2013` Օձի Տարի
Պատրաստեց` ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Դարերէ ի վեր չինական աղթարքը մարդոց տարիները բաժնած է 12 կենդանիներու անուններով: Այսպէս, առաջին տարուան անունը սկսած է մուկով, անոր յաջորդած են ցուլը, վագրը, ճագարը կամ նապաստակը, վիշապը, օձը, ձին, ոչխարը, կապիկը, աքլորը, շունը եւ խոզը:
Այս ձեւով, ամէն 12 տարին անգամ մը նոյն անասունը կը յիշուի չինական օրացոյցին վրայ:
Այս տարին` 2013, օձի տարի է:
Իսկ գալով հայկականին, կ՛ուզենք պարզապէս յիշեցնել, թէ հայկական տոմարի առաջին ամիսը եղած է Նաւասարդը, որ կը համապատասխանէ Յուլեան տոմարի յունուարին: Նաւասարդ բառը կազմուած է նաւա (նոր) եւ սարդ (տարի) բառերէն եւ կը նշանակէ նոր Տարի, ամանոր:
Հայոց տոմարին մէջ Նաւասարդը կ՛երկարի 11 օգոստոսէն մինչեւ 9 սեպտեմբեր: Աւանդութեան համաձայն, Նաւասարդը Հայկ նահապետի դուստրերէն մէկուն անունն էր, որով Հայկ ուզած էր կոչել տարուան առաջին ամիսը:
Նաւասարդեան տօները ուրախութեան եւ ցնծութեան խորհրդանիշ էին: Անոնք կը յատկանշուէին երգերով, պարերով, թատերական ներկայացումներով, մարզական խաղերով եւ մրցումներով:
Նաեւ կ՛ըսուի, որ Հայկ նահապետ Բէլը տապալած է այս ամսուան ընթացքին, եւ հայ ժողովուրդի պատմութիւնը այդպիսով սկսած է:
Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան պետական կրօն հռչակումէն ետք, նաւասարդեան տօները, իբրեւ հեթանոսական, դուրս դրուեցան օրացոյցէն: Տօնը ինքնին կը նշուէր նոյեմբերին, որովհետեւ այն ատեն կ՛աւարտէին երկրագործական աշխատանքները, եւ հայերը բերքահաւաք կը կատարէին:
Ճանչնանք 2013-ը, կամ` օձի տարին:
Չինական աղթարքին մէջ օձը կը գրաւէ վեցերորդ դիրքը: Չինական այս տարին կը սկսի 10 փետրուար 2013-ին, խանդավառութեամբ, ուրախութեամբ եւ յոյսով, միշտ սէր եւ խաղաղութեան մաղթանքներով, պարերով եւ եղանակներով եւ կ՛աւարտի 30 յունուար 2014-ին:
Կը նախատեսուի, որ օձի տարին իրեն հետ բերէ խաղաղութիւն, համբերութիւն եւ յաջողութիւն, որովհետեւ օձը չիներու եւ մանաւանդ վիէթնամցիներու մօտ բախտի ու խաղաղութեան նշան է: Իրենց կարծիքով օձը կը սիրէ խաղաղ տեղեր ապրիլ, ապահով եւ անվրդով:
Կարգ մը չին աստղաբաշխներու համաձայն, 2013 տարին պիտի ըլլայ փոխանցման տարի մը` նախորդ տարուան ընթացքին սկսած պատերազմին կամ պատերազմներուն եւ կամ դժբախտ պատահարներուն եւ 2014 թուականին հաւանական կայանալիք խաղաղութեան միջեւ:
Դէպքերն ու ամէն տեսակի իրադարձութիւնները իրենք զիրենք կը մատնեն արդէն եւ 2012 թուականի քաղաքականութեան հետեւած անձերուն կը յուշեն, թէ ինչպիսի՛ զարգացումներ տեղի պիտի ունենան այս նոր տարուան ընթացքին:
Իսկ ինչ կը վերաբերի օձին եւ չիներու կողմէ անով ճանչցուած այս նոր տարուան, աստղաբաշխները կ՛ընդունին, որ օձը կը մարմնաւորէ որոշ չափով հպարտութիւն, խորամանկութիւն, մեծութիւն, ճարպիկութիւն, կասկածամտութիւն եւ նաեւ` օրհնութիւն ներշնչող ու տուող:
Իրենց համար օձը կը խորհրդանշէ թէ՛ կեանք, թէ՛ հմայք եւ լաւ ու դրական նշան: Անոր համար մեծ թիւով չիներ իրենց տան մէջ օձ կամ անոր նկարները կամ ալ անոր խորհրդանշական արձանները կը պահեն:
Ուստի, հիմնուելով իրենց այս տուեալներուն վրայ, ըստ իրենց, օձի տարին ծնած անհատը կ՛ըլլայ քաղաքագէտ: Ան կրնայ յաջող բանագնաց մըն ալ ըլլալ եւ կամ ալ բանակցութիւններ վարել կեանքի ամէն մարզերէ ներս:
Բարդ խառնուածքի տէր ըլլալով հանդերձ, այս տարուան ծնունդները այն տպաւորութիւնը կը թողուն, որ իրենք իրազեկ են ամէն բանի: Գիտութեամբ զինուած, բիրտ նկարագրով եւ պրպտող միտքով անձեր կը նկատեն իրենք զիրենք, եւ որոնք կը սիրեն բարեկամութիւն հաստատել կամ ընկերակցիլ:
Իրենց համար ընկերը եւ կամ ընկերութիւնը տեւական կամ յաւիտենական իմաստ ունի:
Ասոնք կ՛ուզեն միշտ երիտասարդ մնալ: Ասկէ մեկնած` շատ հոգ կը տանին իրենց արտաքինին: Լաւ կը հագնին: Լաւ կ՛ուզեն ապրիլ: Սուղ հագուստներ կը նախընտրեն գնել: Իրենց ուտելիքով մտահոգ են: Կ՛ուզեն միշտ կուշտ ապրիլ: Երբեք նիւթականով չեն մտահոգուած: Սակայն ամէնէն վախազդուն` ասոնք կ՛ատեն ձախողութիւնը եւ ի գին ամէն զոհողութեան եւ զոհաբերութեամբ` կ՛ուզեն յաջողիլ: Ուրեմն կը հետեւցուի, թէ այս տարուան ընթացքին ծնած անձերը կրնան ըլլալ նաեւ խոկացող, արտաքնապէս յուզական անձեր: Կ՛ուզեն շուտով ամէն բանի տէր դառնալ: Անոր համար իրենց մէջ հետեւողականութեան նկարագիրը շատ շեշտուած է:
Ասոնք նաեւ կրնան ըլլալ կասկածամիտ եւ զգուշաւոր: Իրենց համար էականն ու կարեւորը վայրկեան առաջ իրենց նպատակին հասնիլն է: Տիրանալն է իրենց փափաքին: Տէրը դառնալն է իրենց երազին:
Այս տարուան ընթացքին ծնած անձերը իրենց ընտանիքով միշտ մտահոգ եղած են: Հաւատարիմ եւ օգտակար հանդիսացող անձեր ալ են, որոնց ներքին կեանքին եւ զգացումներուն թափանցելը շատ դժուար է: Անոնք սիրոյ մէջ բախտաւոր կ՛ըլլան:
Եթէ Արեւելքի ժողովուրդներուն մեծ մասը օձը իբրեւ խաղաղութեան եւ յաջողութեան նշան ընտրած է, սակայն Արեւմուտքի մէջ մարդիկ այս իրողութեան հակառակը կը մտածեն: Այս վերջիններուն համար օձը դժբախտութիւն բերող է եւ հաճելի չէ երբեք: Կը կարծեն, որ կարելի չէ օձին հետ բարեկամանալ, որովհեհետ օձը նկատի ունին իբրեւ խաբեբայ եւ խորամանկ, իբրեւ «սուտ լաց» եղող սողուն, որ իր որսին հասնելու համար հազար ու մէկ հնարքներ կ՛որոնէ:
Բայց, ի՛նչ ալ ըլլան օձի մասին գրուած կամ տրուած ածականներն ու մակդիրները, լաւ կամ վատ կողմերը, ան իր յստակ եւ որոշ տեղը ունեցած է եւ տակաւին կը շարունակէ ունենալ չինին ու ներկայիս աշխարհի շատ մը ժողովուրդներու կեանքին մէջ:
Ստորեւ չինական տարիներու բաժանումները` իրենց տարիներու դասաւորումով.
1.- Առնէտ.- 1900-1912-1924-1936-1948-1960-1972-1984-1996-2008
2.- Ցուլ.- 1901-1913-1925-1937-1949-1961-1973-1985-1997-2009
3.- Վագր.- 1902-1914-1926-1938-1950-1962-1974-1986-1998-2010
4.- Նապաստակ.- 1903- 1915-1927-1939-1951-1963-1975-1987-1999-2011
5.- Վիշապ.- 1904-1916-1928-1940-1952-1964-1976-1988-2000-2012
6.- Օձ.- 1905-1917-1929-1941-1953-1965-1977-1989-2001-2013
7.- Ձի.-1 906-1918-1930-1942-1954-1966-1978-1990-2002-2014
8.- Ոչխար.-1907-1919-1931-1943-1955-1967-1979-1990-2003-2015
9.- Կապիկ.-1908-1920-1932-1944-1956-1968-1980-1992-2004-2016
10.- Աքլոր.-1909-1921-1933-1945-1957-1969-1981-1993-2005-2017
11.- Շուն.-1910-1922-1934-1946-1958-1970-1982-1994-2006-2018
12.- Խոզ.-1911-1923-1935-1947-1959-1971-1983-1995-2007-2019
Ուրեմն օձի տարի նկատուած են` 1905, 1917, 1929, 1941, 1953, 1965, 1977, 1989, 2001 եւ 2013 տարիները:
Վերոնշեալ տարիներուն ծնած անձերը կ՛ըլլան լաւ բնաւորութեան տէր եւ արագ բարեկամութիւն հաստատողներ: Գիտակից կ՛ըլլան եւ` զարգացած: Նպատակին համար գերագոյն աստիճան զոհաբերող եւ արտաքնապէս հանդարտ իրավիճակով անձեր:
Միշտ կը գնահատուին իրենց բարեկամութեամբ եւ հաւատարմութեամբ:
Իսկ այս անձերուն նկարագրի տկար կամ ժխտական կէտ նկատուած է անոնց զգուշաւորութիւնը: Շատ յաճախ կասկածամտութեան պատճառով իրենց գործը կամ արհեստը փոխած են: Թէեւ հարցերը շուտով կրցած են լուծել, սակայն ընդհանրապէս սուտ խօսելով` ուզած են ինքնարդարանալ: Նախանձոտ են եւ կասկածամիտ: Հակառակ իրենց կողմէ տրուած բոլոր խոստումներուն` ասոնց պէտք է միշտ զգուշ մօտենալ: Գործի մէջ շատ լաւ եւ հաւատարիմ ընկերներ կամ գործակիցներ ըլլալով հանդերձ, անոնք նաեւ կրնան արագ կերպով նոր հարցեր ստեղծել:
Այս տարուան ընթացքին ծնած անձերը կրնան ըլլալ շատ լաւ գիտնականներ, ոսկերիչներ, գործատէրեր, հոգեբաններ, քաղաքագէտներ, պրպտողներ, գծագրիչներ, քաղաքական եւ հոգեւոր ղեկավարներ եւ նկարիչներ:
Օձի տարիներուն ծնած նշանաւոր դէմքեր.
Մահաթմա Կանտի, Մաօ Ցի Թունկ, Ինտիրա Կանտի, Ֆերտինանտ Մարքոս, Աբրահամ Լինքըլն, վարչապետ Թոնի Պլեր, Ժաքլին Քենետի, Մարթին Լութեր Քինկ եւ դերասանուհի Կրէյս Քելի:
«Օձ»-ին նախընտարած թիւերը` 2-14, իսկ նախասիրած գոյնը` կապոյտ:
Հետաքրքրական օրացուցային զարմանալիքը`
Ըստ Թէոդիկի (1929 Փարիզ)
1.- Յունուար եւ հոկտեմբեր ամիսները միշտ կը սկսին շաբթուան նոյն օրով:
2.- Ապրիլն ու յուլիսը միշտ կը սկսին շաբթուան նոյն օրով:
3.- Սեպտեմբերն ու դեկտեմբերը միշտ կը սկսին շաբթուան նոյն օրով:
4.- Փետրուար, մարտ եւ նոյեմբեր ամիսները միշտ կը սկսին շաբթուան նոյն օրով:
5.- Տարուան 12 ամիսներէն` մայիսը, յունիսն ու օգոստոսը միշտ կը սկսին տարբեր օրերով:
6.- Այս բոլոր օրինաչափութիւնները նահանջ տարուան յատուկ չեն:
7.- Ոչ մէկ դար կրնայ սկսիլ չորեքշաբթի, ուրբաթ կամ կիրակի օրերով:
8.- «Ր» գիրը ունեցող ամիսներուն ոտքերն ու մարմինը պէտք է տաք պահուին, իսկ «Ր» գիրը չունեցող ամիսներուն` հակառակը:

