Ժոմպլաթ. «Նախագահ Սլէյմանի Հետ Քննարկեցինք Երկրին Քաղաքական Տագնապին Լուծման Միջոցները»
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ անցեալ շաբաթավերջին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ Պաապտայի մէջ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկրին քաղաքական տագնապին լուծման միջոցները` նկատի ունենալով, որ լիբանանեան ազգային երկխօսութիւնը վերջ գտած է:
Ժոմպլաթ նշեց, որ ինք քննարկած է նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւնները, երկրին տնտեսական կացութիւնը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ իրադարձութիւնները:
Միւս կողմէ, Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի արտասանած ճառը իրականութեան հետ կը հակադրուի, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ տագնապին լուծման նպատակով առաջադրուած բոլոր նախաձեռնութիւններուն դիմաց դռները կը փակէ:
CATEGORIES Լիբանանեան