութեան այդ ճաթռտան յայտարարութիւններուն ու խոստումներուն` չանդրադառնալով, որ իրենց դէմ գտնուող անուղղայ թուրքն է, ապաշնորհ թուրքն է, շահագործող թուրքն է, անվստահելի թուրքն է:

Ամերիկան կամ Արեւմուտքը չի տեսներ (չտեսա՞ւ), թէ աթաթուրքեան Թուրքիան իր օսմանեան աւանդութիւններով ու վայրագութիւններով ի՜նչ ըրած է եւ ինչե՜ր կ՛ընէ այսօր Սուրիոյ մէջ, շնականօրէն սոնքալով, որ ինք սուրիացի ժողովուրդի կողքին է, բայց` բացայայտ անպատկառութեամբ հոն ղրկելով վարձկաններ, ահաբեկիչներ ու պատերազմիկներ:

Զարմանալի չէ՞, որ Էրտողան, իր քաղաքական ձաբռտուքները յայտարարած պահուն, անդին կը շարունակէ բռնանալ ու հալածել, որսալ ու սպաննել քիւրտերը, որոնք կը պահանջեն իրենց տարրական իրաւունքները` զանոնք նկատելով անօրէններ ու ահաբեկիչներ, մինչդեռ ինք անոնց հետ «կը խօսի» զինու ուժով` օդային թէ ցամաքային:

Իսկ ի՞նչ պէտք է ըսել այս ժողովրդավարական (՞) երկրին մասին, որ ամէնէն ստոր եւ յետին միջոցներով կը վերաբերի իր ժողովուրդին հետ` բանտարկելով եւ աքսորելով զայն, որովհետեւ ան կը քննադատէ ու կը մերժէ այն բռնամիջոցները, որոնք կը պարտադրուին իրեն, յատկապէս` միտքի ու գրիչի ազատութեան գծով:

Կը մնայ որ արաբախօս աշխարհի այն ժողովուրդները, որոնք արաբականութեան ինքնութեան ու պատկանելիութեան, միութեան ու հզօրութեան իսկակա՛ն ջատագովներն են, առանց իյնալու համայնակուլ մեծապետական երկիրներու երախներուն մէջ, լա՛ւ ճանչնան թուրքը` իր անցեալի, ներկայի եւ ապագայի ընչաքաղցութիւններով:

* * *

Այս գրութեան տուն տուող պատճառը եղաւ քաղաքական ուղեւորագրութիւն մը, որ հրապարակուած է լիբանանցի լրագրողի մը կողմէ (լիբանանեան արաբատառ թերթի մը մէջ), երբ ան այցելած է սուրիական-թրքական սահմանը` զրոյց ունենալու սուրիացի գաղթականներու հետ, ի մասնաւորի գտնելու «հետքը» սուրիացի ընդդիմադիր ղեկավարի մը, քանի ան ատենէ մը ի վեր «անհետացած» է:

Լրագրողը իր պրպտումներու ու հետազօտութիւններու ընթացքին կը նկարագրէ, թէ թուրք գաղտնի սպասարկութեան անդամներ ինչպիսի՜ լրբութեամբ կը հետապնդէին զինք, ընդհուպ… արտաքնոց, կը հարցաքննէին տեղաբնիկներ ու կը սաստէին զանոնք` չխօսելու իրեն հետ:

Հետաքրքրականը, այնուամենայնիւ, «անհետացած» հրամանատարին մտերիմներէն մէկը կը խոստովանի, թէ ան հակառակ կառչած մնալու իր «սկզբունքներուն», զղջում կը յայտնէ, թէ միջսուրիական բախումները պէտք չէ հոս հասնէին, բայց «արտաքին ուժերու» միջամտութիւններն ու պարտադրութիւնները բոլորովին այլ ուղի առաջնորդեցին, իսկ այսօր սուրիական քաղաքներուն մեծ մասը աւերուած է, բայց ոչ ոք կրցած է Սուրիան նուաճել:

«Անհետացած» հրամանատարը, որ ամենայն հաւանականութեամբ թրքական արգելակայաններուն մէջ կը տուայտի, քանի իր յուսախաբութիւնը եւ հիասթափութիւնը շատ խոր են, ծանր ու բիրտ յանդիմանութիւններու ենթարկուած է, կը գրէ լրագրողը, որոնց մէջ ամէնէն ահաւորը`

«ՄԵՆՔ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՇԱՆԱՁՈՒԿԵՐ ԵՆՔ, ԻՍԿ ԴՈՒՔ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ՍԱՐՏԻՆՆԵՐ»:

Չենք գիտեր, թէ թուրքը չճանցչողը կամ թուրքին հետ շփում չունեցողը ի՞նչ կը զգայ ստրկատիրական այն թքոցէն, բայց մենք` հայե՛րս, շատ լաւ կը հասկնանք ու լաւ ալ կը զգանք այդ մէկը:

Լիբանանցի լրագրողը փշաքաղուած ու ցնցուած թրքադրոշմ այս ամբարտաւանութենէն` կը պոռթկայ.

«ԱՍԻԿԱ՛ Է ԹՈՒՐՔԻԱՆ: ԱՍՈ՛ՆՔ ԵՆ ՕՍՄԱՆՑԻՆԵՐԸ ՈՒ ՊԻՏԻ ՄՆԱՆ ՕՍՄԱՆՑԻՆԵՐ: Ի՜ՆՉ ՎԻՐԱՒՈՐԱԿԱՆ ԵՆ ԱՅՍ ԲԱՌԵՐԸ` «ՄԵՆՔ ԹՐՔԱԿԱՆ ՇԱՆԱՁՈՒԿԵՐ ԵՆՔ, ԴՈՒՔ` ՍԱՐՏԻՆՆԵՐ»:

Ասիկա տակաւին փոքրիկ օրինակ մըն է մե՜ծն թուրքին տմարդի յոխորտանքէն, հիւանդագին հոգեբանութենէն, այլանդակ նկարագիրէն, որմէ ցմրուր ճաշակած է հայ ժողովուրդը ու կը շարունակէ անոր թիրախը դառնալ:

Բոլոր անոնք, որոնք տակաւին գրաւ կը դնեն օսմանեան արմատներով, էրտողանեան եւ յետէրտողանեան աշխարհաքաղաքական մտամարզանքներուն վրայ, ուշ կամ կանուխ պիտի իյնան անոր թունաւոր ուռկանին մէջ:

Պէյրութ, 19 հոկտեմբեր 2012

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )