Ատնան Մանսուրի Կողմէ Պահանջուած Արտակարգ Նիստը` Յառաջիկայ 13 Յունուարին
Արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր շաբաթավերջին տեղեկացաւ, թէ Արաբական լիկայէն իր պահանջած արաբ արտաքին գործոց նախարարներու արտակարգ նիստը պիտի գումարուի յառաջիկայ կիրակի, 13 յունուարին:
Նշենք, որ նիստին ընթացքին պիտի քննարկուին Սուրիայէն Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարը եւ այդ իմաստով Լիբանանին զօրակցելու հեռանկարները` նկատի ունենալով լիբանանեան պետութեան վրայ գաղթականներուն զետեղած ծանր բեռը:
Մանսուր դիտել տուաւ, որ ինք արաբ արտաքին գործոց նախարարներուն պիտի յղէ ընդհանուր տեղեկագիր մը, որուն հիման վրայ անոնք կրնան տեղեկանալ Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթականներուն ստեղծած իրավիճակին եւ Լիբանանի կարիքներուն մասին:
CATEGORIES Լիբանանեան

