Ս. Ծնունդը` Անթիլիասի Մէջ. «Աստուծոյ Որդւոյն Ծնունդը` Վերածնունդն Է Մարդուն» Հաստատեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Հայ եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութեան համաձայն, կիրակի, 6 յունուարին, Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով բոլոր հայ եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ:

Անթիլիասի Մայր տաճարին մէջ սուրբ եւ անմահ պատարագը մատուցեց Արամ Ա. կաթողիկոս: Պատարագին ներկայ էր մեծ բազմութիւն: Խորհրդարանի նախագահը կը ներկայացնէր Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:

Իր հայրապետական պատգամը վեհափառ հայրապետը սկսաւ յիշելով Յակոբոս Առաքեալի այն տողերը, ուր ան կ՛ըսէր, թէ Աստուած կամեցաւ մեզ վերստին ծնիլ, որպէսզի մենք նոր ստեղծագործութեան առաջին պտուղները ըլլանք (Յակոբ. 1, 18):  Վեհափառը ըսաւ, որ  «առաքեալին այս պարզ բառերուն մէջ խտացած է Աստուծոյ Որդւոյն մարդեղութեան խորհուրդը: Աստուծմէ հեռացած, մեղքի ու մահուան տիրապետութեան տակ գտնուող մարդը կարիքը ունէր աստուածային միջամտութեան: Աստուած Բեթղեհէմ իջաւ, Յիսուսին ճամբով մարդացաւ, որպէսզի մարդը վերստեղծէ: Արդ, Աստուծոյ Որդւոյն ծնունդը Բեթղեհէմի մէջ, մարդու վերածնունդն է: Ահա թէ ինչու Քրիստոս նաեւ նկատուած է իբրեւ երկրորդ Ադամ: Մարդու վերստեղծումով Աստուծոյ Որդին նաեւ կը վերստեղծէ ամբողջ տիեզերքը: Այսպէս պէտք է ըմբռնել Բեթղեհէմի ճամբով աշխարհին տրուած աստուածային փրկութեան շնորհը»:

Շարունակելով իր պատգամը` վեհափառը ըսաւ. «Քրիստոսով վերստեղծուած մարդը կոչուած էր իր մասնակցութիւնը բերելու տիեզերքի վերստեղծման եւ աստուածային թագաւորութեան հաստատման նուիրական առաքելութեան: Չմոռնանք երբեք, որ մարդը քրիստոնէական հասկացողութեամբ Աստուծոյ որդեգիր զաւակն է, անոր գործակիցը եւ Քրիստոսի դեսպանը: Աստուածային ի՜նչ գերագոյն շնորհ է սա տրուած մարդուն ու միաժամանակ ի՜նչ դժուար պարտաւորութիւն…»: Ապա վեհափառը յիշեցուց, որ «Աստուծոյ որդեգիր զաւակը ըլլալ կը նշանակէ հաւատարիմ գտնուիլ երկնաւոր Հօր կողմէ կատարուած յանձնարարութիւններուն: Քրիստոսի դեսպանը ըլլալ կը նշանակէ հետեւիլ Քրիստոսի ուսուցումներուն: Աստուծոյ գործակից ըլլալ կը նշանակէ Քրիստոսով այս երկրի վրայ հաստատուած թագաւորութեան արժէքներուն ու ճշմարտութիւններուն ջատագովը ըլլալ: Որո՞նք են Աստուծոյ թագաւորութեան հիմքը կազմող արժէքներն ու ճշմարտութիւնները: Սէր` Աստուծոյ եւ մեր նմանին  նկատմամբ: Ներկայ աշխարհը որքա՜ն կարիքը ունի սիրոյ հրամայականին: Արդարութիւն` բոլորին նկատմամբ: Անարդարութեան ճիրաններուն մէջ տուայտող ներկայ մարդկութիւնը որքա՜ն պէտքը ունի արդարութեան: Խաղաղութիւն` ազգերու միջեւ: Բռնութիւններով շրջապատուած ներկայ մարդկութիւնը որքա՜ն անհրաժեշտութիւնը ունի խաղաղ կեանքի»:

Վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող վերիվայրումներուն` նշելով. «Մենք կ՛ողջունենք ի խնդիր ժողովուրդի գերագոյն շահերուն ու արժէքներուն համար տեղի ունեցող շարժումները: Մենք կ՛ողջունենք նաեւ երկրի մը քաղաքացիներուն միջեւ հաւասարութիւն հաստատելու, բոլոր համայնքներու իրաւունքները յարգելու եւ ազատութիւն ու արդարութիւն հաստատելու եւ մարդկային իրաւունքները յարգելու ձգտող բոլոր նախաձեռնութիւնները: Սակայն, այս նախաձեռնութիւնները պէտք է ըլլան խաղաղ մթնոլորտի մէջ` հեռու ամէն տեսակ բռնութիւններէ եւ օտար միջամտութիւններէ: Արդարեւ, պատմութիւնը ցոյց կու տայ, թէ անձեր ու վարչակարգեր գնայուն են. մնայունը ժողովուրդն է ու հայրենիքը»: Խօսելով քրիստոնեայ համայնքներու մասին` վեհափառ հայրապետը յիշեցուց, թէ «Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ համայնքներու ներկայութիւնը ո՛չ պատահական է, ո՛չ լուսանցքային եւ ո՛չ ժամանակաւոր: Անոնք անբաժանելի մասը կը կազմեն շրջանի պատմութեան ու մշակոյթին: Միջին Արեւելքը քրիստոնէութեան ծննդավայրն է: Հետեւաբար, հակառակ քրիստոնեայ համայնքներուն դիմագրաւած դժուարութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն, անոնք կը մնան կառչած իրենց արմատներուն ու իրաւունքներուն: Իսլամ ու քրիստոնեայ համայնքներ միասնաբար ապրած ու ստեղծագործած են այս շրջանին մէջ եւ վերանորոգ յանձնառութեամբ պիտի շարունակեն իրենց գոյակցութիւնը: Հետեւաբար, Մեր սպասումն  է եւ պահանջը միաժամանակ, որ շրջանին մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւններու ծիրին մէջ ամբողջութեամբ յարգուին քրիստոնեայ համայնքներու իրաւունքները: Փոքրամասնութիւն ըլլալ չի նշանակեր ընկերութեան կեանքի լուսանցքին վրայ մնալ: Հետեւաբար, մենք կը մերժենք ոեւէ մօտեցում, որ կը փորձէ լուսանցքայնացնել քրիստոնեայ համայնքները: Մենք կը մերժենք ոեւէ փորձ որ կ՛անտեսէ քրիստոնեայ համայնքներու իրաւունքները: Քրիստոնեայ համայնքները, իբրեւ անբաժան մասը ընկերութեան, միշտ պատրաստ են իրենց ամբողջական ու գործօն մասնակցութիւնը բերելու արաբական աշխարհի վերելքին` մնալով հաւատարիմ իրենց պարտաւորութիւններուն, ու միաժամանակ` կառչած իրենց քաղաքացիական, կրօնական եւ ազգային իրաւունքներուն»:

Այս ծիրին մէջ անդրադառնալով հայ ժողովուրդին` Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ. «Այս մօտեցումով ու սպասումով հայ ժողովուրդը 7-րդ դարէն սկսեալ Հայաստանի, Կիլիկիոյ ու Միջին Արեւելքի մէջ գոյակցած է իսլամութեան հետ: Փոխադարձ իրաւունքներու, արժէքներու ու աւանդութիւններու ճանաչումն ու յարգումը հիմնաքարը նկատելով շինարար գոյակցութեան եւ սերտ գործակցութեան»: Խօսելով Լիբանանի մասին` վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Կ՛ողջունենք շրջանին մէջ տեղի ունեցող անցուդարձերէն Լիբանանը հեռու պահելու պետական ու համայնքային պատասխանատուներուն հաւաքական ճիգը: Կ՛ողջունենք նաեւ ազգային երկխօսութիւնը շարունակելու գծով հանրապետութեան նախագահին տարած հետեւողական աշխատանքը: Ինչ ալ ըլլան մեր տարբերութիւնները, երկխօսութիւնը կը նկատենք հրամայական: Փոխանակ մամուլի ու հեռատեսիլի ճամբով իրարու դէմ խօսելու, անհրաժեշտ է, որ իրարու հետ խօսինք նոյն սեղանին շուրջ` Լիբանանի շահը նկատելով մեր միակ ու անսակարկելի նպատակը: Ա՛յս կը սպասէ ժողովուրդը իր պատասխանատուներէն»: Ապա վեհափառը կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն` շրջանի պատմութեան այս ճակատագրական հանգրուանին հեռու մնալու ներքին զգայնութիւններ յառաջացնող փորձերէ եւ ամրապնդելու իրենց ներքին միասնականութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )