50 Տարի Առաջ (9 Յունուար 1963)
Յունաստանի Փոլ Թագաւորը Գէորգ Ա.-ի
Արքայական Կարգի Մեծ Շքանշանով
Պարգեւատրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը
Պէյրութի Յունական Դեսպանը, Երէկ Անթիլիասի
Վեհարանին Մէջ Շքանշանը Պաշտօնապէս Յանձնեց
Զարեհ Ա. Կաթողիկոսին
Երէկ` երեքշաբթի, 8 յունուար 1963 երեկոյեան ժամը 7:00-ին Անթիլիասի վեհարանի դահլիճին մէջ Լիբանանի յունական դեսպան Ա. Անթոնոփուլոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Զարեհ Ա.-ի յանձնեց Գէորգ Ա.-ի Արքայական կարգի Մեծ ժապաւէնի շքանշանը` յանուն Յունաստանի Փոլ թագաւորին:
Այս հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էին` Լիբանանի հայոց առաջնորդ Խորէն արք. Բարոյեան, յունական դեսպանատան զինուորական կցորդ դեր-գնդապետ Մ. Ն. Մասթրոթոնիս, դեսպանատան անձնակազմը իրենց կիներով, պետական հայ երեսփոխանները` Մովսէս Տէր Գալուստեան, Խաչիկ Պապիկեան եւ Վարդգէս Շամլեան, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան, Գաւառական եւ Քաղաքական ժողովներու անդամները` իրենց կիներով, ազգային երեւելի անձնաւորութիւններ եւ մամուլի ներկայացուցիչներ:
Դեսպան Անթոնոփուլոս, շրջապատուած հիւպատոսարանի անձնակազմով, կարդաց ֆրանսերէն լեզուով ուղերձ մը, ուղղուած Զարեհ Ա. կաթողիկոսին:
Դեսպանին Ճառը
Ն. Ս. օծութիւն,
Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ս. Աթոռը եկած եմ կատարելու համար շատ հաճելի պարտականութիւն մը:
Յանուն նորին վեհափառութիւն թագաւորին` պատիւն ունիմ ձեզի յանձնելու արքայատոհմի հիմնադիր Գէորգ Ա.-ի Արքայական կարգի Մեծ ժապաւէնի շքանշանը, որ իմ վեհապետս հաճեցաւ պարգեւել ձեզի:
Ձեր առաքինութիւններն ու տաղանդը, աչքառու տեղը, որ դուք կը գրաւէք քրիստոնէութեան եւ Աստուծոյ հաւատացող ժողովուրդներու մեծ ընտանիքին մէջ, եւ այն իրողութիւնը, որ դուք հոգեւոր պետն էք ազգի մը, որուն յոյն ժողովուրդին հետ ունեցած բարեկամական կապերը դարերէն կու գան, ձերդ վեհափառութիւնը արժանացուցին այս բարձր պարգեւին:
Երկար ժամանակի պիտի կարօտէր տալ նոյնիսկ հակիրճ պատկերը այն կապերուն, որոնք անյիշատակ դարերէ ի վեր գոյութիւն ունեցած են մեր ժողովուրդներուն միջեւ:
Կը յիշեմ միայն Բիւզանդիոնի կայսրերը` լեւոն Հայը եւ նոյնպէս հայազգի Յովհաննէս Չմշկիկը եւ անոր զինակցութիւնը` Բագրատունեաց արքաներուն հետ:
Հետագային միասնաբար ենթարկուեցանք ճակատագրի աղէտներուն եւ դժբախտ պարագաներու բերումով բազմահազար հայեր ներկայիս կը գտնուին յունաստան եւ ենթակայ են ձեր հոգեւոր իշխանութեան:
Այսօր ձեզի ընծայուած պատիւը նոր մէկ գրաւականն է հայ ժողովուրդին հանդէպ մեր յարգանքին ու դարաւոր բարեկամութեան:
Նորին վեհափառութիւն, հաճեցէք ընդունիլ իմ եւ յոյն համայնքին շնորհաւորութիւնները:
Թող Բարձրեալն Աստուած պահէ ձեզ եւ ձեզի ուժ տայ` շարունակելու այն առաքելութիւնը, որուն նուիրուած էք:
Ապա տեղի ունեցաւ շքանշանի տուչութիւնը:
Դեսպանն ու անձնակազմը շնորհաւորեցին վեհափառը` աջահամբոյրով:
Զարեհ Ա. կաթողիկոս կարդաց շնորհակալութեան գեղեցիկ ուղերձ մը:
Վեհափառին Ուղերձը
Մեզ համար մեծ պատիւ է այսօր ձերդ վսեմութեան ձեռքէն ստանալ այն բարձր շքանշանը, որ նորին վեհափառութիւնը Յունաստանի Փոլ թագաւորը ուզած է շնորհել մեզի:
Հելլէն ազնիւ ժողովուրդին, որուն պատմութիւնը կը միախառնուի պատմութեանը մարդկութեան, քաղաքակրթութեան եւ հնադարեան մշակոյթին, եւ Հայ եկեղեցիին ու ազգին միջեւ գոյութիւն ունին խորունկ կապեր, զորս ձերդ վսեմութիւնը այնքան պերճախօսօրէն շեշտեց: Երկու ազգեր,- որոնք այնքան խորապէս կապուած են մարդը իր մարդկային վիճակէն վեր բարձրացնող արժէքներու, հոգեկան եւ կրօնական արժէքներու, որոնք նոյնինքն հիմը կը կազմեն քրիստոնէութեան, անխուսափելիօրէն իրարու պիտի հանդիպէին եւ հետեւէին նոյն ճամբուն:
Մեր համեստ անձին շնորհուած այս պատուանշանին մէջ կ՛ուզենք տեսնել պարոն դեսպան, գրաւականը այն անքակտելի բարեկամութեան, որ կը միացնէ մեր երկու եկեղեցիները եւ մեր երկու ժողովուրդները, եւ այնքան պերճախօս արտայայտութիւնը` եկեղեցիին ու երկրի վրայ անոր ներկայացուցիչներուն հանդէպ նորին վեհափառութեան ունեցած սիրոյն:
Պարո՛ն դեսպան, ձեզմէ կը խնդրենք նորին վեհափառութեան մօտ հանդիսանալ թարգմանը մեր հայրական զգացումներուն եւ հաւաստիք տալ Փոլ թագաւորին, ինչպէս նաեւ Ֆրետերիքա թագուհիին ու արքայական ընտանիքի արքայազուն իշխաններուն, որ Լիբանանէն իրենց անցքը մինչեւ հիմա բոլոր սրտերուն մէջ մնաց անմոռանալի յիշատակ մը:
Յունաստանի մէջ մայր հայրենիքը հայ ծագումով բազմաթիւ հելլէններու, վստահ ենք, որ այս արարողութիւնը պիտի ունենայ իր արձագանգը եւ անգամ մը եւս, եթէ հարկ է, պիտի ընդգծէ հաւատարմութիւնը, փարումն ու խոր երախտագիտութիւնը բոլոր անոնց, որոնք կը վայելեն կրօնական, հոգեկան եւ մարդկային բարձր արժէքներու հաւատացող իշխանութեան մը, Յունաստանի Փոլ թագաւորին իշխանութեան բարիքները:
Այս առթիւ նորին վեհափառութեան եւ արքայական ընտանիքի բոլոր անդամներուն, Յունական եկեղեցիի մեր սրբազան եղբայրներուն եւ անոնց հոգեւոր պետ` Քրիզոստոմոսի, ինչպէս նաեւ վեհափառութեան կառավարութեան եւ յոյն մեծ ժողովուրդին համար կը հայցենք Բարձրեալն Աստուծոյ օրհնութիւնները:
Թող Աստուած միշտ անոնց տայ խաղաղութիւն,երջանկութիւն եւ բարգաւաճում:
Ներկաները ջերմ ու սիրալիր մթնոլորտի մէջ հիւրասիրուեցան եւ երկուստեք կենաց բաժակներ առաջարկուեցան:

