Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՄԱԼ շարժումի պատասխանատուներէն երեսփոխան Հանի Քպայսի յայտնեց, որ Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի երեսփոխանները կը զօրակցին ընտրական այնպիսի օրինագիծի մը, որ միջքրիստոնէական համախոհութիւն կը վայելէ:

ԱԶԳԱՅԻՆ պայքարի ճակատ երեսփոխանական պլոքի անդամ Աքրամ Շեհայէպ յայտնեց, որ իրենց համար ընդունելի միակ օրէնքը Տոհայի մէջ վաւերացուած ընտրական օրէնքն է:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ աղբիւրներ «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ իրենք համաձայն են Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծին, նոյնիսկ եթէ այդ օրէնքին հիման վրայ երեսփոխանական ընտրութիւնները միայն մէկ անգամ պիտի կատարուին:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ իրենք ոչ մէկ հարց ունին Ուղղափառ հանդիպումի ընտրական օրինագիծին հետ, եթէ անոր շուրջ միջքրիստոնէական համախոհութիւն գոյանայ:

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ վերլուծաբան Ժոզեֆ Ապու Ֆատել յայտնեց, որ ընտրական օրէնքի քննարկման երեսփոխանական յանձնախումբը ոչ մէկ արդիւնքի պիտի յանգի եւ ի վերջոյ ընտրութիւնները պիտի կատարուին 1960-ի ընտրական օրէնքին համաձայն:

ԲԱՆԱԿԻ հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի Եարզէի մէջ ընդունեց Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն միջեւ գործակցութեան հեռանկարները:

ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Տորի Շամուն շեշտեց, որ իրենք խստիւ կը մերժեն լիբանանեան ներքին հարցերուն Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպանին միջամտութիւնները:

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ յայտնեց, որ իրենք կառչած կը մնան համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքին, ինչպէս նաեւ միջակ եւ մեծ ընտրաշրջաններու բաժանումին:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուալիտ Տաուք երէկ այցելեց Մամլոյ սենտիքայի նախագահ Մոհամետ Պաալպեքիի, որուն հետ քննարկեց մամուլի վերաբերող հարցեր:

ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ պաշտպանութեան ուժեր նախանցեալ երեկոյեան հակակշիռի տակ առած են Էլիսարի մէջ բռնկած հրդեհ մը: Անոնք գտած են երկու դիակներ, որոնք ածխացած վիճակի մէջ էին եւ ցարդ կարելի չէ եղած ծանօթանալ դիակներուն ինքնութեան:

ԼՈՅՍ տեսած է ամերիկեան հրատարակութիւն մը, որ կը կրէ «Իսրայէլեան Մոսատի մեծագոյն գործողութիւնները» խորագիրը: Գիրքին մէջ անդրադարձ կը կատարուի նաեւ Հըզպալլայի զինուորական թեւի նախկին պատասխանատու հաժ Իմատ Մուղնիէի սպանութեան:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի յոյս յայտնեց, որ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելը հանրապետութեան նախագահ դարձնելու առնչութեամբ լիբանանեան համախոհութիւն գոյանայ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ երեսփոխանական պլոքը երէկ նախագահութեամբ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի գումարեց նիստ մը, որուն ընթացքին յայտնեց, թէ ինք կը մերժէ որեւէ ընտրական օրէնք, որ կը հակադրուի Թաէֆի համաձայնագիրին ոգիին:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդին կողմէ  Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներու հարազատներուն թղթածրարին հետեւող ներկայացուցիչ շէյխ Ապպաս Զղէյպ յայտնեց, որ Ազեզի մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն ազատ արձակման բանալին Թուրքիոյ մօտ կը գտնուի: Ան մտահոգութիւն յայտնեց, որ այդ թղթածրարը կրնայ քաղաքականացուիլ:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ յայտնեց, որ իրենք կառավարութեան դէմ են, սակայն պոյքոթի չեն ուզեր ենթարկել հանրապետութեան նախագահութիւնն ու խորհրդարանը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Մըր կոչ ուղղեց կազմելու չէզոք կառավարութիւն մը, որուն նախագահն ու անդամները երեսփոխանական ընտրութեան թեկնածուներ չեն:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթը յայտնեց, որ առ ի զօրակցութիւն Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի, Հըզպալլա անցեալ ամսուան ընթացքին հինգ հազար զինեալ գործուղած է Սուրիա:

ԻՍԼԱՄ քարոզիչ շէյխ Օմար Պաքրի Ֆըսթոք շեշտեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ իր արտասանած ճառին ընդմէջէն փաստած է, թէ ինք գետնի վրայ սուրիացի ժողովուրդէն շատ հեռու է:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ ինք դէմ է սուրիացի գաղթականները իրենց բնակավայրերը փոխադրելու, որովհետեւ այդ հարցը մարդասիրական է:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Զաֆեր Նասեր յայտնեց, որ իրենք լրջօրէն մտահոգուած են Ազգային երկխօսութեան նիստին մասնակցութեան հրաւէրներուն նկատմամբ ցուցաբերուած մերժումին առնչութեամբ: Ան աւելցուց, որ նման մերժումներն ու գժտութիւնը կ՛առաջնորդեն դէպի անիշխանութիւն:

ՂՈՎՄԻ կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ժըպրան Արայժի յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի արտասանած ճառը իսկական առիթ մըն է ընդդիմութեան` հանդիպելու սուրիական վարչակարգին հետ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Եասին Ժապեր կոչ ուղղեց ազգային միասնականութիւնը ամրապնդելու եւ Ազգային երկխօսութեան նիստին մասնակցելու` պահպանելու համար Լիբանանը:

ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ յայտնեց, որ Ազգային երկխօսութեան նիստը չկայացնելու միակ պատճառը ներկայ կառավարութիւնը իշխանութեան վրայ պահելն է:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն յայտնեց, որ ընտրական օրէնքը քննարկելու խորհրդարանական սեղմ յանձնախումբին նիստերը պիտի ըլլան իտէալ ճամբան, որ կ՛առաջնորդէ դէպի խորհրդարան:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա յայտնեց, որ տակաւին ընտրական այլ օրինագիծեր առկայ են` աւելցնելով, որ իրենք տակաւին չեն կրնար իրենց դաշնակից քաղաքական ուժերուն վստահեցնել, թէ Ուղղափառ հանդիպումի ընտրական օրինագիծին համաձայն են:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Համատէ յայտնեց, որ 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ յաջորդ ընտրութիւնները կատարելու յոյսը տակաւին առկայ է, եթէ կարգ մը ընտրաշրջաններ փոփոխութեան ենթարկուին:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները յետաձգելու մասին յայտարարութիւնները շատ վտանգաւոր են` աւելցնելով, որ ոչ ոքի շահերուն կը ծառայէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն յետաձգումը:

ԸՍՏ խորհրդարանական աղբիւրներու, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլիի միջեւ տեղի ունեցած վերջին հանդիպումին ընթացքին շեշտուած է երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու անհրաժեշտութիւնը:

ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ աղբիւրներ կը հաստատեն, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի պատրաստ է երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարելու:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի շեշտեց, որ ինք խանդավառ չէ, որ ընտրական օրէնքը քննարկելու խորհրդարանի սեղմ յանձնախումբը պիտի կարենայ արդիւնաբեր աշխատանք տանիլ:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ ինք կը պատրաստուի Շուֆի մէջ սուր ընտրապայքար մղելու:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ալեն Աուն կոչ ուղղեց դրական վարուելակերպ ցուցաբերելու` ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու նպատակով:

 

 

Share this Article
CATEGORIES