Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Սաժես Եւ Շանվիլ` Յաղթական
Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին, Սաժես եւ Շանվիլ յաղթանակներ արձանագրեցին` յաջորդաբար պարտութեան մատնելով Մութթահետը (91-84) եւ Ամշիթը (82-65):
Սկզբունքով երէկ տեղի ունենալիք Պիպլոս – Ռիատի Պէյրութ մրցումը, կլիմայական աննպաստ պայմաններուն պատճառով յետաձգուեցաւ անորոշ թուականով:
Դարձի 2-րդ հանգրուանի Անիպալ Զահլէ – Հուփս մրցումը, որ սկզբունքով տեղի պիտի ունենար այսօր, դարձեալ յետաձգուեցաւ:
Վաղը` չորեքշաբթի, 9 յունուարին, երեկոյեան ժամը 19:00-ին, Սանթրալի դաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ Պըժժէ – Անդրանիկ Պէյրութ մրցումը:
CATEGORIES Մարզական


