«Այն Ինչ Որ Ասատ Ըրաւ Չարիքի Մարմնացում Է» Կ՛ըսէ Նուլընտ
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նուլընտ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը նկատեց «անմարդկային» եւ «անհաւասարակշիռ» անձ մը:
Ան ըսաւ, որ «այն ինչ որ Ասատ ըրաւ չարիքի մարմնացում է»` աւելցնելով, որ ան «վայրագութենէն անդին անցաւ: Այն ինչ որ իր ժողովուրդին ըրաւ անմարդկային է»: Ըստ անոր, «Ասատ ներկայիս միջազգային բեմին վրայ ամէնէն վայրագ կողմերէն մէկն է»:
«Չեմ կարծեր, որ մէկը, որ իր ժողովուրդին դէմ ոճիրներ գործած է, կրնայ բառին մարդկային իմաստով հաւասարակշռուած նկատուիլ», ըսաւ Նուլընտ:
Ան ըսաւ, որ «մենք կը շարունակենք հաւատալ, որ սուրիական վարչակարգին վրայ պատժամիջոցներով ճնշում գործադրելու ջանքերը, ոչ զինուորական օգնութեամբ ընդդիմութեան աջակցիլը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ եւ անկէ դուրս մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելը ներկայիս կը հանդիսանայ Միացեալ Նահանգներու ճիշդ ուղղութիւնը»:
Նուլընտ աւելցուց նաեւ, որ բազմիցս խօսած են, երբ քննարկած են Եմէնի կամ Լիպիոյ, Եգիպտոսի կամ Սուրիոյ հարցերը, որ բոլոր պայմաններուն մէջ արտասահմանեան օգնութիւնը որոշող պայմանները տարբեր են:
Ան նշեց նաեւ, որ սուրիական խնդիրի լաւագոյն լուծումը պիտի ըլլայ բռնութեան դադրեցումը եւ Ասատի հեռացումը:
Քաթարի վարչապետ Համատ պըն Ժասեմ յայտնեց, որ Ասատի արտասանած ճառը որեւէ նորութիւն չբերաւ` նշելով, որ Սուրիոյ տագնապին սկսելէն երկու տարի ետք այսպիսի ճառի մը արտասանումէն «ցնցուած է»:
Շէյխ Ժասեմ նշեց, որ «Ասատ ինքն է Սուրիոյ մէջ սպանութեան ու քանդումին պատասխանատուն, որովհետեւ երկրին նախագահն է»: Ան Ասատին կոչ ուղղեց «Սուրիոյ ժողովուրդին եւ կացութեան նկատմամբ քաջարի կեցուածք մը որդեգրելու»:
Միւս կողմէ, Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ռամին Մեհմանփարասթ նշեց, որ «մենք Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի արտասանած ճառին եւ Սուրիոյ տագնապի լուծման մեր վեց կէտերէ բաղկացած ծրագիրին ուղղութեամբ ընթացող անոր ներկայացուցած նախաձեռնութեան մեր զօրակցութիւնը յայտնեցինք»:
«Սուրիական հարցը զինուորական լուծում մը չունի, այլ քաղաքական լուծումներ, եւ Ասատի ճառը յաւելեալ խորհրդակցութեան ու հասկացողութեան առանցք մը կը կազմէ», ըսաւ ան:
Մեհմանփարասթ ընդգծեց, որ «որեւէ պետութիւն իրաւունք չունի իր կամքը սուրիացի ժողովուրդին պարտադրելու, այլ` պէտք է ժողովուրդին հանդարտ մթնոլորտ ապահովել, որպէսզի որոշէ, թէ հարցերը որուն կ՛ուզէ յանձնել»:
Միւս կողմէ, արաբական դիւանագիտական աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ նոր հանդիպումներուն ընթացքին նոր մթնոլորտ մը գոյութիւն ունի, որ Սուրիոյ հարցով կրնայ ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի առաքելութեան ծառայել: Աղբիւրները կը նշեն, որ «երկու կողմերուն մեկնակէտերը տարբեր են, սակայն անոնք կը գիտակցին, որ սուրիական թղթածրարը կառավարելու համար համագործակցելու կարիքը ունին»:
Դիւանագիտական աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ»-ին նաեւ յայտնեցին, որ «երկու երկիրները յանգած են այն համոզումին, որ ո՛չ ընդդիմութիւնը կրնայ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը տապալել, ո՛չ ալ վերջինս կրնայ զինուորական գետնի վրայ ընդդիմութեան վերջ տալ, ինչ որ գործնականին մէջ կը նշանակէ ճակատումներուն անժամկէտ շարունակումը, ինչ որ իր կարգին կը նշանակէ, որ զոհերու ու քանդումի ցանկը պիտի երկարի»: Աղբիւրները կ՛աւելցնեն, որ «Ուաշինկթըն հասաւ այն եզրակացութեան, որ պէտք է շրջանին մէջ իր առաջնահերթութիւնները վերատեսութեան ենթարկէ, ինչ որ կ՛ենթադրէ ռուսական կողմին հետ անոր ոճն ու ուղեգիծը բարեփոխել»:


