«Ազդակ»` Ութսունհինգ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Նոր Ատանայի Կազմաւորումը Եւ Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Կառուցումը
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Կիլիկիոյ պարպումէն ետք, 1921-ին, ատանացիները նաւերով Պէյրութ փոխադրուեցան եւ նաւահանգիստին մօտ, Քարանթինայի ծովափը ցամաք հանուեցան: Քարանթինա այն վայրն էր, ուր օտարներ կամ ճամբորդներ քննութեան կ՛ենթարկուէին քաղաք մուտք գործելէ առաջ: Ատանացիները Պէյրութ ոտք կոխող կիլիկեցի առաջին գաղթականներէն եղան: Անոնք նաւահանգիստին մօտակայ ծովափնեայ գօտիին մէջ փայտի, թիթեղի եւ քուրջի կտորներով հիւղեր շինեցին եւ մեծ քէմփին գլխաւոր հիմնադիրներէն եղան: Վրանաքաղաքը կոչուեցաւ Ատանա քէմփ: Հոն տեղաւորուեցան նաեւ մարաշցիներ, սիսեցիներ եւ այլ շրջաններէ գաղթականներ: Անոնցմէ ոմանք Կիլիկիայէն նաւերով, ոմանք ալ Սուրիոյ անապատներէն անցած եւ Պէյրութ հասած էին: Գաղթականներուն մէջ Կիլիկիա վերադարձի գաղափարը այնքան տիրական էր, որ շատեր նոյնիսկ հիւղերու ցիցերը գետնին լաւապէս ամրացնելու կարիք չգտան: Ատանացիները, ինչպէս նաեւ միւս շրջաններէն գաղթականները թրքախօս էին, եւ Ատանա քէմփին մէջ տիրապետողը թրքերէնն էր:
Գաղթականները գոյութեան դժուար պայմաններ դիմագրաւեցին. առողջապահական եւ կենցաղային տարրական պայմաններէ զուրկ, շատեր` անգործ եւ օրուան հացի կարօտ, եւ ոմանք նոյնիսկ ծովափի աղբանոցներէն իրենց սնունդը կը հանէին:
Ֆրանսական հոգատար իշխանութիւնը կարելիութեան սահմանին մէջ օգտակար եղաւ գաղթականներուն եւ իր զինուորական ու քաղաքական ձեռնարկներուն մէջ գործ հայթայթեց բաւական թիւով կարիքաւորներու:
Հիւղաւանները քանդելու մասին առաջին որոշումը առնուեցաւ 1929-ին, իսկ 1930 յունուար 30-ին մեծ քէմփը հրոյ ճարակ դարձաւ:
Մեծ վրանաքաղաքի գաղթականներէն առաջին անգամ մարաշցիները շարժեցան եւ իրենց հայրենակցական միութեան ղեկավարութեան տակ, եւ հայր Պօղոս Արիս վարդապետի գործօն աջակցութեամբ, Պուրճ Համուտի դաշտագետինին մէջ ընդարձակ հողամաս մը գնելով հիմնեցին Նոր Մարաշը: Անոնց օրինակին հետեւեցան սիսեցիները, որոնք Պուրճ Համուտի հարաւային կողմը, Սամաններուն կալուածը գնելով հիմնեցին Նոր Սիսը: Ազգերու դաշնակցութեան կազմակերպութեան Պէյրութի գրասենեակը իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ, բոլոր միջոցներով քաջալերեց տեղաւորումի աշխատանքները:
Տրուած դիւրութիւններէն քաջալերուելով, ատանացիք իրենք եւս որոշեցին տեղափոխուիլ Անդր Նահրի շրջանը:
Պուրճ Համուտի տակաւին նոր կազմաւորուած Նոր Մարաշի եւ Նոր Սիսի մօտակայքը, Թութլուխէն (ներկայիս` Նոր Կիլիկիա) անդին կը տարածուէր Թրատներու գերդաստանին ընդարձակ կալուածը: Թրատները իրենց կալուածներուն հարաւային մասը ծախու հանած էին: Ատանացիք փոքր կանխավճարով մը հողը գնեցին եւ Ազգերու դաշնակցութեան գաղթականաց օժանդակ նանսէնեան կազմակերպութեան Պէյրութի գրասենեակէն չնչին գումարով մը շինանիւթ ստանալով բնակարաններ կառուցելով մնայուն բնակութեան հիմեր դրին: Մեծապէս օգտակար հանդիսացաւ նանսէնեան գրասենեակին Պէյրութի ներկայացուցիչ Պիւրնիէ:
Նորակազմ թաղին մէջ ատանացիները մեծամասնութիւն դարձան եւ թաղը իրենց ծննդավայրին անունով կոչեցին Նոր Ատանա:
Նոր կազմաւորուող թաղին կողքին կը տարածուէր Թիաններուն կալուածը: Հայեր այդ հողատարածքն ալ գնեցին. հոն եւս ատանացիները մեծամասնութիւն կազմեցին եւ զայն նոր Ատանա թաղին միացուցին:
Թրատները, իրենց կալուածը ծախած ժամանակ խոստացած էին դպրոցի եւ եկեղեցիի համար ձրի հողամաս մը տրամադրել: Անոնք իրենց խոստումը յարգեցին եւ իրենց կալուածին ամէնէն ներսի ծայրամասը նուիրեցին: Անոր վրայ բարդուեցաւ նաեւ կից գտնուող պետական կալուածի բաժին մը, որ գոյացած էր լքուած ճամբայէ մը եւ ջուրի հունէ մը: Այսպիսով գոյացաւ 455 քառակուսի մեթր տարածութեամբ հողաշերտ մը, որուն վրայ եկեղեցիի եւ դպրոցի հիմը դրուեցաւ: Ատանացիք իրենց բնակարաններուն հազիւ բաւող շինանիւթերէն բաժին հանելով եկեղեցի կառուցեցին եւ զայն կոչեցին Սուրբ Աստուածածին, ի յիշատակ իրենց ծննդավայրի համանուն եկեղեցիին: Եկեղեցիին պատերը կտաւով ծածկուեցան: Իսկ դպրոցը կոչուեցաւ Աբգարեան վարժարան, ի յիշատակ Ատանայի համանուն վարժարանին:
Տեղացի քրիստոնեայ Նեժիպ Ղանթուս, ի տես անշուք եկեղեցիին, Ինքնաբուխ կերպով հոգաց եկեղեցւոյ պատուհաններու շինութեան ծախսը:
Եկեղեցիի եւ դպրոցի յատկացուած հողաշերտը հետագային ընդարձակուեցաւ եւ հասաւ 1280 քառակուսի մեթրի:
Նոր Ատանայի շրջակայ հողերուն վրայ բնակութիւն հաստատեցին թոմարզացի եւ եոզկատցի ընտանիքներ, եւ կազմաւորուեցան Նոր Թոմարզա եւ Նոր Եոզկատ թաղերը: Քիչ անդին կար նաեւ Իտալական թաղը: Աւելի անդին տարածուած էին շոճիի պուրակներ եւ ծառաստաններ, ուր պտոյտի կ՛երթային: Մօտակայքը կար հայասէր զուիցերիացիներու կառուցած այրիանոցը` տուլխանէն, փափա Քիւնցլէրի ղեկավարութեամբ, ուր հաստատուած էին Ղազիրէն փոխադրուած որբեր, այրիներ եւ աչազուրկներ: Յիշենք նաեւ հայր Պօղոս Արիսի բանջարանոցը, որ ջրհոր ունէր եւ ուր ընդհանրացած էր լոլիկի մշակութիւնը:
Նոր Ատանայէն արեւելք տասնեակ մը հիւղերէ բաղկացած հողատարածք մը կար, ուր կազմաւորուեցաւ Նոր Ամանոս թաղամասը:
* * *
«Ազդակ», 15 ապրիլ 1950-ի թիւով եւ «Ազգային կեանքը Նոր Ատանայի մէջ» խորագիրով տեղեկատուութեամբ կը գրէր.
Տարածութիւն
Նոր Ատանա թաղամասը տարածութեամբ, Պուրճ Համուտի մէջ, Նոր Սիսէն եւ Նոր Մարաշէն աւելի ընդարձակ է եւ ունի ամէն հաւանականութիւն, քանի մը տարիներու ընթացքին կրկնապատկուելու: Գրեթէ ամսէ ամիս, հայ ժրաջան բազուկը կը բարձրացնէ 50-60 տուննոց նոր թաղեր, մկրտելով զանոնք հայրենանուէր անուններով: Ի դիմաց այս եռուն աշխատանքին, աչք եւ սիրտ ունեցող իւրաքանչիւր հայ թէ կ՛ուրախանայ եւ թէ կը յուզուի:
Անուն
Յատկապէս վերջին ատենները Ազգային մարմիններու մօտ Նոր Ատանա ընդհանուր անունով ճանչցնել տալու որոշ ձգտում մը կը շեշտուի, ի փոխարէն Թրատ, Իտալիան եւայլն կալուածատէրներէն մնացած անուններու: Բնակչութեան մեծ տոկոսը կը կազմեն կիլիկեցիներ` առաւելաբար ատանացիներ: Այսուհանդերձ, բնակչութեամբ իրենց ուրոյն դիմագիծը ունեցած են եւ ճանչցուած` Նոր-Եոզկաթ, Նոր-Թոմարզա, Նոր Ամանոս, Կիլիկիա թաղերը: Իսկ ներգաղթէն պատուհասուածներու թաղը կը կոչուի ի խարան… Հայաստան:
Այլ Առակ Լուարուք
Ինչ խօսք որ շրջանի դիմագիծը շեշտուած կերպով փոխուեցաւ, ներգաղթի պատկերազարդ կատակերգութենէն ասդին: Այսօր, պարարտ մարմինով նորելուկ սմսար-փրկիչներ, առանց խղճահարութեան, նստած իրենց յարկաբաժիններուն մէջ, համրիչ քաշելով կը դիտեն հիւծած հայրենակիցներու քրտնաթոր տնաշնութիւնը:
Նոր Երես, Նոր Գոյն
Այսօր թէ՛ դպրոցը եւ թէ եկեղեցին ներսով ու դուրսով կը փայլին օրինակելի կերպով շնորհիւ թաղականութեան տարած աշխատանքին: Նոր աւարտած է եկեղեցիի վերնատան շինութիւնը: Խորանը յատուկ վերանորոգութեան ենթարկուած: Փոխուեցաւ հին, տկարաձայն զանգակը: Ներսի բարեզարդումը ամբողջացաւ ջահերով եւ այլ անհրաժեշտ իրերով: Եկեղեցիի առջեւի ճամբան բացուեցաւ եւ սալայատակուեցաւ շնորհիւ Լութֆիկ Պուլտուգեանի, անդամ քաղաքապետարանի եւ ատենապետ թաղական խորհուրդի, որ գնահատելի անձնուիրութեամբ նուիրուած է դպրոցին, եկեղեցիին եւ հանրային գործին:
Տուն Կայ, Պահող Չկայ
Ծխատէր քահանան Տ. Ա. Լաջինեանը տարիքի բերումով ի վիճակի չէր իր պաշտօնը կատարելու: Թաղականները հոս վազեցին, հոն վազեցին, քահանայ չկա՛յ. մէկը համոզել աշխատեցան, միւսին աղաչել. քահանայ չկայ: Ես Ամերիկա պիտի երթամ, տոլարի երկիրը.- Վերջապէս, կիլիկեցի, նորընծայ Տ. Բաբգէն քհնյ. Մագսուտեանը բարեհաճեցաւ ծառայել իր հայրենակիցներուն: Այսօր տարիներով թափուր մնացած եկեղեցին կը յորդի բարեպաշտ ժողովուրդով եւ շատեր կը մնան բակը ոտքի վրայ:
Ազգ. Աբգարեան Բարձր. Վարժարան
Թաղական խորհուրդը, վարժարանի տնօրէնին հետ համախորհուրդ որոշեց տարուան սկիզբը դպրոցը բարձրացնել բարձրագոյն նախակրթարանի աստիճանին, կազմելով 7-րդ դասարանը, Պուրճ Համուտի մէջ առաջինը ըլլալով: Շինուեցաւ նոր դասարան մը: Նաեւ 3 հոգինոց 52 նոր նստարաններ: Նոր ջրամբար մը եւս: Լոյս, ներկ, ծեփ եւ այլն: Արդարեւ, մարդ կը հիանայ ընդամէնը 6 ամսուան ընթացքին տեղի ունեցած կերպարանափոխութեան:
Կիլիկեան Վարժարան
Թաղականութեան ենթակայ Կիլիկեան վարժարանը տախտակաշէն է: Հողն ալ դատի տակ: Թաղ. խորհուրդը ծրագրած է հողը սեփականութիւն դարձնել եւ վրան բարձրացնել քարակերտ դասարաններ: Նաեւ ընդարձակել Աբգարեան նախակրթարանի բակը, ուր 606 աշակերտներ հազիւ ոտքի կենալու տեղ ունին: Գեղեցիկ առիթ մը ձեզի պարոնայք ունեւոր, եթէ սիրտ եւ հոգի ունիք:
Նոր Ամանոսի Մեսրոպեան Վարժարան
Այս վարժարանը հակառակ Ս. Աստուածածին եկեղեցիի թաղականութեան շրջանին մէջ ըլլալուն, կը կառավարուի Քարանթինայի թաղականութեան կողմէ, ծուխով հոն կապուած ըլլալով: Պէտք է սրբագրել այս «գաղթային» երեւոյթը: Թմբուկը զարնել հոն եւ զուրնան փչել հոս, ձեռնտու կատակ մըն է, ի հաշիւ որո՞ւ:
Եպիսկոպոսական Պատարագ Եւ
Հոգեհանգստեան Արարողութիւն
Ծաղկազարդին, Թաղ. խորհուրդը եւ Ատանայի հայրենակցական միութեան վարչութիւնը կազմակերպած էին ի յիշատակ Կիլիկիոյ աղէտին 41-րդ տարեդարին, սգատօն մը, ուր քարոզեցին Դերենիկ եպիսկոպոս Փոլատեան եւ Տ. Բաբգէն քհնյ. Մագսուտեան: Խօսեցաւ նաեւ Գէորգ Պաղճեան: Այս գեղեցիկ առիթ մը եղաւ, որ հեռաւոր շրջաններ բնակող կիլիկեցիներ ներկայ ըլլան եւ իրենց աչքերով տեսնեն իրենց անունով մկրտուած եկեղեցիին եւ դպրոցին մէջ կատարուած գործը եւ նուիրեն իրենց հնչուն գնահատանքը»:
***
Հետագային, 1964-ին Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին քակուեցաւ. նոր եկեղեցւոյ հիմնօրհնէքի արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 9 սեպտեմբեր 1964-ին, նախագահութեամբ Լիբանանի թեմի առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոս Ուրֆալեանի: Ատանացի տէր եւ տիկին Պօղոս եւ Մարի Նաճարեաններու բարերարութեամբ եւ Գէորգ Էմմիեանի ճարտարապետութեամբ կառուցուեցաւ ներկայ գեղակերտ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին: Եկեղեցւոյ մուտքին արձանագրուած է.
«Կառուցաւ
Ս. Աստուածածին եկեղեցիս
Արդեամբ եւ ծախիւք
Ատանացի տէր եւ տիկին Պօղոս եւ Մարի Նաճարեանի
Ի հայրապետութեան Տ. Տ. Խորենայ Ս. կաթողիկոսի
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ
Յառաջնորդութեան Տ. Տաճատայ Ս. Արքեպիսկոպոսի
Ի թուին հայոց ՌՆԺԴ եւ Յամի Տեառն 1965»:
Եկեղեցւոյ առաջնորդական աթոռը նուիրեցին տէր եւ տիկին Ժաք Կիւվլէկճեան, իսկ զանգակը` տէր եւ տիկին Վահան Պուլղուրճեան:





