Ապու Ֆաուր – Ֆլեչըր Հանդիպում
Ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրը, որուն հետ քննարկեց Սուրիայէն Լիբանան հասած գաղթականներուն վերաբերող հարցեր, յատկապէս նկատի ունենալով Լիբանանի դիմագրաւած կլիմայական աննպաստ պայմանները:
Հանդիպումէն ետք Ֆլեչըր յայտնեց, որ Բրիտանիա յաւելեալ օժանդակութիւններ պիտի տրամադրէ Լիբանանի իշխանութիւններուն, որովհետեւ սուրիացի գաղթականներուն կարիքները հոգալու պարտականութիւնը նաեւ միջազգային ընտանիքին պարտականութիւնն է:
CATEGORIES Լիբանանեան