Վոլիպոլ. Շաբաթ, 12 Յունուարին` Արաբական Ակումբներու Ախոյեանութեան Վիճակաձգութիւնը

Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ շաբաթ, 12 յունուարին, յետմիջօրէի ժամը 15:00-ին տեղի պիտի ունենայ Վոլիպոլի արաբական ակումբներու 31-րդ ախոյեանութեան վիճակաձգութիւնը` Ֆուատ Շեհապ մարզահամալիրին մօտ գտնուող (Ժունիէ) «Մետիսըն» պանդոկին մէջ:

Նշենք, որ այս ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ հովանաւորութեամբ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէի:

Share this Article
CATEGORIES