Ամանորեան Իւրայատուկ Նախաձեռնութիւն Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանի Աշակերտութեան Կողմէ

Հ. Պ.        

Գեղեցիկ ու սրտառուչ է այն երեւոյթը, երբ հայ վարժարանի աշակերտներ` տօնական օրերու առիթով, դպրոցին մէջ կը ձեռնարկեն կարգ մը աշխատանքներու, որոնք կը միտին խինդ ու ժպիտ, յոյս ու բերկրանք ներշնչել շրջապատի մը, որ կարիքը ունի գորովի ու գուրգուրանքի:

Արդարեւ, տարեկան դարձած աւանդութեամբ մը, այս Ամանորի նախօրեակին, միջնակարգի ու երկրորդականի (6¬էն 12¬րդ) աշակերտներ, տարբեր օրերու ընթացքին կազմակերպեցին ճաշի վաճառք, որուն հասոյթը` երկու միլիոն եօթը հարիւր հազար լիբ. ոսկի (2,700,000), ամբողջութեամբ յատկացուեցաւ ծառայասիրական նպատակի:

Յայտնապէս, այս պարագային յոյժ գնահատելին, հաւաքուած գումարէն անդին հայ վաժարանին մէջ աշակերտութեան ցուցաբերած քրիստոնէավայել մօտեցումն էր` դրսեւորուած իրերօգնութեան ճամբով, նպատակ ունենալով հայատրոփ մթնոլորտի ստեղծումը, մարդկային սրբազան արժէքներու ամրագրումն ու առաւել պայծառացումը:

Եւ հոս է, որ հայ վարժարանին վերապահուած առաքելութեան ամէնէն նուիրական արտայայտութիւններէն` մարդասէրի ու հայասէրի հրայրքը, իր բնական ու առողջ պարունակով սեփականութիւնը կը դառնայ հայ աշակերտին, որ իր ստացած հայեցի դաստիարակութեան առընթեր փորձ կը կատարէ թափանցելու մարդկային կեանքի ուրախ ու տխուր, աղուոր ու դաժան ոլորտներուն մէջ, այլապէս ըմբռնելու համար անոր իմաստն ու տարողութիւնը:

Ճիշդ է, որ հայ աշակերտութեան կողմէ ընթացիկ են դարձած Ծերանոց տրուած այցելութիւնները, այդուամենայնիւ իւրաքանչիւր պատեհ առիթի ստեղծում` տեսնելու եւ ըլլալու հայ մամիկներու եւ պապիկներու առօրեային հետ, խորքին մէջ բացառիկ նշանակութիւն ունեցող պահեր եւ առիթներ են, որոնցմով պիտի կազմաւորուին նկարագրային բարեմասնութիւններ, երէց սերունդի հանդէպ յարգանքի ու երախտիքի զգացումներու առաւել բոցավառումով:

Այս առումով 7¬րդ, 8¬րդ եւ 9¬րդ դասարաններու աշակերտութիւնը, տնօրէն Մարալ Տէյիրմենճեանի, Եսթեր Քիլաղպեանի եւ կարգ մը ուսուցիչներու ընկերակցութեամբ, ուրբաթ, 21 դեկտեմբեր  2012¬ին այցելեցին Ծերանոց եւ հիւրասիրութեամբ մը (կարկանդակ եւ հիւթ) շնորհաւորեցին պատսպարեալ ծերունիները: Անոնք կատարեցին նուիրատուութիւն մը` ստանձնելով մէկ օրուան ճաշի ծախսը:

Պէտք է ընդգծել, որ նման այցելութիւններ ո՛չ միայն հաւատքի  ջերմութեամբ կը պարուրեն ծերունիներն ու պատասխանատուները, այլեւ հայ աշակերտին մօտ կ՛ամրապնդեն  ծառայասիրական գիտակցութիւնն ու հաւատամքը հանդէպ տարեցներու, այլապէս միշտ յիշելով զանոնք դպրոցական թէ առհասարակ կեանքի ճանապարհին:

Նմանօրինակ այլ նախաձեռնութեամբ մը, վարժարանի 10¬րդ, 11¬րդ եւ 12¬րդ դասարաններու աշակերտութիւնը, նոյն օրը, ընկերային ծառայող Ռիթա Լաոյի եւ կարգ մը ուսուցիչներու հետ այցելեց հայ հինգ ընտանիքներու եւ անոնց յանձնեց ուտեստեղէնի տեսականի` տօնական այս օրերու առիթով հայ աշակերտին յանձնառութիւնն ու աջակցութիւնը ցոյց տալով:

Նոյն նպատակին ծառայող քայլով մը վարժարանի 6¬րդ դասարանի խումբ մը աշակերտներ այցելութիւն մը տուին հայ երեք ընտանիքներու եւ իրենց շնորհաւորանքներուն, անխառն զգացումներուն հետ միատեղ փոխանցեցին վերեւ հաւաքուած գումարէն գնուած ուտեստեղէն, իբրեւ քրիստոնէական դաստիարակութեան կենդանի օրինակի եւ հայաբոյր արարքի արտայայտութիւն:

Բնականաբար, վարժարանին մէջ կաղանդի տօնահանդէսին առընթեր նման հայավայել նախաձեռնութիւններու տարեկան կրկնութիւնը մղիչ ուժ եւ խայծ պիտի հանդիսանայ հայ աշակերտին համար` զայն հրաւիրելով ամուր պահելու ազգային պատկանելիութեան զգացումը ու մարդկային վեհ արժանիքներու շեշտակի կարեւորութիւնը:

Բոլորին վարձքը կատար:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )