Ն. Սարաֆեանի Ծննդեան 110 Եւ Մահուան 40-ամեակ

ԴՈԿՏ. ՍԵԴԱ ՔԻԼԷՃԵԱՆ

Ֆրանսահայ քերթող Ն. Սարաֆեան ծնած է 14 ապրիլ 1902-ին, Պոլսէն Վառնա մեկնող շոգենաւու մը վրայ: Ան վերջին զաւակն է Ակն գաւառի Լիճ գիւղէն 1896-ին Պուլկարիա գաղթած եւ հոն հաստատուած Սարաֆեան ընտանիքին: Մինչեւ տասը տարեկան յաճախած է Վառնայի Ճիէրճեան եւ այլ ազգային վարժարանները:

1919-ին, Ա. Աշխարհամարտի զինադադարէն ետք, ընտանիքին հետ միասին կը վերադառնայ Պոլիս կը յաճախէ Ազգային Կեդրոնական վարժարանը` աշակերտելով Յ. Օշականի եւ Վ. Թէքէեանի: Հոն է, որ ի յայտ կու գան ապագայ բանաստեղծին գրական հակումները, որոնք կը շարժեն յատկապէս Թէքէեանի հետաքրքրութիւնը: Սարաֆեան կը դառնայ մեծ քերթողին գուրգուրանքին առարկան եւ մեծապէս կը քաջալերուի ուսուցիչին կողմէ, որ 1922-ին իր խմբագրած «Ժողովուրդի Ձայն» թերթին մէջ կը հրատարակէ պատանիին գրական առաջին փորձերը: Այս իմաստով Կեդրոնականը կը հանդիսանայ այն հոգեկան վառարանը, ուր կը թրծուին ապագայ գրողին թաքուն զգայնութիւններն ու կ՛ընդարձակուին մտային հորիզոնները:

Նոյն տարին, քեմալականներու կողմէ Պոլսոյ գրաւման պատճառով, Սարաֆեան ընտանիքը կը վերադառնայ Պուլկարիա:

1923-ի աշնան Սարաֆեան կ՛անցնի Փարիզ, ուր կ՛անցընէ իր կեանքին մնացեալ յիսուն տարիները:

Փարիզի մէջ Սարաֆեանի էութիւնը կ՛ենթարկուի տեսակ մը երկպառակութեան: Ան կը տուայտի կորսուած անցեալին եւ անորոշ ներկային միջեւ: Օրական ապրուստի հրամայականը կը պարտադրէ իրեն աշխատիլ տողաշար մեքենայի վրայ ֆրանսական տպարանի մը մէջ:

Բնաւորութեամբ եղած է ինքնամփոփ, առանձնութեան սիրահար եւ լռակեաց անձ մը, որուն գրիչը չէ դադրած ստեղծագործելէ, նոյնիսկ երբ կեանքի պայմանները եղած են ծանր ու տագնապալի: Ամուսնացած էր աղջնակի մը տէր կնոջ մը հետ:

Այսպէս ամբողջ 50 տարի, ան իր ժամանակին մեծ մասը տրամադրած է ընթերցանութեան եւ իր ամբարած մեծ իմացութիւնը յանձնած է թուղթին, տպագրուած` ե՛ւ ֆրանսական, ե՛ւ սփիւռքահայ թերթերու մէջ, ինքզինք նուիրաբերելով հայ գիրի ու դպրութեան պանծացման գործին. դադրեցաւ անոր սիրտը բաբախելէ 16 դեկտեմբեր 1972-ին` հետագայ սերունդներուն կտակելով քերթողագիրքեր, վիպական գործեր, բազմաթիւ նամակներ եւ վերլուծական ու գեղարուեստական ընտիր էջեր:

* * *

Ցարդ հրատարակուած գործերն են.

Քերթուածներ.- «Անջրպետի մը գրաւումը», «14», «Տեղատուութիւն եւ մակընթացութիւն», «Միջնաբերդ», «Միջերկրական»:

Խոհական արձակներ.-«Վենսենի անտառը», «Մշուշին մէջ», «Կախարդանք», «Հսկում», «Ողբը», «Եղիր», «Սպիտակ լեռը», «Էքս լէ պեն», «Լոյսի ցաւեր կամ Մեծն Տիգրան եւ ամլութեան սատանան», «Միջերկրականը եւ հայը»:

Վիպական արձակներ. «Հիւրը», «Ծառը», «Գլխարկի պատմութիւն մը», «Ղուկաս Այպանելի», «Բողոքագիրն ու դրան շղթան», «Մուսթաֆա», «Իշխանուհին», «Խարիսխէն հեռու», «Մանուկ Դուինեան»:

Սարաֆեան ստորագրած է նաեւ շատ մը այլ տպաւորապաշտ էջեր, էսսէներ եւ  տեսական յօդուածներ, որոնք մամուլին մէջ կը մնան ցրուած եւ կրնան լեցնել հատորներ: Ամոնցմէ մաս մը միայն լոյս տեսան առանձին ժողովածուով, 1994-ին. յիշենք իր վերլուծական գրութիւններէն. «Այրուողները», «Չունինք ընտրութեան իրաւունք», «PATHOS-ի մը շուրջ», «Յիշե՞լ, թէ խորհիլ», «Գիրքերն ու մենք», «Մեր դարը իր հոգերով ֆրանսական  գոյապաշտութեան մէջ», «Խոստովանութիւնը գրականութեան մէջ», «Ձուլում»:

                                      * * *

Սարաֆեանին ստեղծագործութիւնը բաւական բազմաշերտ է, անոր ստեղծագործութեան մասին ամբողջական պատկեր մը տալը հեռու է օրաթերթի մը  ծաւալի սահմաններէն, հետեւաբար այս առիթով պիտի ներկայացնենք միայն իր վիպական արձակը, որ առաջին անգամ ըլլալով կ՛արժանանայ գրական վերլուծութեան:

Նիկողոս Սարաֆեան Արձակագիրը

Ն. Սարաֆեան նոյնքան արուեստագէտ արձակագիր է, որքան` քերթող: Կեանքի ամէն երեւոյթ, վիճակ, ապրում եւ խօսող բնութիւն` դարձած են իր գրիչին թեմաները, զանոնք ապրած ու զգացած է եւ իր ամբողջ հոգիով վայլած ամէն ապրում, ըլլայ ան հաճոյք, ուրախութիւն, վիշտ, կարօտ թէ տառապանք, արտայայտած է իր արձակներով, որոնք թէեւ կը պահեն հաւասար խորունկութիւնը իր բանաստեղծութիւններուն, բայց աւելի պարզ  աւելի դիւրամատչելի ընթերցող  տարբեր խաւերուն համար:

Արձակներուն մէջ Սարաֆեան աւելի մօտեցած է ընթերցողին եւ` իր միտքերը աւելի հարազատօրէն դրսեւորած, տալով զանազան հարցերու գծով իր տեսակէտներն ու համոզմունքները բաժնելու առիթը: Արձակներուն մէջ Սարաֆեան ընդհանրապէս առանձին չէ, ան կը զրուցէ, կը պատմէ, կը վիճի, կարծիքներ կը փոխանցէ եւ  ստացած տպաւորութիւնները կը փոխանցէ` միաժամանակ վերլուծելով զանոնք արուեստագէտի իր տաղանդով:

Սարաֆեանի արձակը կարելի է բաժնել գլխաւոր երկու մասերու.- խոհական արձակ եւ վիպական արձակ:

Վիպական Արձակը

Երբ կը կարդանք Սարաֆեանի վէպերը կամ վիպակները, պահ մը կը մոռնանք, որ ան նոյն հեղինակն է «Անջրպետի մը գրաւումը»-ին, «Տեղատուութիւն եւ մակընթացութիւն»-ի կամ «Վենսենի Անտառը»-ին եւ միւս քերթողագիրքերուն ու խոհական արձակներուն:

Սարաֆեան վիպագիրը յաջողած է անջատել բացարձակ իմացական կեանքը իրական` առօրեայ կեանքէն եւ ստեղծած է այնպիսի կերպարներ, որոնք կ՛ապրին մեր մէջ եւ պիտի շարունակեն ապրիլ, այնքան ատեն որ սփիւռքը փոխանակ փոքրանալու` կը տարածուի ու կ՛ընդարձակուի: Կերպարներ, որոնք ունին իրենց առանձին աշխարհը, իրենց առօրեայ հոգերը, դժբախտութիւնները, անցեալի գեղեցիկ յուշերով իրենց առօրեան թեթեւցնելու կարողութիւնը, իսկ անցեալի ցաւալի յուշերու հալածանքէն, ներկային աւելի կառչելով, փախուստի միջոցը: Կերպարներ, որոնք միաժամանակ կը հետաքրքրուին իրենց ազգային հարցերով, քաղաքական իրադարձութիւններով, իրարու կը փոխանցեն ներկայ իրավիճակին գծով իրենց վերլուծական կարողութեան սահմաններէն դիտած տեսակէտներ:

Սարաֆեանի բոլոր վիպակներուն եւ վէպերուն մէջ տղամարդ հերոսն է ամբողջ վէպին առանցքը, քան` հերոսուհին: Իր հերոսներուն հոգեկան աշխարհը, ապրումները, դժգոհութիւններն ու ընդվզումները բոլորովին տարբեր են ուրիշներու վէպերու հերոսներու աշխարհէն: Սարաֆեան մարդը իր առօրեայ պարզ կեանքով, իր հոգերով, իր կիրքերով քիչ մը ամէն տեղ ներկայ է. այս իսկ պատճառով անոր վիպասանութիւնը ընթերցողին կը թուի հարազատ, ապրուած զգացումներու ներկայացում մը, որուն հետ ինք ալ կը զգացուի, կ՛ապրի հերոսին տագնապներուն ու տառապանքներուն հետ եւ իր յիշողութեան մէջ կը դրոշմուին անոր ստեղծած կերպարները:

Սարաֆեանի վէպերն ու վիպակները թիւով մեծ չեն, սակայն բաւարար են իրեն անկիւն մը ապահովելու վիպասանութեան բնագաւառէն ներս: Անոնք դեռ արժանացած չեն առանձին հրատարակութեան. կը մնան ամսագրերու էջերու վրայ, որովհետեւ Սարաֆեան բանաստեղծի մեծ յաջողութիւնը սփիւռքի տարածքին առիթ ընծայած չէ գրականասէր ընթերցող հանրութեան անդրադառնալու նաեո Սարաֆեան վիպագիրի գրիչին: Հետեւաբար Սարաֆեան բանաստեղծ-քերթողի հսկայ ծառին ներքեւ, շուքի մէջ մնաց վիպագիրը:

Իր առաջին վէպն է «Խարիսխէն հեռու», որ լոյս տեսած է «Հայրենիք» ամսագրին մէջ, 1932-ին չափով ընդարձակ 100 էջերու վրայ: Նիւթը կը ներկայացնէ յեղափոխական անցեալ ունեցած, նախապէս հայկական կամաւորական բանակի անդամ` Կիրակոսի կեանքը Ֆրանսայի մէջ ընդհանրապէս, եւ մասնաւորապէս ամուսնական կեանքը, նախկին հերոսին ի զուր զիջումները, մինչեւ իսկ կնոջ անբարոյ ընթացքը ընդունիլը` ի խնդիր իր կազմած բոյնի պահպանման:

Շուրջ 75 էջերու վրայ «Նայիրի» ամսագիրին մէջ 1948-ին լոյս տեսած երկրորդ վէպն է «Մանուկ Դուինեան»-ը. վէպը խորագրուած է իր հերոսին անունով: Կը ներկայացնէ գաղթական հայ երիտասարդ մը, որ քաղաքէ քաղաք գործին ու դրամին ետեւէն վազելէ ետք, յոգնած` մինակ ու թափառական կեանքէն, ու յուսահատ` գործի անյաջողութիւններէն, կ՛որոշէ բաժնուիլ «անարդար» աշխարհէն եւ իր որոշումը կը գործադրէ` անձնասպանութիւն գործելով:

Իր առաջին վիպական փորձը անձնական անմիջական իր կեանքէն առնուած «Ղուկաս Այպանելի» վիպակն է, որ լոյս տեսած է «Զուարթնոց»-ին մէջ 1930-1931-ին: Հոն Սարաֆեան մարդը կը ներկայանայ Ղուկաս անուան տակ. ան կ՛ապրի կնոջ մը հետ, որուն ունեցած աղջնակը, տասներեք տարի հերոսէն փոքր, խնամած է Ղուկաս դեռ երիտասարդ` տասնութ տարեկան հասակէն ի վեր, եւ հետեւաբար կը գտնուէր այպանելի կացութեան մը մէջ իր ընկերոջ` Սարգիսեանի լքած կնոջ ու զաւակին հետ ապրելուն եւ անոնցմէ չկարենալ հեռանալուն պատճառով: Ան ջղային, բռնատէր կնոջ մը գերին դարձած եւ հոգեպէս ստրկացած մարդ մըն է, որ հակառակ իր բարոյական բարձր ըմբռնումներուն` պիտի ամբաստանուի նաեւ իբրեւ գող եւ անբարոյ, զոհը երթալով Կարօ անունով իր մէկ ընկերոջ յանցանքին:

Բաւական ծաւալուն եւ իր նիւթով բոլորովին տարբեր վիպակ մըն է «Իշխանուհին»` հրատարակուած Փարիզ, 1934-ին: Իրական դէպքերէ առնուած` ճակատագրի մէկ խաղը ցոյց կուտայ: Հերոսը` Արամ, ջարդէն ճողոպրած մանուկը, դարձած է ոխով ու վրէժով լեցուած երիտասարդ մը, որ կ՛ուզէ սպաննել իր ընտանիքը մեռցնող թուրք փաշան, սակայն կը սիրահարի եւ կը սիրաբանի անոր կնոջ` իշխանուհի Այիշէի հետ, որ իրականութեան մէջ թուրքի աղջիկ մը չէր, այլ` իր հարազատ քոյրը, զոր թուրք փաշան փոքր հասակէն առեւանգած ու տասը տարեկանին իր կիներէն մէկը ըրած էր զայն, սպաննելէ ետք անոր ընտանիքը:

Ընթերցողին յիշողութեան մէջ մնացող վիպակ մըն է նաեւ «Մուսթաֆա»-ն, լոյս տեսած` 1947-ին, «Հայրենիք» ամսագրին մէջ: Հերոսը` Մուշեղ, Կիլիկիայէն Կովկաս հայկական բոլոր ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն մասնակցած ֆետայի հերոսը, ֆրանսուհի Աննեթին սիրոյ մուրացիկը պիտի ըլլայ, մինչեւ որ օր մը կնոջ արհամարհանքը շան` Մուսթաֆայի պատճառով, կրկին արթնցնէ իր մէջ ընդվզող հոգին եւ փրկէ իր հայու արժանապատուութիւնը` լքելով ամէն ինչ, առանց նայելու իր ետին:

Վիպակ մըն է դարձեալ «Բողոքագիրն ու դրան շղթան» գործը, որ լոյս տեսած է դարձեալ «Հայրենիք» ամսագրին մէջ, 1946-ին: Իր ներկայացուցած դէպքով տարօրինակ նիւթ մըն է: Տէր եւ տիկին Սինամեանները ուշ ժամու, ձիւնոտ օր մը, կ՛ունենան մտաւորական հիւր մը` պր. Ծովիկեանը, որ իր խօսակցութեան ընթացքին յաճախ կը փառաբանէր «ասպնջական Ֆրանսան» եւ հարցի մը գծով կ՛ուզէր բողոքագիր ներկայացնել պետութեան. այդ միջոցին ոստիկան ծպտուած գողեր կը թակեն տան դուռը եւ զիրենք մութ տեղ մը յառաջնորդելով` կը կողոպտեն ու կը մերկացնեն, բողոքագիրի նոր նիւթ մը յառաջացնելով պր. Ծովիկեանի մտածումին մէջ:

Վիպակ մըն է նաեւ «Հիւրը», որ լոյս տեսած է «Հայրենիք» ամսագրին մէջ, 1930-ին: Նիւթը կը բովանդակէ անօթութեան ու հիւանդանոցի ծախքը հոգալու պատճառով ոչ կանխամտածուած գողութիւն մը` Մայրունիի կողմէ, որ պատճառ պիտի ըլլայ անմեղ Մարտիրոս աղայի անձնասպանութեան եւ Մայրունիի խելագարութեան` խղճի խայթին իբրեւ հետեւանք:

Սարաֆեանի պատմուածքները կ՛ընդգրկեն բոլորովին տարբեր թեմաներ: Անոնց մէջէն իւրայատուկ են` «Ծառը», լոյս տեսած` «Նայիրի» ամսագրի մէջ 1948-ին: Անիկա կը ներկայացնէ Եղեռնէն տարիներ ետք հայ կնոջ ու իր երիտասարդ զաւակին այցելութիւնը բռնագրաւուած հայրենի տուն ու հող, ուրկէ արմատախիլ չէին եղած հայուն տնկած ծառերը, եւ կը սպասէին տիրոջ վերադարձին: Եւ` «Գլխարկի մը պատմութիւնը», որ լոյս տեսած «Ակօս» ամսագրին մէջ, 1955-ին: Անիկա կը ներկայացնէ` ֆրանսական լրագիրներու տպարանէն ներս իբրեւ յարգանք գլխարկը գլխէն հանելու սովորութեան դէմ կանգնող ծերունի ըմբոստ այցելու մը, որ առանց հանելու գլխարկը` պահած էր «գրաշարի իրաւունքը»:

Հայ ՏղամարդըԵւ
Մետալին
Միւս Երեսը

Սարաֆեան վիպագիրը ստեղծած է ինքնուրոյն վիպական աշխարհ մը, ուր բոլոր հերոսները կարծէք կը պատկանին նոյն ընտանիքին: Շատ յստակ է, որ Սարաֆեան մեծ ներկայութիւն մըն է իր վէպերուն եւ վիպակներուն մէջ, իւրաքանչիւր կերպարի մէջ անպայման բան մը կայ իրմէ: Ան յաջողած է անուղղակիօրէն միջամտել դէպքերու ընթացքին եւ ընթերցողին փոխանցել իր կարծիքը, այդպիսով իսկ զգացնելով մօտիկութիւն մը իր ու ընթերցողին միջեւ, ինքզինք անբաժան մէկ մասը դարձնելով ներկայացուած նիւթի բովանդակութեան: Վէպերուն ընթերցումով մենք աւելի կը ծանօթանանք Սարաֆեան մարդուն ու անոր ապրած առօրեայ տագնապներուն, անոնց ընդմէջէն աւելի յստակօրէն տեսնել Սարաֆեան տղամարդը, իր իմացականէն անդին: Հոս ան կը ներկայանայ մեզի բոլորովին տարբեր մէկը, երբեք ոչ այն, ինչ որ կը թուի մեզի իր քերթողագիրքերուն թողած տպաւորութենէն: Ահա թէ ինչպիսին է ան` իր նկարագրած հայ տղամարդու ընդմէջէն:

Վիպակներուն եւ վէպերուն հերոսներէն` Ղուկասը («Ղուկաս Այպանելին»), Կիրակոսը («Խարիսխէն հեռու») եւ Մուշեղը («Մուսթաֆա») ունին մէկէ աւելի նոյնանման նկարագրային գիծեր: Անոնք կը ներկայացնեն իրենց պարտականութեան գիտակից հայ տղամարդը, որ գիտէ քարէն հաց հանել. իր կարելին կ՛ընէ հոգալու համար տան ծախքերը, եւ որ` բեռը կը տանի անտրտունջ եւ սիրով, առանց հենելու ուրիշի աշխատանքին, նոյնիսկ եթէ առաջարկէ զայն իր կողակիցը, պիտի մերժէ, բաւարար է իրեն համար, որ ան գիտակցի, թէ ինք ճիգ չի խնայեր իր կարելին ընելու աւելի լաւ պայմաններ ապահովելու համար իրենց կեանքին: Թէեւ ինք միշտ դժգոհ է իր սահմանափակ կարելիութիւններէն եւ կը ձգտի աւելիին, կը դիմէ ամէն միջոցի` բարելաւելու համար իր նիւթական վիճակը, սակայն անյաջողութիւնները կ՛ընկճեն զինք եւ կը դարձնեն անճարակ:

Վերոյիշեալ հերոսներուն կիները այդ ճիգը գնահատողը չեն եւ իւրաքանչիւր վէճի ընթացքին ապտակի մը նման կ՛իջեցնեն իրենց դժգոհութիւնը հայ ամուսինի երեսին: Ղուկասին կինը` Լուսիկ, միշտ դժգոհ է իր վիճակէն եւ ամէն առիթի կը յիշեցնէ ամուսինին, թէ` «տասն անգամ արժող կնոջ մը տիրացար: Մեղք, մեղք ինծի: Ի՜նչ ապուշ եմ եղեր, որ քեզի պէս մէկու մը ինկայ, երբ անդին հարուստներ կ՛աղաչէին: Այս չէ՞ր ինծի տուած կեանքդ: Գուրգուրանքի տեղ կտոր մը հաց, ծեծ, չարաչար աշխատանք, աղտոտ լաթերդ լուալ… մա՞րդ ես դուն ալ»¹: Նուազը չէ Կիրակոսի կինը` Զարուհին ան իր պահանջները անկատար գտնելով` կը վարկաբեկէ ամուսինը եւ կ՛ըսէ. «Դուն ո՞վ ես: Ես կարգին մարդու աղջիկ էի, դուն ո՞վ ես, ամա: Քու վրա՞դ կը նայէի, եթէ ողջ ըլլար ծնողքս. ես քեզի պէս մարդ չեմ տեսած: Ուտէ խմէ պառկի… կնիկ առնել պառկիլ գիտես… Բայց անոր մասին մազի չափ հոգ տանիլ, շոյել, մխիթարել, հագուեցնել, մարդու մէջ հանել չես գիտեր: Ես ի՞նչ ընեմ ալ քեզի պէս մարդը»²: Մուշեղին կինը նոյնպէս չի գնահատեր անոր տարած ագարակի աշխատանքը եւ աւելի լաւ կեանք մը ապահովելու ձգտումը ու շարունակ կը գանգատի անասուններէն:

Սարաֆեանին հերոսները, բոլորը, Ֆրանսա հաստատուած գաղթական հայեր են, ջարդ, աքսոր ու յեղափոխութիւն տեսած երիտասարդներ, որոնց հոգեկան աշխարհը քանդուած ու ծերացած է: Անոնք ապրած են կեանքի ամէնէն դաժան ծիծաղը` մահը, գրկած են զայն իրենց ուսերուն, երբ եղած են զինուոր հայկական բանակին, ապա իրենց արիւնով կերտած անկախութեան եւ առաջին հանրապետութեան անկումէն ետք, հալածուած են Կովկասէն եւ յուսախաբութիւնը իրենց հոգիներուն մէջ` հասած են Եւրոպա, դեռ շնչող իրենց կեանքը շարունակելու: Սարաֆեան կրցած է ճկուն ձեւով հոգեփոխել վաղեմի այդ քաջ ու ըմբոստ հոգիները, վերածել զանոնք այնքան խոնարհ ու բարի էակներ, որ յաճախ սխալ մեկնաբանուեցան  իրենց շրջապատին կողմէ, բարութիւնը միամտութիւն համարելով, օգտագործեցին շատեր այդ հերոսները. բայց հեղինակը վերջաւորութեան փրկած է զանոնք` անոնց մէջ պահուած հայ տղամարդու հպարտութեան շնորհիւ: Բան մը, որ կ՛արթննար իր երկար քունէն, ամէն անգամ որ զգար, թէ բարութիւնն ու զիջումը սխալ ըմբռնած են շուրջինները, որոնք կը հարուածեն իրենց արժանապատուութեան: Հայ տղամարդուն հպարտութիւնը Սարաֆեան գործածած է իբրեւ վերջին փամփուշտը` ինքնապաշտպանութեան եւ վարկաբեկուած արժանապատուութեան փրկութեան: Այսպէս, Ղուկաս իր վիրաւորուած թեւն ու հոգին շալկած` պիտի որոշէ լքել ամէն ինչ` կին ու խնամած զաւակ, աշխատանք ու գիրք եւ հեռանալ: Կիրակոսը նոյնպէս, որ գետին ինկած, ոտնակոխուած պատիւը հաւաքելով` ետին պիտի ձգէր ցաւոտ անցեալ մըեո երթար Սուրիա` խարիսխ մը գտնելու «այնքան յուսալքումներէ վերջ»: Իսկ Մուշեղ իր վիրաւոր գլուխը, ցաւն ու վէրքը արհամարհելով, առանց նոյնիսկ նայելու իր ետին թողած աշխատանքին, քրտինքին, ու այնքան պաշտած արարածին, պիտի հեռանար գիւղէն ու Աննեթէն` վերստին յարութիւն տալու իր արժանապատուութեան:

Իսկ թէ ի՞նչ էր սէրը հայ տղամարդու մօտ` ըստ Սարաֆեանի: Անիկա սեռ էր եւ միաժամանակ կապակցութիւն` անձի մը, որմէ բացի ուրիշը ցանկալ դժուար էր, նոյնիսկ եթէ երջանիկ սէր մը չէր անիկա: Սարաֆեանի իւրաքանչիւր հերոսը մէկ կնոջ տղամարդ է, հաւատարիմ իր սիրոյն, որովհետեւ սէրը եւ  սեռը իրենց համար եղած է օտարութեան մէջ կեանքի ընկեր մը ունենալու, տաքուկ բոյն մը ունենալու միջոցը: Այդ բոյնը միակ երաշխիքն էր իրենց գոյատեւման, անով կը գտնէին իրենց վաղեմի ընտանեկան քանդուած յարկերու ջերմութիւնը, որուն այնքա՜ն կարօտը ունէին: Հայրենիքէն դուրս արմատախիլ այդ հերոսները այդ բոյնով էր, որ արմատ պիտի նետէին օտար ժայռերու վրայ: Անիկա պիտի մղէր զիրենք կրկին սիրելու կեանքը, ձգտումներ ունենալու, ապագայի վառ երեւակայութիւններով զարդարելու իրենց անփայլ առօրեան, զգալու, որ իրենց կեանքը իմաստ ունի ուրիշին համար, իրենց աշխատանքը անհրաժեշտ է այդ բոյնը կանգուն պահելու, եւ անով զգալու իբրեւ հայ, իրենց գոյութիւնը աշխարհի տարածքին:

Հեղինակը այդ բոյնը կազմելու հիմը կը տեսնէ սէր, սեռ եւ կին երրորդութեան մէջ. ասոնցմէ մէկը եթէ խախտէր, կը քանդուէր արդէն երազով ու աշխատանքով կազմուած բոյնը: Եւ իր այս համոզման ընդմէջէն մեկնած` կը տեսնենք, թէ նկարագրային ի՛նչ գիծեր զետեղած է ան իր հերոսներուն մէջ այս գծով: Անոր հերոսները, յատկապէս նոյն երեքը, ամէն զիջում կը կատարէին, ամէն վէճի կը փորձէին արագ վերջ տալ, որպէսզի կինը չզլանար իր սէրը եւ կնոջ ծոցը մտնելով` արժանանար անոր գուրգուրանքին ու կարեկցութեան, համբոյրին ու կիրքին: Հակառակ պարագային, մեծ պիտի ըլլար անոնց տառապանքը, կնոջ մօտիկ ըլլալ, բայց զրկուած անոր սէրէն` չարչարանք կը նշանակէր, միաժամանակ վարկաբեկում` տղամարդկութեան իրենց զգացումին, իբրեւ ոչ ցանկալի եւ մերժուած անձ:

Հետեւեալ ձեւով պիտի նկարագրէ Սարաֆեան Մուշեղին վիճակը, երբ Աննեթ կը մերժէր իրեն մօտենալ. «Գիշերին մեծ մասը անցուցած էր անքուն… ու ամէն գիշեր տառապանք մըն էր զգալ պատին ետեւէն սիրուած կնոջ մը գոյութիւնը, որուն անկարելի էր մօտենալ: Ու մարդը կը դնէր ինքզինք ամէն գիշեր գառնուկի մը տեղ, զոր արծիւ մը կը բարձրացնէ ու կը ձգէ երկնքէն վար: Ու սիրոյ մը քաղցր յիշատակը կը դառնար արնոտ ու շարաւոտ վէրք մը: Աննեթի ճերմակ ու թարմ իրանը կը յայտնուէր սակայն իր աչքերուն առջեւ ու Մուշեղ կ՛ընդունէր զայն իր երազին մէջ ու երազին ուժովը կը մտնէր անոր մարմնոյն խորը, մինչեւ ծայրագոյն մասերը, ուր ան ապրած էր աշխարհէն հեռու, յաւերժութեան մը մօտ»³:

Այս տառապանքի զգացումներուն գլխաւոր պատճառներէն մէկն ալ հերոսներուն հաւատարմութիւնն է, ինչպէս վերը նշեցինք, անոնք մէկ կնոջ տղամարդ էին. օրինակ, Ղուկաս դժգոհ էր Լուսիկէն, բայց փակած էր անոր միսերուն. «Կին մը պէտք էր, ուրիշ աղուոր կին մը, որ գար ու տիրանար իրեն,`կտրելով իր ու Լուսիկի միջեւ եղած կախարդական կապը»4, բայց որովհետեւ այդ չեղաւ, Ղուկաս հետզհետէ վարժուեցաւ Լուսիկին, ընդունեց իր բախտը եւ փորձեց սեռի այդ կախարդական ուժով կանգուն պահել իր բոյնը: Իսկ Կիրակոսին պարագան բոլորովին տարբեր սէր մըն էր, ոչ միայն ստրկացնող, այլեւ` վարկաբեկող, այնքան, որ «մարդուն հոգիին մէջ կովի մը պէս երկարած» Զարուհին` կինը, «երբ ձգեց իրիկուն մը տունն ու պզտիկ մանչուկը եւ գնաց սիրահարին պանդոկը, Կիրակոս լալով դռնէ դուռ ինկաւ եւ խնդրեց միջնորդութիւն մը»5: Ան ընդունեց մինչեւ իսկ կնոջ պայմանը` նոյն յարկին տակ ընդունիլ իր սիրածը` Աւետիսը: Թէեւ Կիրակոս ինքզինքէն կ՛ամչնար` չկրնալով բաժնուիլ կնոջմէն եւ ստեղծել իրեն համար նոր կեանք մը, բայց ամէն զիջողութիւն կատարեց իր պատիւին հաշուոյն չքանդելու համար իր բոյնը, վախենալով, որ չկարենար «ուրիշ կին գտնել, եթէ ձգէր Զարուհին»:

 

(Շար. 1)

1.-  «Ղուկաս Այպանելին», Ն. Սարաֆեան, «Զուարթնոց», Փարիզ, 1930-31, էջ 260:
2.- «Խարիսխէն հեռու», Ն. Սարաֆեան, «Հայրենիք», Պոսթըն, 1932, թիւ 10, էջ 67:
3.- «Մուսթաֆա», Ն. Սարաֆեան, «Հայրենիք», Պոսթըն, 1947, թիւ 3, էջ 3:
4.-  «Ղուկաս Այպանելին», էջ 260:
5.-  «Խարիսխէն հեռու», էջ 13:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )